Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Եւորպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ Պրիւքսէլի մէջ մէկտեղուեցան եւ քննարկեցին տարածքաշրջանի առկայ խնդիրները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի հաղորդակցութեան բացուելու, սահմանագիծը ճշդել եւ անվտանգութեան յանձնախումբի աշխահանքի մեկնարկելու մասին նիւթերը։
Կողմերու օրակարգին էին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման մասին նիւթեր։
Կողմերը համաձայնեցան Յուլիս կամ Օգոստոս ամիսներուն կրկին մէկտեղուիլ եւ գործընթացի յարատեւումը հաստատել։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ եռակողմ ժողովի աւարտին յայտարարութիւն մը ընելով նշեց թէ բանակցութիւնները անցած են մտերիմ եւ արդիւնքաբեր։ «Բոլոր խնդիրները քննարկեցինք։ Ականներու մաքրագործումը, ձերբակալուածներու ազատ արձակումը եւ անյայտ կորածներու հետեւանքները ստուգելու աշխատութիւնները ներառեալ քննարկեցինք մարդկային խնդիրները։ Սահմանի ճշդման մասին յանձնախումբը առաջին միատեղ քնարկումը պիտի կատարէ սահմանագծի վրայ։ Առաջնորդները հաղորդակցութեան գիծերը արգելափակող գործօնները վերացնելու համար համաձայնեցան։ Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ու նաեւ Ատրպէյճանի վրայէն Հայաստանի տարբեր մարզեր հասնելու համար ուղղակի անցքերու մասին համաձայնութիւններ գոյացան։ Փոխ վարչապետները յառաջիկայ օրերուն այս աշխատանքը ալ աւելի զարգացնելու համար հանդիպումներ պիտի ունենան։ Առաջնորդները նաեւ համաձայնեցան հակադրուած երկու պետութիւններու միջեւ միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող գործընթացքի աշխոյժացման մասին։ Այս մասին պիտի աշխատի երկու պետութիւններու արտաքին Գործոց Նախարարներու գլխաւորած դիւանագէտներ»։
Շառլ Միշէլ նաեւ նշած է թէ արցախահայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու անխրաժեշտութիւնը թելադրած է ժողովի ընթացքին։
«ԵՄ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն ի նպաստ տնտեսական զարգացումը նպատակադրող Տնտեսական Խորհրդակցական Խմբակի աշխատութիւնները պիտի զարգացնէ կողմերու հետ միասին»։ Ան նաեւ նշած է թէ ժողովուրդները յարատեւ խաղաղութեան մը տանելու համար Եւրոմիութեան աջակցութիւնը ալ աւելի պիտի աճի։ 22 Մայիսի այս հանդիպումը Պրիւքսէլեան մեր երրորդ ժողովն էր։ Նոյն բնոյթով վերջին անգամ 6 Ապրիլին մէկտեղուած էինք» ըսաւ Շառլ Միշէլ։
Յիշեցնենք թէ Պրիւքսէլեան հանդիպումներու առաջինը կայացած էր 15 Ապրիլ 2021-ին։
Այս յայտարարութիւններէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ մէկտեղուեցան Հայաստանէ Ատրպէյճան սահմանագծի վրայ՝ ուր քննարկեցին սահմանի անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Համաձայնեցան երկրորդ հանդիպումը Մոսկուայի եւ երրորդին ալ Պրիւքսէլի մէջ կայացնելու մասին։
Ինչպէս յաճախ կը պատահի 22 Մայիսի հանդիպումէն ետք ալ կողմերը իրար հակասող ելոյթներով հանդէս եկան։ Այսպէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ Զանգեզուրի միջանցքի բացուելու մասին համաձայնած են Հայաստանի հետ։ Ալիեւի այս պնդումը իսկոյն հերքուեցաւ Հայստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ՝ որ իր կարգին յայտնեց թէ Հայաստանի հողերէն ներս պիտի չգործէ միջանցքի տրամաբանութիւնը։
Արմէն Գրիգորեան «Արմենպրես»ի Ալիեւի յայտարարութիւնը յիշեցնող հարցումին պատասխանած է հետեւեալ կերպով. «Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Հայաստանի հողերուն վրայ միջանցքի տրամաբանութիւն մը պիտի չգործէ։ Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է տարածքաշրջանի հաղորդակցութեան ցանցերու բաց ըլլալուն մասին։ Եւորխորհուրդարանի նախագահի կատարած յայտարարութիւններն ալ այս բնոյթի են։ Տարածքաշրջանի հաղորդակցութեան գործերուն մագսակէտներու ստուգման, անցման վարձքերու գանձման եւ միջազգային թրանսիթ ճանապարհորդութեան կանոններով բաց ճանապարհները միջանցք չեն համարուիր»։