10Յունիս ուրբաթ երեկոյ ժամը 19.30-ին, գիրքի շնորհանդէս պիտի կայանայ Էլիֆ Աթալայի հեղինակած «Առանց ֆէսը քցելու, Բագրատ Էսդուգեանի պատումը» անուն գիրքին համար։ Օսմանպէյ «Նոսթալժի» գրատան մէջ կայանալիք շնորհանդէսին հեղինակի կողքին պիտի մասնակցի նաեւ, այդ պատումներու ենթակայ Բագրատ Էսդուգեան։
Մենագրութեան մը բնոյթը ունեցող հատորը Էսդուգեանի կեանքը կը ցոլացնէ սերունդներու հոլովոյթով։ Ընթերցողը գիրքի էջերուն մէջ կը հանդիպի Էսդուգեանի նախնիներուն Արեւմտեան Հայաստանէն դէպի Պոլիս երկարող ոդիսականին։ Գիրքը նաեւ վկայութիւններ կը բերէ Պոլսոյ երբեմնի հայաշատ թաղերէն, ուր անցած է Էսդուգեանի մանկութիւնը եւ պատանութիւնը։
Սերնդակիցներ իրենց կեանքէն ալ զուգահեռներ կը գտնեն, այս պատումներու մէջ, իսկ կրտսեր սերունդի համար գիրքը կը խոստանայ նորանոր յայտնաբերումներ։