Լիբանան իր բազմակրօն եւ բազազգի բնակչութիւնով երբեք չներկայացուց ազգային պետութեան մը դիմագիծը։ Որպէս պետականութիւն ձեւաւորուելուն յաջորդող տարիներուն երկրի այս բազմազգի յատկութիւնը ունեցած էր խիստ նպաստաւոր հետեւանքներ։ Երկրիէ ներս գոյացած էր բնակչութեան համեմատութիւնները նկատի առնող վարչաձեւ մը, ըստ որու պետական պաշտօնները բաժանուած էին դաւանանքներու կամ ազգութիւններու միջեւ։ Այս սկզբունքներու համաձայն նախագահը պիտի ըլլար քրիստոնեայ մը, վարչապետը սիւննի մահմետական եւ խորհրդարանի նախագահն ալ շիյա։ Սակայն միջազգային դաւադրութեամբ հրահրուած քաղաքացիական պատերազմէ ետք վերջ գտաւ գոյացած համերաշխութիւնը եւ Միջերկրականի Փարիզը վերածուեցաւ դժոխքի։ Այդ կործանման մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունոեցան զանազան գերտէրութիւններ եւ այսօր Լիբանան հասած է իր պատմութեան ամենադժուար շրջաններէն մէկը ապրելու։
Այս պայմաններու մէջ է որ 15 Մայիսին կատարուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ճշդուեցաւ 128 պատգամաւորներէ բաղկացող խորհրդարանի նոր կազմը։
Կասկած չկայ որ այս կազմը դարձեալ պիտի հարկադրուի զանազան դժուարութիւններու լուծումներ գտնելու եւ այդ ընելու ժամանակ ալ ընդմիշտ պիտի ապրի գլխաւորութեամբ Իսրայէլի եւ Իրանի նման հարեւան երկիրներու իրենց քաղաքական հաշիւներէ բխած ճնշումները։ Նշենք որ ազգութիւններու այս խառնարանին մէջ տեղւոյն հայութիւնը եւս ունի իրեն վերապահուած բաժին եւ այդ բաժինը կը դիմագրաւուի հայ պատգամաւորներու կողմէ։
Վերջին ընտրութեան պարզած աղիւսակին մէջ վեց հայ պատգամաւորներ ալ մուտք գործեցին Լիբանանի խորհրդարան։
Կիրակի առաւօտեան ժամը 7-ին, Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10ին յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41.04 առ հարիւրի։
Մեծաթիւ լիբանանահայեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը մեծամասնութեամբ տուին ՀՅԴի առաջադրած թեկնածուներուն։
Ըստ նախնական եւ ոչ պաշտօնական արդիւնքներուն՝ ՀՅԴ-ի ցանկէն խորհրդարանի անդամ ընտրուած են՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ) եւ Յակոբ Թերզեան (Պէյրութ)։
Խորհրդարանի անդամ ընտրուած են նաեւ Ժան Թալուզեան (Պէյրութ, անկախ),
Ժիհատ Բագրատունի (Պէյրութ, «Լիբանանեան ուժեր») եւ Փօլա Եագուպեան (Պէյրութ, անկախ)։