Երկու տարուայ համավարակի արգելքներէն ետք, երբ կը թեւակոխենք ամառուայ արձակուրդի ամիսներուն, Հայաստանի մայրաքաղաքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն կապող «Ֆլէյ Ուան» օդային ընկերութիւնն ալ կը պատրաստուի թռիչքներ կազմակերպել Երեւան-Անթալիայի միջեւ։ Ընկերութեան կատարած հաղորդումին համաձայն 14 Յունիս թուականէն սկսեալ երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարուին Երեւան-Անթալիա-Երեւան ուղղութեան վրայ։
Տոմսակնեու թիւը ճշդուած է 110 Եւրօ ըլլալով։ Հայաստանի զբօսաշրջիկներ նախորդ տարիներուն ալ կը նախընտրէին իրենց ամառնային արձակուրդը Անթալիա անցնել, քանի որ ան աւելի մատչելի էր բաղդատմամբ Հայաստանէ ներս որեւէ այլընտրանքային արձակուրդի վայրի։