Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Ուքրանիան արշաւելու պատժամիջոցի համազօր պատերազմի համար պատրուակած էր ՆԱԹՕ-ի դէպի իր ծոցը հասնող ծաւալման ռազմավարութիւնը։ Փութին իրաւացի էր իր առարկութեան մէջ, բայց կատարուածը կարելի չէր արդարացնել լոկ այս պատճառաբանութեամբ։ Անցնող երեք ամիսնու ընթացքին Ուքրանիա երկիրը քանդուեցաւ եւ բացի բազմահազար զոհերէ, միլիոնաւոր մարդիկ հարկադրուեցան իրենց տուները լքելով գաղթի ճամբան բռնելու։ Երկրէ դուրս ելլողներու թիւը արդէն գերազանցած է 5 միլիոնը։ Իսկ բազմամիլիոն ժողովուրդ ալ երկրի մէջ տեղափոխուած են դէպի աւելի ապահով վայրեր։ Ռուսիա նոյնպէս ունեցաւ շատ ծանր մարդկային կորուստ եւ միջազգային հանրութեան դիմաց հարկադրուեցաւ ծանր լուծ մը տանելու։
Այս բոլորէն ետք ներկայ համայնապատկերը դարձած է ալ աւելի մտահոգիչ, երբ Շուէտ ու Ֆինլանտիա որոշած են անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին։ Թէեւ այս երկու երկիրները անդամակցած չըլլալով հանդերձ, իբրեւ երբեմնի Խորհրդային Միութեան սահմանակից երկիրներ, իրենց անվտանգութիւնը կը տեսնէին արեւմտեան աշխարհի անմիջական հովանիին տակ մնալով։
Թուրքիա այս հանգրուանին անգամ մը եւս բեմ եկաւ իր անկանխատեսելի դիւանագիտութեամբ։ Նախագահ Էրտողան եւ անոր անդացուպը դարձած Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետ Պահչելի առարկեցին յատկապէս Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, պատճառաբանելով որ այս երկիրը Թուրքոյ յանցագործ համարած ահաբեկիչներու ապաստան դարձած է։ Էրտողանի իշխանութեան շրջանին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կառուցուած է սպառնալիքներու վրայ։ Կ՚արժէ խոստովանիլ թէ արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն մըն է այդ, քանի որ ակնկալուած ազդեցութիւնը կ՚ապահովէ արեւմտեան երկիրներու դիմաց։ Արդարեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ կրկնեց ծանօթ յանկերգը, ըսելով որ կը գիտակցին Թուրքիոյ մտահոգութիւններուն։
Արեւմտեան նոյն շրջանակները նման յայտարարութիւններով հանդէս եկած եւ «Թուրքիա իրաւունք ունի իր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու» ըսած էին, երբ այս վերջինս իր հզօր բանակով կ՚արշաւէր հարեւան երկրի՝ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքը։
Բնաւ տարբեր չէ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի Ֆ-16 կործանիչներու եւ վերակազմութեան սարքերու վաճառքին ճամբայ տուող յայտարարութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քրտական, յունական, կիպրական, հրէական եւ իրաւանց պաշտպան վեց այլ կազմակերպութիւններ դատապարտեցին Թուրքիոյ «ֆ.16»ներ ծախելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգին առաջարկը։
Նշեալ կազմակերպութիւնները նաեւ դիմեցին Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբերուն՝ պահանջելով անոնցմէ, որ մերժեն Սպիտակ տան առաջարկը։
Սպիտակ տունէն աղբիւր մը անցեալ շաբաթ հաստատեց, թէ Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն կը խնդրէ հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ «ֆ.16» ռազմական օդանաւեր եւ հրթիռներ ու այլ սպառազինութիւն ծախելու։ Քոնկրեսին ուղղուած դիմումին մէջ կը նշուի, թէ վաճառքը կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն, յատկապէս Ուքրանիոյ հետ Անգարայի ռազմական կապերուն պատճառով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ բռնատէր Էրտողանի վարչակազմին նման զէնքեր տրամադրելը վնասներ պիտի հասցնէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն եւ անոր պաշտպանած սկզբունքներուն՝ յիշեցնելով, որ Անգարա անվստահելի դաշնակից մը ըլլալը ցոյց տուած էր ռուսական «Ս 400» հակաօդային համակարգեր գնելով, որուն համար անիկա դուրս մնացած էր աւելի արդիական «ֆ.35» կործանիչներու ծրագիրէն։