Տինք ընտանիքի փաստաբանները ոճիրի մասին Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի վճիռը արձակելէն ետք ծաւալուն աղերսագրով մը իրենց առարկութիւնը ներկայացուցած էին։ Իրաւապաշտպաններ Հաքան Պաքըրճըօղլու, Պահրի Պելեն եւ Հիւլյա Տեւեճի 19 էջանանոց առարկութեան մէջ հակազդած էին կարգ մը ամբաստանեալներու անպարտ հռչակումին եւ առհասարակ դատական գործընթացի սխալ կայանալուն։ Այդ առարկութիւնը քննարկող Իսթանպուլի Շրջանային Դատարանը 5 Մայիսին կայացած որոշումով մերժեց փաստաբաններու առարկութիւնը։ Ապա Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպանները շատ աւելի բովանդակալից թղթածրարով մը մի առ մի նշեցին դատավարութեան թերացումները։
Փաստաբանները դիտել տուին թէ ամբողջովին անտեսուած է դէպի ոճիր երկարող գործընթացի հիմնական փուլերը։ Ի դէմ իրենց ներկայացուցած պահանջներուն, Հրանդ Տինքը թիրախի վերածող գործընթացի գլխաւոր դերակատարներ Վելի Քիւչիւք, Քեմալ Քերինչսիզ եւ Օքթայ Եըլտըրըմ դիտումնաւոր կերպով զերծ պահուած են դատական գործընթացէ։
Այժմ խնդիրը փոխանցուած է Վճռաբեկ Ատեան, որու պատասխանը ճակատագրական կրնայ ըլլալ դատական ընթացքի յառաջիկայ զարգացումներուն համար։