Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցին, անոր կեանքն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէսը կը սկսի իր ուղեւորութիւնը Իսթանպուլէն Երեւան։ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը բաց կ՚ըլլայ այցելուներու համար Մայիսի 7-էն մինչեւ Յուլիսի 30-ը՝ Նորարար Փորձառական Արուեստի Կեդրոնի մէջ (ՆՓԱԿ)։
Ցուցահանդէսին կից կը կազմակերպուին յավելեալ միջոցառումներ ամռան ամիսներուն, որոնց մասին կրնաք տեղեկանալ Հրանդ Տինք հիմնարկի կայքէջի եւ սոցիալական ցանցերու միջոցաւ։
«Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» ցուցահանդէսի կազմակերպումը հնարաւոր դարձուած է Քրեստ հիմնադրամի եւ Ուլոֆ Պալմէ Միջազգային Կենդրոնի աջակցութիւնով։