Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկի դարմանման կեդրոնը հրապարակեց 2021-ի տեղեկագիրը։ Տեղեկագիրը կը վկայէ թէ նախորդ տարուայ ընթացքին տանջանքի ենթարկուելով դիմողներու թիւը գերազանցած է նախորդ 30 տարիներու տուեալները։ Այսպէս 2021-ի ընթացքին 984 դիմողներ արձանագրուած են։ Անոնցմէ 616-ը նշեալ տարուայ ընթացքին տանջանքի մատնուած են։ Տանջանքի մատնուածներու կրտսերագոյնը 5 տարեկան է եւ երիցագոյնը 76։
Դիմումներու մեծամասնութիւնը կատարուած է կազմակերպութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին։ Իսթանպուլի 307 դիմումներուն կը յաջորդեն Վանի 263, Տիյարպեքիրի 166, Իզմիրի 134, Անգարայի 66 եւ Ճիզրէյի 48 դիմումները։
Պողազիչի Համալսարանի ուսանողներու նշանակուած տեսուչի դէմ բողոքներու ընթացքին բերման ենթարկուածները եւ «ԼԿՊԹ» ներու դէմ ատելութեան արշաւները ամբողջ տարուայ ընթացքին շարունակուեցան։
Իսթանպուլի Պայմանագրի չեղարկումէն ետք բողոքող կիներն ալ տանջանքներէն ազդուած խմբակներու մէջ են։
Տեղեկագիրը նաեւ համեմատական տուեալներ կը փոխանցէ դիմումներու սեռային բաժանմունքին մասին։ Այսպէս տանջանքի ենթարկուածներէն 35,2 կիներ են եւ 60,5 ալ այրեր։ անոնց մէջ 4,2 տոկոսն ալ կը պատականի երրորդ սեռին, այսինքն միասեռականներուն։
Դիմողներէն 89,9 տոկոսը յայտնած են թէ տանջանքի ենթարկուած են քաղաքական հակումներու կամ ինքնութիւններու հետեւանքով։