Ուսանողական նախաձեռնութիւն մըն էր «Կեդրոն»ը, որ ծագած էր Արատ Տինքի եւ Հերման Արթուչի Կեդրոնականի ուսանողական տարիներուն։
Այդ տարիներու երաժշտական աշխատութիւնը, որ շատ անգամ Արատ Տինքի յօրինումներու կատարումներն էին, տարիներ վերջ Ճանսուն Քիւչիւքթիւրքի ալ մասնակցութեամբ վերածուեցան ալպոմի մը, որ վերջերս լոյս տեսաւ «Քալան» միւզիքի պիտակով։ «Չկայ» կոչեալ ալպոմի մէջ տեղ գտած երգերու, թէ յօրինումները եւ թէ խօսքերը կը պատկանին Արատ Տինքին։
Իրականութեան մէջ «Կեդրոն»ի մաս կազմող երրորդ անուն մը եղած է Պարոյր Գույումճեան, որ ներկայիս արտերկիր տեղափոխուելով չէ կրցած մասնակցիլ այս վերջին աշխատութեան։