12Մայիսին «Տեփօ»ի մէջ բացումը կատարուեցաւ պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքի անհատական ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսի անունը՝ «Իսլոմանիա» ներշնչուած է Լորենս Տուրելի 1953-ին հրատարակուած «Ռեֆլեկշըն օն է Մարին Վէնիւս» անուն գիրքի մէջ նշած հիւանդութենէ մը, որ կը բացատրէ կղզիի հարբածութիւնը։
Թրքերէն բառարաններու մէջ ցարդ տեղ չգտած «Իսլոմանիա» եզրը ներկայիս մեծ քաղաքի ժխորէն ձանձրացող, բնութեան խորտակումին դէմ դիմադրել ուզող եւ այսպէսով ալ քաղաքէն փախչելով գաւառի մէջ աւելի պարզունակ կեանք մը նախընտրող մարդկանց հոգեվիճակը կը բնութագրէ։
Մանուէլ Չըթաքի լուսանկարչութիւնը վաւերագրական բնոյթ ունէր եւ ծանօթ էր իր սեւ ու սպիտակ նախընտրութեամբ։ «Իսլոմանիա»ի մէջ տեղ գտած լուսանկարները թէ ձեւական եւ թէ պատմելաոճի առումով կը տարբերուին այդ աւանդոյթէն եւ կը ներկայացնեն նոր ոճ մը։
Ցուցահանդէսի քուրաթէօրութիւնը ստանձնած են Ռեֆիք Աքեիւզ եւ Սերտար Տարենտելիլեր։ Այս մէկը բազմավաստակ լուսանկարիչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է։ Դիտողները կը տպաւորուին բնութեան անաղարտ կերպարով եւ կղզիի ինքանփոփուածութեան զգացումով։ Այս լուսանկարներու մէջ ժամանակի հոսքը դադրած է եւ նկարուած ամէն ինչ, ներառեալ մարդիկ միաձուլուած են բնութեան հետ։
«Իսլոմանիա»ի ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2 Յուլիս։