Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը հետզհետէ կը պարզէ նախաընտրական շրջանի յատուկ երեւոյթներ։ Թէեւ տնտեսական ճգնաժամը կը շարունակէ հասարակութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթ մնալ, բայց քաղաքական կուսակցութիւններ հետզհետէ թափ տուած են իշխանափոխութեան մը ակնկալութիւնով կայանալիք 2023-ի Յունիսեան ընտրութիւններու ընդառաջ աշխոյժացնել իրենց քարոզչական աշխատութիւններուն։
Թէեւ իշխանութեան շրջանակները առ այժմ շատ ալ չեն համարձակիր ժողովուրդի հետ ուղղակիօրէն շփուելու։ Անոնց այդ բացթողումը կու գայ լրացնելու ընդդիմական կուսակցութիւնները, որոնք բոլոր առիթները կ՚օգտագործեն ժողովուրդի հետ շփուելու համար։ Իսկ իշխանութիւնը կ՚օգտագործէ իրեն ենթակայ կառոյցները եւ անոնց միջոցաւ ալ ծանր ճնշում կը գործադրէ հակառակող բոլոր ուժերու հանդէպ։
Այս շաբաթուայ կարեւորագոյն դէպքն էր ընդդիմադիր Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահին եւ Իսթանպուլի պատգամաւորներուն դէպի ՍԱՏԱԹ-ի կեդրոն կատարած յանկարծակի այցելութիւնը։ Կուսակցապետ Քըլըչտարօղլու անցեալին ալ այս տեսակի այցելութիւններով թակած էր Կեդրոնական Բանքի եւ Թուրքիոյ Վիճակագրութեան Կեդրոնի դռները՝ որոնք ամուր փակուած էին իր դիմաց։ Նոյնը պատահեցաւ այս այցելութեան ընթացքին եւ զինուրական գործողութիւններ ընելու նպատակով հիմնուած հաստատութիւնը չարտօնեց Քըլըչտարօղլու եւ ընկերակիցներուն այցելութեան։
Քըլըչտարօղլու այն ինչ որ պիտի ըսէր, եթէ իր դէմ գտնէր պատասխանատու խօսակից մը, այդ բոլորը ըսաւ շէնքի առջեւ հաւաքուած լրագրողներուն։ «Եթէ բարեհաճէին մեզ ընդունիլ հարց պիտի տայի թէ օրէնքի ինչպիսի՞ թոյլտուութեամբ կը կատարեն իրենց առեւտրական գործողութիւնները։ Մինչեւ այսօր քանի՞ ահաբեկիչներ մարզած են եւ անոնք ի՞նչ պաշտօններ կատարած»։
Անշուշտ Քըլըչտարօղլուի հարցումները մնացին անպատասխան եւ այսպէսով ալ պատճառ դարձան աւելի մեծ հարցադրումներու ներկայացման։ Ինչպէս բազմաթիւ երկիրներէ ներս, Թուրքիոյ մէջ ալ ռազմական բնոյթի աշխատութիւններ կատարելու լիազօրութիւնը յանձնուած է բանակին եւ անվտանգութեան ծառայութիւններուն։ Սակայն ինչպէս ծանօթ է վերջերս վարձկան զինուորներով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարտնչիլը վերածուած է առեւտրական աշխատանքի եւ ԱՄՆ-ի ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նման երկիրներէ ներս կազմուած են թիկնապահութեան եւ զինծառայութեան պաշտօններ ստանձնած զինեալ ընկերութիւններ։
ՍԱՏԱԹ եւս նման է Ռուսական Վակների եւ ԱՄՆ-ի նոյն բնոյթի ընկերութիւններուն, որոնք հիմնուած են թոշակառու դարձած զինուրներու ձեռքով եւ պաշտօնական բանակներու կը փոխարինեն աշխարհի տարբեր երկիրներէ ներս։