ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ առանցքը շեղուի…

Համաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան ի հի­մանէ կքած շրջա­նի մը մէջ մարդկու­թիւնը մեծ դժո­ւարու­թիւններ կ՚ապ­րի ճիշդ կողմնո­րոշո­ւելու հա­մար։ Ամ­բողջ աշ­խարհի վրայ հա­մամարդկա­յին ար­ժէքնե­րու մեծ ան­կում մըն է, որ կ՚ապ­րո­ւի։ Այդ անկման Թուրքիոյ ներ­քին Քա­ղաքա­կանու­թեան ցո­լացու­մը «Կար­միր Սուլթան» ածա­կանով ծա­նօթ Հա­միտի անո­ւան շուրջ կը դառ­նայ։ Ամ­բողջ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին Սուլթան Ապ­տուլհա­միտի կեր­պա­րը կը դի­տուէր իբ­րեւ բռնա­կալու­թեան խորհրդան­շան։ Յա­ճախ օրա­կար­գի կու գար անոր գրաքննու­թեան մի­ջոց­նե­րը իր իսկ հիմ­նած մատ­նի­չու­թեան հա­մակար­գը եւ երկրի խա­ղաղ բնակ­չութեան դէմ դա­ժան վե­րաբեր­մունքը։ Հե­տաքրքրա­կան է տես­նել թէ ԱՔՓ-ի իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին անոր ցարդ վար­կա­բեկո­ւած յատ­կութիւննե­րը սկսած են փա­ռաբա­նուիլ եւ ան պատ­մութեան որոշ աղա­ւաղումնե­րով միասին վե­րացո­ւած է ազ­գա­յին հե­րոսի մը։ Ան­շուշտ որ այս տար­բե­րու­թեան մէջ կա­րելի է տես­նել նաեւ Էր­տո­ղանի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան զուգնհեռ­նե­րը իր կուռքին հետ։ Եթէ Հա­միտ կը մե­ղադ­րո­ւէր բռնա­կալու­թեամբ, ահա­ւասիկ Էր­տո­ղան ալ հետզհե­տէ կը դրսե­ւորէ բռնա­կալ իշ­խա­նի մը կեր­պա­րը։ Ան իր իշ­խանւթեան օրով եր­կու ան­գամ պաշ­տօ­նազրկած ու լու­ծած էր խորհրդա­րանը եւ երկրի իշ­խա­նու­թիւնը ամ­բողջո­վին առած իր ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Էր­տո­ղան ալ բռնած է նոյն ճա­նապար­հը եւ վերջ դրած է ժո­ղովրդա­վարու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը հա­մարո­ւած ու­ժե­րու տար­բե­րու­թեան սկզբունքին։ Այ­սօր օրէնսդրա­կան, գոր­ծադրա­կան եւ դա­տական մար­միննե­րը ամ­բողջո­վին են­թարկո­ւած են նա­խագահ Էր­տո­ղանին։ Բո­լոր նա­խարա­րու­թիւննե­րը դադ­րած են հե­ղինա­կու­թիւն մը ներ­կա­յաց­նե­լէ եւ բո­լորն ալ են­թարկո­ւած են նա­խագահ Էր­տո­ղանին։ Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ ինքնին իմաս­տա­լից կը դառ­նայ ար­դէն Էր­տո­ղանի իր նա­խոր­դին հան­դէպ ըն­ծա­յած նա­խապա­տուու­թիւնը։

Եթէ Թուրքիոյ մէջ այսպէս է, շատ տար­բեր չէ նաեւ աշ­խարհի այլ եր­կիրնե­րէ ներս տի­րող ար­ժա­նիք­նե­րու փո­փոխու­թիւննե­րը։ Յի­շենք ԱՄՆ վեր­ջին նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րէ ետք նա­խագահ Թրամ­բի պաշ­տօ­նը փո­խան­ցե­լու նիւ­թին մէջ ապ­րած տա­րօրի­նակ դժկա­մու­թիւնը։ Ամ­բողջ աշ­խարհի աչ­քե­րուն առ­ջեւ բե­մադ­րուեցան այնպի­սի երե­ւոյթներ, որոնք զար­մանք պի­տի պատ­ճա­ռէին բո­լորին։

Թուրքիա եւս կ՚ըն­թա­նայ դէ­պի ընտրու­թիւններ եւ Թուրքիայէ ներս ալ շատ լուրջ մտա­հոգու­թիւններ կ՚աճին հա­ւանա­կան իշ­խա­նափո­խու­թեան մը դէպ­քին նա­խագահ Էր­տո­ղանի իր աթո­ռը քա­ղաքա­կիրթ կեր­պով լքե­լու մա­սին։ Առա­ւել մտա­հոգիչ է այն տրա­մադ­րութիւ­նը, ըստ որու շա­տեր այս վար­կա­ծը յա­ռաջ կը տա­նին կար­ծես շատ սո­վորա­կան բան մը եղած ըլ­լայ։ Նոյ­նիսկ ոմանք պի­տի հա­մար­ձա­կին օրի­նական հա­մարել այդ դժկա­մու­թիւնը եւ եր­բեք պի­տի չ՚առար­կեն նման անըն­դունե­լի պատ­կե­րի մը դի­մաց։

Այս թո­հու­բո­հի մէջ ընդդի­մու­թիւնը ի զուր տեղ յոյ­սեր կը սնու­ցա­նէ իր զգա­յացունց յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­մար։ Ժո­ղովուրդը եր­բեք մտա­հոգ չէ բա­ցայայ­տո­ւած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րու նկատ­մամբ եւ ընդհա­կառա­կը այս բո­լորը կը դի­տէ բո­լորո­վին բնա­կան երե­ւոյթներ ըլ­լա­լով։

Յայտնի է որ յա­ռաջի­կայ տա­րին բո­լորո­վին նոր ու ան­նա­խադէպ պատ­կերներ պի­տի պար­զէ բո­լորին հա­մար։

pakrates@yahoo.com