ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Ուրեմն Վահան Թէքէեան (1878-1945) Մարտ 1931-ին, Գահիրէի «Արեւ» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել յօդուածաշարք մը, որ կը կրէր «Թուրքեւհայ յարաբերութիւնները» խորագիրը (6, 9, 11, 13, 16, 18 Մարտ)։ Այսօր երբ Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ բնականոնացման ուղղութեամբ քայլեր կ՚առնուին երկու պետութիւններու յատուկ բանագնացներուն կողմէ, աւելի քան այժմէական կրնան ըլլալ շուրջ իննսուն տարի առաջ Վահան Թէքէեանի կատարած խորհրդածութիւնները։ Անշուշտ, այդ եւ այս ժամանակներու միջեւ կայ էական տարբերութիւն մը։ Թէքէեան իր յօդուածաշարքին առանցքը դարձուցած է թուրք եւ հայ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները մասնաւորապէս, հարեւանցի անդրադառնալով նաեւ Սովետական Հայաստանի դերին, եթէ այս վերջինս որպէս երկիր կարելիութիւն ունենար, օր մը, ուղղակի բանակցելու Թուրքիոյ հետ։
Բայց կան նաեւ յանգիտութիւններ։ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած տագնապալից շրջանը որոշ առումով համեմատութեան եզրեր կը մատուցէ մեզի հայկական յետեղեռնեան հոգեբանութեան հետ։ Ո՛չ միայն եղեռնը, այլեւ Կարսի անկումը, Սեւրի դաշնագրի ջնջումը Թուրքիոյ հանդէպ անվստահութեան մթնոլորտ մը խտացուցած էին անցեալ դարու երեսնական թուականներուն, ուր կը հրապարակուէր այս յօդուածաշարը։ Ինչպէս այսօր, նաեւ այն ժամանակ փափուկ հարց մըն էր խօսիլ թուրքեւհայ յարաբերութիւններու մասին՝ հեռու մնալով ազգային զգացումի տիրապետութենէն։ Նո՛յնիսկ երեսնականներու յուսալքութեամբ թանձրացած մթնոլորտին մէջ Թէքէեանի նման ողջմտութեան տիպար մը կրնար համարձակութեամբ հանդէս գալ հայեւթրքական յարաբերութիւններու մասին (իր խօսքերով՝ առարկայական հիմի մը վրայ), մինչդեռ այսօր ողջմիտ ձայներ -որոնք վստահ ենք որ կան- կա՛մ չեն լսուիր եւ կամ լռութեան կը դատապարտուին անմիջապէս որ խօսիլ սկսին (հոս պէտք է նշեմ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի 12 Մայիս 2022-ի թիւին վրայ երեւցած «Առանց թուրքի Հայաստան» յօդուածը, Ժ. Չ. ստորագրութեամբ). ասպարէզը գրաւած է անսովոր հայրենասիրութեան մը հռետորաբանութիւնը, ազգայնամոլական յայտարարութիւնները, այլապէս կործանիչ պատերազմի մը անիմաստ կոչերը եւ շատ անգամ անտրամաբանական լոզունգները։
Մահացու մտայնութիւն
Յօդուածաշարքի առաջին իսկ պարբերութեան մէջ հեղինակը ինքզինք կ՚անջատէ իր պատկանած Ռամկավար Ազատական կուսակցութենէն, որու Եգիպտոսի շրջանակին պաշտօնաթերթն է Գահիրէ հրատարակուող «Արեւ»ը, ու կը նշէ, թէ ինք պատասխանատու է անձնապէս։ Փափուկ է հարցը, ինչպէս կը խոստովանի ինքն եւս։ 1915-ի Մեծ Եղեռնէն անցած է հազիւ 10-15 տարի, վէրքը սպիացած անգամ չէ, կ՚արիւնի, ողբերգութիւնը կը շարունակուի տակաւին, իւրաքանչիւր ընտանիք կ՚ապրի դառն կսկիծ։ Թէքէեան ահա այս մթնոլորտին մէջ հարցումը կը ձեւակերպէ հետեւեալ կերպով. «Ո՞ւր են, կամ ի՞նչ վիճակի մէջ են ներկայիս թուրքեւհայ յարաբերութիւնները», եւ կը ջանայ գտնել պատասխաններ։ Հարցադրումը, ըստ յօդուածագրի, երբեք չի դրուիր հանրային մակարդակով եւ չի քննարկուիր անհատապէս ալ, կարծես ամէն ոք ընդունած է որ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւնները երբեք չեն փոխուիր ու պիտի չփոխուին ալ, թէեւ «ժամանակը, խաղաղութեան շրջանը, մտաւորական ու հոգեբանական ներգործութիւնները, ներքին եւ արտաքին պատահարները կրնան, աշխարհի ամէն կողմը, ամէն ազգերու յարաբերութիւններուն մէջ նոր վիճակներ ստեղծել»։
Թէքէեան կը կատարէ հաստատում մը՝ նշելով, թէ երբեք վերաքննութեան չենք ենթարկեր մեր գաղափարները թուրքեւհայ յարաբերութիւններու նման կենսական հարցի մը շուրջ, որ տարիներէ ի վեր միշտ կ՚երեւայ նոյն ձեւով՝ «գէ՛շ են յարաբերութիւնները եւ գէշ պիտի մնան»։ Այս մօտեցումը ան անքաղաքական, հակաքաղաքական, կ՚որակէ եւ կ՚ըսէ թէ ասիկա մահացու մտայնութիւն մըն է։
Առաջին իսկ յօդուածի աւարտին Թէքէեան կը յայտարարէ, թէ «արիւնի ու զէնքի քաղաքականութեան կողմնակից» չէ, եւ իր այս համոզումը կը նկատէ ազգային շահու խնդիր, ո՛չ թէ զգացման եւ ճաշակի կամ գաղափարախօսութեան։ «Մենք, որ մեր թիւին կէսը կորսնցուցինք արդէն, պէտք է ջանանք՝ ամէն բանէ առաջ՝ մեր մէկ կաթիլ արիւնն անգամ խնայելու», կը գրէ ան։ Թէքէեան սկզբունքով ալ խաղաղասէր ու մարդասէր է ու մարդկային կեանքը նուիրականութիւն կը նկատէ։
Առաջին յօդուածի աւարտին Թէքէեան կը նշէ քաղաքականութեան լաւատեսութիւն պահանջելը եւ կը յայտնէ, թէ իր ուղղութիւնը մտածելու ատեն յոյսը կը դնէ թուրք ցեղին ու իր վարիչներուն վրայ։
Գնահատումի փորձ
Երկրորդ յօդուածի սկզբնաւորութեան, ամբողջ կեանքը կուսակցական ու հանրային գործիչի փորձառութեամբ արժեւորած Թէքէեան պետական գործիչի մը յարիր գործելակերպի յատկութիւններուն մասին կը խօսի։ Արժեւորումները դիպուկ են եւ այժմէական։ Թէքէեան կը գրէ, թէ արտաքին յարաբերութիւններու վրայ խորհող պետական գործիչ մը նկատի առնելով հանդերձ ժողովրդային զգացումը, չի տարուիր անով. «… տարուիլը ժխտումն է իր կոչումին. իսկ փայփայել ու գրգռել այդ զգացումը՝ հաճելի ըլլալու համար ժողովուրդին, անոր մօտ իր դիրքը ամրապնդելու, անկէ պատիւ եւ շահ վայելելու համար, գործն է ամենագէշ ու ամենավնասակար գործիչին, որ իր պատկանած ժողովուրդին համար աղէտ մըն է» (այս եւ հետագայ բոլոր ընդգծումները՝ Թէքէեանին)։
Հրապարակագիրը սահմանումը կ՚ընէ թուրքեւհայ յարաբերութիւն եզրին։ 1931-ի դրութեամբ այդ յարաբերութիւնները ո՛չ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայութեան յարաբերութիւններն էին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ, այլ «ատենօք թրքահպատակ՝ այժմ գաղթական հայոց յարաբերութիւններն են անոնք», որոնք թէեւ նիւթապէս անգոյ, բայց գոյ են բարոյապէս։ Հոս ան կ՚ընէ ճշդում մը. հրապարակագիրը գիտակից է նման յարաբերութեան ոչ իրաւական բնոյթին եւ կ՚ըսէ, որ նման կապ մը իրաւապէս այլեւս գոյութիւն չունի Թուրքիոյ տեսակէտէ, սակայն ան կը մնայ ամբողջ հայութեան համար, «կը մնայ իրողապէս՝ իբրեւ բարոյական եւ նիւթական խնդիր մը»։
Նկատելով որ թուրքեւհայ յարաբերութիւնները անցեալի ծնունդն են՝ հեղինակը փորձ մը կ՚ընէ գնահատելու զանոնք։
Ըստ Թէքէեանի, մինչեւ 1877-ի ռուս-թրքական պատերազմը թուրքը ցեղային ատելութիւն չէ ունեցած հայու դէմ, իսկ կառավարական անարդարութիւնները մասամբ ապիկարութեան հետեւանք էր, մասամբ ալ երկրին տնտեսական եւ վարչական համակարգին եւ կրօնակից քիւրտերը շիրաշահելու քաղաքականութեան արդիւնքը։ Իսկ հայերը գրեթէ բացարձակօրէն կը համակերպէին թուրքին։ Ռուս-թրքական պատերազմէն քանի մը տասնեակ տարի առաջ հայեր թեւակոխեցին մտաւորական զարթնումի շրջան մը եւ սկսան անհանդուրժելի գտնել այն ամէնը ինչ որ հանդուրժելի եղած էր մինչ այդ։
Վահան Թէքէեան, ինչպէս հետագային պատմաբաններ ալ հաստատած են իրաւամբ, ռուսեւթուրք պատերազմը, Սան Ստեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրները ճակատագրական կը նկատէ հայութեան կեանքին վրայ։ Այս իրադարձութիւնները եղան պատճառ, որ պետութեան քաղաքականութիւնը փոխուի հայերու հանդէպ, եւ թուրքը նկատելով զայն՝ կրօնականէ զատ ցեղային ատելութիւն մը կը սկսի սնուցել, իսկ հայը անոր դէմ կը հանէ արդարութեան պահանջը՝ յոյսը դնելով Պերլինի դաշնագիրով ալ խոստացուած օտար պաշտպանութեան վրայ։ «Բայց ան երբեք չյայտնուեցաւ վճռական եղանակով մը եւ իրապէս յօդուտ մեզի. մենք շահագործուեցանք՝ գիտնալով կամ ոչ, ու քանի աւելցաւ մեր յուսախաբութիւնը ու աւելցաւ նաեւ թուրքին ատելութիւնը մեր դէմ…»։
Թէքէեան հակիրճ ու դիպուկ պիտակներ կը դնէ 1894-1908-ի շրջանին ու կ՚ըսէ, թէ 1908-էն ետք չորս տարի մեղրալուսնի շրջան մը եղաւ, հակառակ Ատանայի աղէտին. «Փաստ է, սակայն, որ հայեւթուրք յարաբերութիւնները լաւ եղան չորս տարի։ Մասնաւորապէս հայ Դաշնակցութեան եւ թուրք Իթթիհատին յարաբերութիւնները։ Ա՞յն ատեն չէինք ճանչնար թուրքը՝ թէ անկէ առաջ, թէ անկէ վերջը… Ո՞վ, որո՞նք եղան, եւ են, չճանցչողները»։
Զոհի դիրքը եւ դարմանել
յարաբերութիւնները
Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ հայութեան համար բարենորոգումներ ձեռք բերել եղած էր ազգին նպատակը, որուն հասնելու միջոցը սխալ եղած էր սակայն։ «… պատիժը համեմատական չեղաւ մեր գործած սխալին», կը հաստատէ Թէքէեան՝ նշելով, թէ մարդկօրէն աններելի ու անմոռանալի ոճիրներ իրագործուած են մեզի դէմ՝ նախ 1895-96-ին եւ երկրորդ անգամ ալ 1915-1922-ին։
Այս կէտին վրայ Թէքէեանի խորհրդածութիւնները կը փորձէ սեւեռել Հայոց Մեծ Եղեռնն ու վաղորդայնին պատահած իրադարձութիւնները, որոնք մեծ մասամբ տեղ չունին այսօր հայոց պատմագրութեան կամ առաւել եւս յիշողութեան մէջ, այլ լսելի կը դառնան միայն թրքական պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ՝ արժանանալով հայ գործիչներու ժխտումին կամ քննադատութեան։
Թէքէեան կը գրէ, թէ 1915-1922 շրջանին միշտ չէ որ զոհի դիրքին վրայ եղած է հայութիւնը եւ փորձած է խմբական ջարդերուն ու խժդժութիւններուն վրէժը լուծել։ «Թուրքերը երբեք իրաւունք պիտի չունենան ատով իրենք զիրենք արդարացնելու, քանի որ մերը իրենց ահաւոր հարուածներուն տրուած նոյնքան ահաւոր պատասխան մըն է միայն, ահաւոր՝ որակով եւ ոչ թէ քանակով»։ Այս պարագան առիթ է, որպէսզի չյիշենք միայն մեր զոհի հանգամանքը, որովհետեւ ասիկա մեզ կը պահէ սխալ մտայնութեան մը մէջ։ Թէքէեան այս մասին կը խօսի ո՛չ միայն զոհի հոգեբանութիւնը ջնջելու, այլ նաեւ վերացնելու համար վրէժի կուրցնող զգացումը, զայն մէջտեղէն վերցնելու եւ տեղը դարմանումի հարցը դնելու համար։ Եւ դարմանումը կարելի ընելու համար նախ պէտք է դարմանել յարաբերութիւնները։
Թէքէեան կը կարծէ, թէ յարաբերութիւնները մէկ օրէն միւսը չէ որ պիտի շտկուին, բայց կրնան ժամանակի ընթացքին մեղմանալ։ Սակայն իրագործելու համար ասիկա գաղութները, իրենց մամուլով եւ բեմով, պէտք է հրաժարին տեւական միեւնոյն բանը ըսելէ, միշտ հայու կսկիծը արծարծելէ։
Յօդուածագիրը տրամաբանական, բայց այսօրուան պայմաններով դժբախտաբար յանդուգն առաջարկ մը կը ներկայացնէ ըսելով, թէ գաղութահայութիւնը պէտք է դադրի, բերանացի իսկ ըլլայ, Թուրքիայէ հողային պահանջ ունենալէ։ «Երկու ժողովուրդներէն մէկը -մենք- իրաւունքի տեսակէտով զօրաւոր, միջոցներու տեսակէտով տկար ենք բոլորովին»։ Եւ թուրքերը հայերուն որեւէ զիջում պիտի չընեն այնքան ժամանակ, որքան ատեն որ զանոնք գտնեն միջոցներով ալ զօրաւորի ձեւերով, գրգռիչ ու սպառնական։
Թէքէեան կը նշէ, թէ թուրքեւհայ յարաբերութիւններուն հիմքը իրարու հետ չկռուիլն է, խուսափիլ պատերազմէ, ըլլա՛յ յարձակողական թէ ինքնապաշտպանական. «Անհատաբար՝ ո՛վ ինչ կ՚ուզէ կ՚ընէ, բայց հաւաքաբար, բայց ազգովին, չենք կռուիր ոեւէ ատեն, ոեւէ ձեւով, ոեւէ ժողովուրդի հետ՝ սովիէթական ըլլայ ան թէ քէմալական»։
Հայաստանի դերը
Եթէ ըլլար Հայաստան անկախ պետութիւնը, որ այն ժամանակ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան, ապա պետական խնդիրներ լուծելու դերը իրեն վերապահուած պիտի ըլլար։ Հայեւթուրք յարաբերութեանց պատասխանատուութիւնը Հայաստան պետութեան յանձնել կարելի պիտի ըլլար այն ժամանակ, եթէ նախկին թրքահայերը, այսինքն գաղութահայութիւնը ըլլար Հայաստանի քաղաքացի։ Եւ քանի որ քաղաքացի չէ, ուրեմն իր գործադրելիք առաջին միջոցն է ստեղծել այն խաղաղ մթնոլորտը, որ պիտի արտօնէ շտկել հայեւթուրք յարաբերութիւնները՝ արտասահմանի նախկին թուրքիացի հայերու եւ թուրքերու ուղղակի կապերը…
Վնասակար ու անարժան
Վահան Թէքէեան վերջին յօդուածով կը քննադատէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Ան կը գրէ, թէ կան դաշնակցական վարիչներ, որոնք, թերեւս նաեւ գաղութահայութեան մէջ ազգային զգացումը վառ պահելու միջոց որպէս, «կը հաւատա՛ն, թէ առանձինն կամ քիւրտերու հետ գործակցութեամբ պիտի կարենան թրքական Հայաստանը ազատ ու անկախ դարձնել եւ զայն միացնել ներկայ Հայաստանին»։ Թէքէեան պիտի նախընտրէր ոչինչ գրել այս մասին, եթէ չըլլար Թուրքիոյ դէմ մարտաշունչ ուղղութիւն մը, որ վնասակար է եւ հայու ցաւին անարժան։ Հեղինակը վնասակար կը նկատէ, որովհետեւ խօսքը միայն մեր մէջ չի մնար, այլ կը հասնի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որովհետեւ հոն տակաւին կը բնակին հայեր, որովհետեւ գաղութահայութիւնը կ՚ապրի իսլամական երկիրներու մէջ կամ կը հիւրընկալուի Թուրքիոյ հետ լաւ կապեր ունեցող երկիրներու կողմէ։
Խօսելով անարժան-ի մասին, Թէքէեան կը գրէ՝ ակնարկելով Դաշնակցութեան կռուոտ ուղղութեան. «… անզօր սպառնալիքներն ու լեզուագարութիւնները հեռու են մեզի տալէ արժանաւոր կեցուածք մը, այնպէս ինչպէս վայել է աշխարհի ամենամեծ տառապանքը կրած ժողովուրդին»։
Թէքէեան բացարձակապէս դէմ է ատելութեան խօսքին, գործածելու համար արդի եզր մը, երբ կը գրէ, որ եթէ մինչեւ իսկ Թուրքիոյ դէմ թշնամական արտայայտութիւններուն վերջ տալով որեւէ բարելաւում պիտի չըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ՝ նորէն ալ պիտի պաշտպանէր լեզուի, գրչի ու շարժումներու մէջ փոփոխութիւնը։
Յօդուածի աւարտին Թէքէեան կը շեշտէ, թէ խաբկանք մը չի կրնար ըլլալ միջոց մը՝ ազգային զգացումը վառ պահելու։ Ըստ իրեն ազգային զգացումը կարելի է վառ պահել միմիայն երկու միջոցով.
Ա) Ներկայ Հայաստանի մէջ ժողովուրդին աճումովն ու երկրին շէննալովը,
Բ) Ամենուրեք մեր խելքին ու տաղանդին, մեր կեանքին, լեզուին ու արուեստներուն հանդէպ գործօն պաշտպանութեամբ։
Արձագանգ
Թէքէեանի յօդուածաշարքը արձագանգ կը գտնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ուր գոնէ այդ թուականներուն մօտէն կը հետեւէին սփիւքահայ մամուլի հրապարակումներուն։ Այսպէս, 12 Օգոստոս 1931 թուակիր «Միլլիէթ» օրաթերթին մէջ, Ա. Հ. ստորագրութեամբ լոյս տեսնող «Հայեր» յօդուածաշարքը կ՚անդրադառնայ Թէքէեանի յօդուածին, տպելով նաեւ հեղինակին լուսանկարը։ Հարկ է նշել, թէ «Հայեր» յօդուածաշարքը օրին կը թարգմանուէր նաեւ հայերէնի ու կը տպագրուէր «Արեւ»ին մէջ։ «Միլլիէթ»ի յօդուածագիրն ալ յայտնի է որ կը հետեւէր եգիպտահայ մամուլին։ Թէքէեանի յօդուածաշարքը, ինչպէս նաեւ իր լուսանկարին թրքական թերթի մը մէջ հրատարակուիլը ռամկավար գործիչը հարուածելու առիթ մը կու տայ դաշնակցական մամուլին։ Անդրանիկ Ծառուկեան, որ երիտասարդ նորելուկ մըն էր այդ թուականին, Վ. Խաժակ ծածկանունով նոյն տարուան Նոյեմբերին Պէյրութի «Ազդակ»ին մէջ հրատարակած «Թէ ինչեր կան փոխուած…» յօդուածաշարքին մէջ (19 Նոյ. 1931) Թէքէեանին ակնարկելով կը գրէր, թէ կան միականի քերթողներ (Թէքէեան կուսակցական բախումի մը արդիւնքին մէկ աչքը կորսնցուցած էր), որոնք կը բազմին թրքական մամուլի սիւնակներուն վրայ։
Երուսաղէմ