31Մայիս 2022 Երեքշաբթի օր Գալֆաեան Վարժարանի կողմէ Վարսեն Օրունճագճըէլի անուան յիշատակին Գալֆաեան վարժարանի կողմէ՝ Պուրհան Ֆէլէք Մարզադաշտին մէջ կազմակերպուեցաւ ԺԵ. Մարմնամարզական Խրախճանքը։ Այս կազմակերպութեան մասնակցեցան մեր 10 ազգային վարժարաններէն 300 աշակերտներ։ Գալֆաեան Վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ Հագան Կիւնարդան ստանձնած էր բոլոր կարգադրութիւնները, որուն աջակից հանդիսացաւ նաեւ Գալֆաեանի տնօրէնուհի Օր. Թամար Նէրկիս։
Խրախճանքի ընթացքին բոլոր մասնակից վարժարանները ստացան փլաքէթներ ու աշակերտներն ալ օրուայ յիշատակին առթիւ մետայլներ։
Այս աւանդական զուարթ ու հաճելի մթնոլորտին առիթ ստեղծուեցաւ՝ ազգային բարերարուհի Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի կողմէ, զոր դուստրն է ողբացեալ Վարսեն Օրունճագճըէլի։
Ինչպէս միշտ այս տարի ալ իր կողմէ ստանձնուեցաւ օրուայ բոլոր ծախսերը։
Գալֆաեանի կողմէ տարիներէ ի վեր կատարուած այս մրցումին նպատակն է տղոց մէջ մարմնամարզի սէրը արթնցնել ու զանոնք այս ուղղութեամբ քաջալերել։