ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ- Նշած էք թէ Էսդուգեանի եւ ընտանիքին ոդիսականը լսելով մատնուած էք «Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել այս խոչընդոտները» հարցումին։ Էսդուգեանի պատումները լսելով թրքահայոց մասին ինչպիսի՞ պատկերացում մը ունեցաք։
ԷԼԻՖ ԱԹԱԼԱՅ- Իւրաքանչիւր անհատի հանդիպած դէպքերու դէմ վերաբերմունքը, ընկալումը եւ դիմադրութիւնը տարբեր է։ Ամէն կեանք ինքնին պատմութիւն մըն է եւ այդ առումով ալ անհատական պատմութիւնները շատ աւելի կենսական են։ Անհատի զգացումները կեանքի շարունակելու կամքը, ընդհատումները կամ յարատեւութիւնը դասական պատմագիտութեան նիւթերը չէին եղած։ Իսկ երբ կը թափանցէք այդ բոլորին ինքնաբերաբար կ՚ազդուիք նաեւ։ Այս է բանաւոր պատմութեան կարեւորութիւնը։ Կեանքի փորձը իմաստալից է նաեւ յաջորդ սերունդներու համար։ Իւրաքանչիւր սայթաքումէ ետք վերականգնիլ՝ սա մարդ արարածի պատուաւոր եւ ուժգին յատկութիւնն է։
Ի.Է.- Կարծեմ այցելած էք այս պատումներու մէջ նշուած վայրերը։
Է.Ա.- Բացի Պոլսոյ թաղերէն այցելած եմ Ակընը։ Գիրքի մէջ նշուած 1915-ի այդ ողբերգական պատկերը կարծես վերակենդանացաւ, երբ տեսայ Ակն քաղաքի աստիճանաւոր փողոցները։ Ակն գացի ու տեսայ այդ աստիճանները։ Մուրատ գետէն դէպի ներքեւ երկարող բազմաթիւ աստիճաններ կային։ Վայրի խոտերով ծածկուած եւ ոտք չդիպած աստիճաններ։ Շատ զգացուեցայ այդ պահուն։ Պոլսոյ մէջ ալ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին, երբ այցելեցի տարբեր հոգեբանութեան մը մատնուեցայ։ Վայրեր կան իրենց ոգին կը պահեն։ Ակնի մէջ այդ զգացած էի։ Ծանրութիւն մը ու լռութիւն մը կը տիրէր։ «Այստեղ բաներ մը պատահած էր» կ՚ըսէր այդ լռութիւնը։ Սամաթիա ալ նման զգացումներ ապրեցայ։
Ի.Է.-Գիրքը կարեկցանքի զգացում մը կը գոյացնէ՞։
Է.Ա.- Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդին համայնքներու վերածուելով տարանջատման պատճառներէն մէկն ալ վայրերու անջատուածութիւնն է։ Հաղորդակցութեան պոկուիլը բոլորիս համար խնդիր մըն է։ Իմ բանաւոր պատմութեան աշխատութիւններէս քաղածս ծիսակատարութիւններու վերացումն է։ Օրինակի համար Քիւչիւքսու կամ Կէօքսույի մէջ երբ Զատկի Տօնավաճառ կը կազմուէր բոլորը միասին էին։ Ողբացեալ Հայր Տոսիտէոս իր մանկութեան յուշերը պատմելու ժամանակ այս վկայութիւնը բերած էր։ Հիմա այդ տեսանելիութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի։ Բոլոր համայնքները ինքնամփոփուած են։
Ի.Է.-Էսդուգաեանի պատումներու մէջ ո՞րն էր ամենատպաւորիչը
Է.Ա.- Նախ եւ առաջ ընտանիքի պատմութիւնը խիստ տպաւորիչ էր։ Բագրատ աղբարիկի համեստութիւնը, կեանքի պարտադրանքներուն հեզաբար համակերպիլը, լրագրողի, հայու եւ թուրքիացիի յատկանիշներով պայքարիլը եւ անզիջող կամքը տպաւորիչ էր։
Բոլորը պատմելիք հեքեաթ մը ունին։ Կարեւոր եղածը այդ պատումը ներկայացնելն է։ 19 Յունուար թուականը թէ ինձ եւ թէ Բագրատ աղբարիկի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող ընդհատման պահ մըն է։ Արդարեւ զրոյցի ընթացքին ալ, երբ նիւթը այդ տխուր օրուան հասաւ, ակամայ ընդհատեցինք մեր խօսակցութիւնը։
Ի.Է.- Այս հատորը ինքնին կը նկարագրէ՞ Էսդուգեանի կեանքը։
Է.Ա.- Անշուշտ որ։ Իմ շատ կարեւորած ոտքի մնալու, դիմադրելու կամքը Բագրատ աղբարիկը բնութագրող լաւագոյն յատկանիշն է։ Մանաւանդ ալ նիւթական առումով կիրքեր չունենալը։ Բագրատ աղբարիկի ընտանիքին սանիկներէ մէկու խօսքը գիրքին խորագիրը դարձաւ։ «Շատ վեր մի՛ նայիր ֆեսթ կ՚իյնայ գլխէդ»։
Ընթերցող Պոլսահայեր
իրենց կեանքէն ցոլացումներ
պիտի տեսնեն
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ- Եղեռնէն վերջ Պոլիս գաղթողներու համար այս մեծ քաղաքը պանդխտութեան վայր մը ըլլալով կ՚ընկալուի։ Դուք ձեզ պանդուխտ կը զգա՞ք։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ- Մենք համակերպած ենք այս քաղաքին։ Իւրացուցած ենք քաղաքի կենցաղը։ Անցեալին գիւղացի ընտանիքներ էինք, իսկ այժմ քաղքենի։ Ուրեմն ես զիս պանդուխտ չեմ զգացած այս քաղաքին մէջ, մինչեւ որ այցելեցի Շապինգարահիսարը, Թամզարան կամ Ազպտերը։ Այդ վայրերը մեր տոհմի բնօրրանն էին եւ այդ հողերուն վրայ կոխելով ես ալ տարուեցայ Յակոբ Մնձուրիի նման Պոլիսը գաւառ մը ըլլալով ընկալելու հոգաբանութեան։
Ի.Է.- Մարգար պապի կեանքը նման է Մնձուրիի հետ։
Բ.Գ.-Ճիշդ է։ Պապս Մարգար եւ Յակոբ Մնձուրի զուգահեռ կեանքներ ապրած են։ Համարեա նոյն վայրերէն նախ պանդխտութեան համար եկած են Պոլիս եւ ապա մինչեւ իրենց վերջին շունչը ապրած են այս քաղաքին մէջ։ Երկուքն ալ փռապան էն, Ա. Աշխարհամարտին երկուքն ալ զինուորագրուեցան եւ այդ շրջանին երկուքն ալ կորսնցուցին իրենց ընտանիքները։ Միակ տարբերութիւն որ կար իրենց միջեւ Մնձուրի ուսեալ էր եւ Մարգար պապս ոչ։ «Ես աւագն էի եւ հօրս օգնեցի հողագործութեամբ։ Ինձմէ փոքրերը դպրոց յաճախեցին» կը պատմէր, անէծք տալով գրաճանաչ չըլլալուն։
Ի.Է.- Բացի կեանքի պայքարէն, մասնակցած էք նաեւ Թուրքիոյ մէջ ձախ քաղաքականութեան հոսանքին։
Բ.Է.- Ճիշդ է ես աշխարհի անցուդարձները դիտեցի ձախակողմեան լուսամուտէ մը։ Առաջին անգամ 15 տարեկան էի, երբ ծանօթացայ համայնավար գաղափարախօսութեան հետ եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակեմ այդ սկզբունքով ապրիլ ու գործել։ Այս ընթացքը հակասական երեւոյթներու ալ պատճառ դարձաւ։ Օրինակի համար հաւատացեալ մը չեմ, բայց կը ծառայեմ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ։ Համայնավար եւ նուիրեալ եկեղեցասէրի մը կերպարները կ՚իւրացնեմ իմ մէջ։ Գիտեմ եկեղեցիի նշանակութիւնը հայ ազգի պատմութեան ընթացքին։
Ի.Է.- Ըստ ձեզ այս գիրքը պատմութեան վկայութիւն մը կարելի՞ է համարել։
Բ.Է.- Կարծեմ թէ Էլիֆ Աթալայի հեղինակութեամբ յաջող աշխատութիւն մը դուրս եկաւ։ Հեզասահ պատում մը գոյացաւ։ Պոլսահայեր բաւականին զուգահեռներ պիտի գտնեն իրենց ու այս գիրքի բովանդակութեան միջեւ։ Իսկ ոչ հայեր եւս պիտի տպաւորուին անկաշկանդ ոճէն։