«Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ լրագրող Էլիֆ Աթալայի Բագրատ Էսդուգեանի ձօնած մենագրութիւնը։ Երկարատեւ աշխատանքի մը արդիւնք հանդիսացող այս պատումին մէջ հեղինակը օրեր շարունակ զրուցած է Էսդուգեանի հետ եւ այդ զրոյցներու ձայնագրութիւնները վերածած ամբողջական պատումի մը։ Այսպէս ընթերցողը կը ծանօթանայ Բագրատ Էսդուգեանի նախնիներէն սկսող կենսագրական պատումի մը, որ բազմաթիւ վկայութիւններ կը պարունակէ աւելի քան կէս դարուայ անցուդարձերու հոլովոյթով։ Գիրքը տողանցք մըն է նախնեաց հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանի Կամախ, Էրպաա, Ազպտեր եւ Շեպին Գարահիսարէն, ու կը հասնի մինչեւ Ռումելի Հիսար եւ Սամաթիա։ Պոլսոյ հայաշատ թաղերը։ Պատումին մէջ ինքնաբերաբար տեղ կը գտնեն Էսդուգեանի ուսանած Էսաեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան կամ Կեդրոնականի նստարաններէն յուշագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Սայաթ Նովա Երգչախումբի հիմնադրութեան օրերէն վկայութիւններ։ Ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք հատորը ինքնին վկայութիւններու փունջ մըն է 1960-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերուն հասնող ժամանակահատուածի մը ընդմէջէն։