Ընդդիմութիւնը ժողովրդավարական համակարգի անհրաժեշտ տարրն է։ Ժողովրդական վարչաձեւի մէջ իշխանութեան դիմաց ընդդիմութիւնը հաւասարակշռութիւն ապահովող գործօն մը ըլլալով կը դիտուի։ Այդ բնոյթով պետական աստիճանակարգի մէջ առաջին տեղը վերապահուած է հանրապետութեան նախագահին։ Յաջորդաբար տեղ կը գրաւեն խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահը։
Երկխօսութեան գիտակցութեան արժանացած հաւաքականութիւններու մէջ այս բոլորը կը գիտակցին իրենց պարտականութիւններուն։ Ընդդիմութիւնը գլխաւոր քննադատն է իշխանութեան որոշումներուն։ Սակայն այդ քննադատութեան ընթացքին դարձեալ կը պահէ իր գիտակցութեան սահմանները եւ կը խուսափի անհատական ցեխարձակումները։ Այդ յատկանշով ալ կ՚արդարացնէ համակարգի մէջ իր դերակատարութիւնը եւ առաքելութիւնը։
Արեւմտեան երկիրներու մէջ զարգացած այս սկզբունքը որոշ դժուարութիւններ կ՚ապրի արղեւելեան մշակոյթի ազդեցութեան տակ մնացած երկիրներէ ներս։ Այդպիսիներէն է Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, ուր ժողովուրդը կը դժուարանայ քաղաքացիի գիտակցութիւնը որդեգրելու։ Դարեր շարունակ թագաւորի դիմաց ճորտի հոգեբանութիւնով ապրողները բռնակալի մը դիմաց չեն համարձակիր իրենց քաղաքացիութենէ բխած իրաւունքները պաշտպանելու։
Նման երեւոյթ կը տիրէ Հայաստանի Հանրապետութենէ ներս, երբ հոն ալ մօտ 70 տարուայ խորհրդային փորձէն ետք կը վերակառուցուի բազմակուսակցական մրցակցութեան մը դրութիւնը։
Այս անփորձութեան հետեւանքն է, որ երկու երկիրներու մէջ ալ իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը մրցակիցներ ըլլալէ աւելի, դարձած են ոխերիմ թշնամիներ։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ իրերայաջորդ կերպով Թուրքիա մերժեց խորհրդարանական վարչակարգը եւ որդեգրեց նախագահական իւրայատուկ դրութիւն։ Իւրայատուկ՝ այն առումով թէ Թուրքիոյ նախագահը վերացուց օրէնսդրական, գործադրական եւ իրաւական համակարգերու անկախութիւնը եւ բոլոր ուժերը կեդրոնացնելով իր վրայ, հաստատեց մենատիրական վարչակարգ մը։ Իսկ Հայաստան բռնեց հակառակ ուղին եւ նախագահական դրութենէն հրաժարելով որդեգրեց խորհրդարանական իշխանութեան ճանապարհը։
Յայտնի է որ Հայաստանէ ներս ալ ընդդիմութիւնը չէ կրցած իր դերը եւ կոչումը ճիշդ գնահատել։ Սխալ ընկալումի մը հետեւանքով, նոյնիսկ վերջին ընտրութիւններէ ետք հասակին չափը տեսնելով հանդերձ կը ձգտի գործող կառավարութեան աչքը փորել։
Ժողովրդավարութիւնը երկրի ղեկավարման նիւթին շուրջ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ նաեւ հասարակ քաղաքացիներու ուսերուն։ Եկուր տես որ թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ Հայաստան ժողովուրդը պատրաստ չէ այդ պատասխանատուութիւնը արժանի կերպով ստանձնելու։ Բոլորին համար ցանկալի է բարի թագաւորի մը գոյութիւնը, որ ստանձնած ըլլայ բարիքն ու չարիքը։
Հայաստանի հասարակութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի մեծ փորձի մը հետ դէմ յանդիման է եւ երբեք իրաւունք չունի սայթաքելու։ Համաշխարհային ներկայ քաղաքականութիւնը բոլոր երկիրներէ ներս նոր մարտահրաւէրներ կը պարտադրէ։ Հայ ժողովուրդը իր բազմահազր տարիներու փորձառութեամբ պարտաւոր է այս մարտահրաւէրներու դիմաց յաղթանակով դուրս գալու։ Խնդիրի լուծումը կախեալ է ժողովուրդի գիտակցութենէն։ Պետական միտք մը ձեւաւորելով է, որ կարելի պիտի ըլլայ ներկայ անելէն դուրս գալ։
pakrates@yahoo.com