Արգիլելու լիազօրութիւնը առաջին հերթին ուժի կամ կարողութեան ապացոյց ըլլալով կ՚ընկալուի։ «Ունիմ այս իրաւասութիւնը եւ կ՚արգիլեմ բոլոր այն բաները, որոնք ինծի հաճելի չեն թուիր»։ Այս նախադասութիւնը իրականութեան մէջ ոչ թէ հզօրութեան, այլ ճարահատութեան ապացոյցն է։
Իսկապէս ալ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած իշխանութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած է օրինականութիւնը եւ իր գոյութիւնը պահել կը ջանայ հեղինակազրկուած եւ իշխանութեան ենթակայ դարձած մամուլի մը քարոզչութիւնով, արդարութեան երաշխիք ըլլալէ դադրած դատական համակարգի մը վճիռներով եւ անզօրութեան մատնուած խորհրդարանի մը գոյութիւնով։ Ճիշդ է որ այս պայմաններուն մէջ Էրտողան կրնայ պարտադրել իր կամքը, բայց այդ պարտադրանքը ընդմիշտ կը վնասէ իր իշխանութեան։
Վերջերս կայացած որոշումներուն նայելով կարելի է մտածել թէ գործող իշխանութիւնը խուճապի մէջ կը փորձէ կառավարութեան գլխուն ըլլալէ գոյացած բոլոր առիթներէն օգտուիլ։ Այս պահուն իշխանութեան շրջանակներէ ներս ոչ ոքու հոգն է կատարուածներուն օրինականութիւնը կամ արդարութիւնը։ Ընդ հակառակը գլխաւոր նպատակ դարձած է տակաւին հոսող աղբիւրէն օգտուելով կարելիեղածին չափ շատ ջուր լեցնել սափորին։ Յայտնի է որ հոսող աղբիւրի ջուրը պիտի ցամքի նոյնիսկ առաջին ընտրութիւններով։ Այս տեսնելով կարելի է համբերութիւն թելադրել, քանի արդէն մօտեցած ենք ընտրութեան թուականին։
Բայց այստեղ եւս կը գոյանան լուրջ մտահոգութիւններ։ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան իշխանութեան շրջանին անօրինութիւններով գործադրուած թալանը հասած է այնպիսի աստիճանի մը, որմէ ետք իշխանազրկութիւնը իր հետ պիտի բերէ նաեւ պատիժներու շարան մը։ Շատեր այս իրողութիւնը տեսնելով համոզուած են որ նոյնիսկ ընտրութիւնը կորսնցնելով Էրտողանի կառավարութիւնը կը փորձէ իշխանութիւնը պահել իր ձեռքին մէջ։ Այս անընդունելին իրականացնելու միակ միջոցն է երկրէ ներս խռովութիւններ ստեղծելով ընտրութիւնները չեղարկել կամ նոյնիսկ ընտրութեան առիթ չճանչնալ։
Իւրաքանչիւր վարկած իր հետ կը մտաբերէ սարսափելի հաւանականութիւններ։ Նոյնիսկ այսօր տիրող ընթացքը կարելի է այդ սարսափի հաւանականութիւններու նախաքայլեր համարել։
Օսման Քաւալային եւ ընկերներուն դէմ դատարանի վճռած ծանր պատիժներու ցնցումը դեռ չէինք թօթափած, երբ լսեցինք Էսքիշեհիրի մէջ «Անատոլու Ֆեսթ» կոչեալ փառատօնին կուսակալի գնահատումով չեղեալ համարուիլը։ Վրայ հասաւ Հանրապետական Կուսակցութեան Իսթանպուլի Նահանգապետ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի դէմ արձակուած վճիռը՝ 4 տարի, 11 ամիս եւ 20 օր ազատազրկում։ Ապա արգիլուեցաւ Անգարա Համալսարանի Ընկերային Գիտութիւններու բաժնի հետզհետէ աւանդութեան վերածուած Կովի Տօնը։
Անիմաստ արգելքներու տարափը սանձարձակ կերպով թափ ստացած է եւ ամէն օր կը լսենք արգիլուած նոր համերգի կամ բեմադրութեան մը մասին։
Իսկապէս ալ իմաստազուրկ արգելքներ են այս բոլորը եւ անոնք պաշտպանողն ալ կը մատնուի ծիծաղի։ Թուրքիա իսկապէս զուարճալի երկրի մը վերածուած է, պայմանաւ որ դուրսէն դիտէք։
pakrates@yahoo.com