7Մայիս 2022 շաբաթ յետմիջօրէին Տիգրանակերտի պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, նոյնիսկ շրջակայ փողոցներուն վրայ կը տիրէր մեծ ոգեւորութիւն։ Պոլիսէն եւ Եւորպայի զանազան քաղաքներէն ժամանողներու կողքին Ատըեամանէն, Անտիոքէն, Մուշէն եւ Տիյարպէքիրի այլ գաւառներէն ժամանած հայեր միանալով տեղացի հայերու եւ քիւրտերու կը կազմէին ծովածաւալ բազմութիւն մը։ Անոնց կողքին էին նաեւ պետական աւագանիին թիկնապահներու բազմանդամ խումբերը։ Այդ բազմութեան մէջ կատարուեցաւ դռնբացէքի արարողութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը մտաւ եկեղեցի եւ մեծ հիացումով տեսաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած պատմական տաճարը։
Յիշելով մօտ անցեալի տխուր միջադէպերը ներկայ պատկերը միայն մէկ խորհուրդ կը ներկայացնէր, որն է կամքի յաղթանակը։ 2012-ին մեծ զոհողութիւններով վերականգնած եկեղեցին հազիւ քանի մը տարի անց պետական զինեալ ուժերու գործողութիւններուն թատերաբեմը դարձած էր։ Այս շրջանին Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին ոստիկանական յատուկ ջոկատայիններու գրաւման տակ սրբապղծուեցաւ։ Ոստիկաններ ազգայնամոլ կարգախօսներ գրեցին եկեղեցւոյ որմնաքարերուն վրայ եւ մեծ հպարտութեամբ նկարուեցան զէնք ի ձեռին։ Պետութիւնը իր պաշտօնեաներուն ոտնձգութիւնը սրբագրելու համար ստանձնեց գոյացած վնասի հատուցումը եւ ահա այսօր այդ կամքի յաղթանակի օրն էր, որ կ՚ապրուէր։ Արդարեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Այս առթիւ խօսած ճառին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Մեծայարգ Նախարարին, Տիյարպաքըրի Կուսակալին, Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնին, Սուր Թաղի Գաւառապետին, պետական աւագանիին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանին, Յոյն, Ասորի եւ
Քաղդէացի հոգեւորականաց իրենց զօրակցութեան համար։
Պատրիարք Սրբազանը յատկապէս շեշտեց Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ներդրումը, եկեղեցւոյ թէ 2012-ի եւ թէ ներկայ վերանորոգութիւններուն համար տարած ջանքերը։
«Իւրաքանչիւր աղօթատեղի ունի տարբեր անհատականութիւն։ Այս եկեղեցին եւս աղօթատեղի մըն է, որ ունի անհատականութիւն, պատկանելիութիւն։ Ոչ հիմա, սակայն անցեալին քաղաքակրթութեան մը գագաթնակէտ ըլլալու չափանիշն էր աղօթատեղիներու փառքը։ Այս առումով մարդիկ իրենց արուեստի եւ հարստութեան բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէին աղօթատեղիներ հաստատելու եւ զանոնք բարեզարդելու համար…։ Տիգրանակերտցի հայեր ալ ճիշդ այս բանն է որ ըրին. Հայ ժողովուրդի եւ իր եկեղեցիին մինչեւ այդ օրերուն հասած քաղաքակրթութեան եւ այս հողերու վրայ գոյացած մշակոյթի մեծ համադրութեան մը յոււշարձանը կանգնել եւ այդ ընծայել երկնքի եւ երկրի Արարչին՝ Աստուծոյ։ Միջին Արեւելքի Հայոց մեծագոյն Եկեղեցիին կառուցումը պսակը եղաւ Տիգրանակերտի հայերուն օրհնեալ այս փափաքին»։
Սրբազան Պատրիարքը ապա հակիրճ նկարագրեց եկեղեցիի պատմական անցեալը։
«1915-էն ետք, ինչպէս Տիգրանակերտցի հայերը, նոյնպէս Անատոլուն տակնուվրայ ընող քաղաքական ուրուականի ճիշդ մէջտեղը մնաց։ Ժողովուրդը գաղթեց։ Դռները պաշտամունքի փակուեցան։ 1915-ին վնասուած եկեղեցին, Առաջին Աշխարհամարտին, Գերման սպաներու կողմէ գործածուեցաւ, որպէս սպայակոյտի կեդրոն։ Ապա գործածուեցաւ որպէս Սիւմէրպանքի բամպակի մթերանոց։ 1960-էն սկսեալ պաշտամունքի վերաբացուած եւ 3000 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ կառուցուած Հայոց Ս. Կիրակոս Եկեղեցին մասնաւորաբար 1980-էն սկսեալ քաղաքաբնակ հայերու զանազան պատճառներով դէպի արեւմտեան նահանգներ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներ գաղթին պատճառաւ լքուեցաւ։ Համայնքէ նօսրացած ըլլալու պատճառաւ արարողութեանց կատարումը կանգ առաւ եւ մերթ ընդ մերթ պատահած գողութեան դէպքերով նաեւ անխնամութեան պատճառաւ տանիքի որոշ մասերը փուլ եկան եւ եկեղեցին անգործածելի վիճակի մատնուեցաւ։
Երբ հասանք 2011 թուականին, օրուան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, ի ծնէ Տիգրանակերտցի Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան լծուեցաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործին։ Էրկուն Այըքի ատենապետութեամբ վերակազմուած ծխական խորհուրդին հետ գործակցաբար, թէ երկրի մէջ եւ թէ արտերկրեայ շփումներով խիստ մեծածախս նորոգութեան գործընթացք մը յաջողութեամբ պսակուեցաւ»։
Այստեղ պարտինք նշել թէ հայ համայնքի մեծ ջանքերուն զուգահեռ Օսման Պայտեմիրի գլխաւորած Տիյարպաքըրի մայր քաղաքապետարանի եւ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի գլխաւորած Սուր Թաղամասի Քաղաքապետարանի ներդրումները մեծ նշանակութիւն ունեցան եկեղեցւոյ վերակառուցման գործին մէջ։
Եկեղեցւոյ նախորդ վերանորոգութիւնը արժանացած է Եւրոմիութեան Մշակութային ժառանգի մրցանակ - Europa Nostra 2015 մրցանակին, որ Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան ծիրէն ներս ամենահեղինակաւոր մրցանակն է։ 263 անհատներու եւ կազմակերպութիւններու դիմումներէն մրցանակով պսակուած են 28 նախագիծեր։ Թուրքիայէն սոյն մրցանակի արժանացած է Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին։ Մրցանակի գլխաւոր պատճառներէն մին էր Եւրոպացիներու եւ դատակազմի կարեւորութիւն ընծայած մէկ թեման, ըստ որում յետ վերանորոգութեան կառոյցը առիթ պիտի ընծայէր յատուկ հաւաքականութեան մը հոսքը ապահովելու եւ այդ միջոցով մարդոց իրարու միջեւ յարաբերութիւնը ջերմացնելու։ Այս սկզբունքը ամբողջովին կ՚արդարանայ, երբ կը նկատենք ծպտեալ եւ կրօնափոխ եղած հայ ընտանիքներու շառաւիղներուն Սուրբ Կիրակոս Եկղեցւոյ կամարներուն տակ վերայայտնութիւնը։ Արդարեւ ի վկայկութիւ այդ յայտնութեան մատուցուած առաջին պատարագի աւարտին կատարուեցաւ չորս մկրտութիւններ, որոնցմէ երեքը չափահասներ էին եւ պսակադրութիւն մը։
Ապա Սրբազան Պատրիարքը խօսքը ուղղեց Զբօսարշութեան ու Մշակոյթի Նախարարին, որ նաեւ յոյսեր յայտնած էր Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին նորոգելու առումով։
«Տիյարպաքըրը, իր պատմութեան վերջին 1700 տարուան ընթացքին միշտ եղած է կարեւոր Քրիստոնեայ հաւաքականութեամբ բնակավայր մը։ Երբ նպատակադրուած է Տիյարպաքըրը աշխարհի զբօսաշրջութեան առջեւ բանալ, Հայ, Ասորի եւ Քաղդէացի եկեղեցիները քաղաքին շահեցնելու կարեւորութիւնը ամենաբարձր մակարդակով դո՛ւք կը գնահատէք։ Կը շնորհաւորենք այս ուղղութեամբ ձեր ցուցաբերած քաջութիւնն ու նախատեսութիւնը։
Անշուշտ, թէ այս բացումը Տիյարպաքըրցի հայերու համար տօնական օր մըն է անկասկած։ Տիյարպաքըրի հետզհետէ նուազող Քրիստոնեայ մնացորդացին համար այս եկեղեցւոյ բացումը աւիշի մասնայատկութիւնը ունի։ Հայաշխարհի համար Թուրք եւ Հայ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով կարեւոր եւ իմաստալից բարեկամութեան պատգամ մը ունի։ Թուրք եւ Հայ յարաբերութեանց հազարամեայ շրջանին փայլուն եւ դրական դէպքեր եւ ապրումներ կան։ Այնպէս, որ կը հաւատանք թէ յետագային հաստատելի բարեկամական կամուրջներու համար կարեւոր են որ այդ բոլորը յառաջ քշուին։
Պաշտամունքի վերաբացուած այս եկեղեցին պէտք է արժեւորել որպէս բարիդրացիական յուշարձան Հայերու, Թուրքերու եւ Քիւրտերու, Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ։
Դժբախտաբար Անատոլուի բազմաթիւ վայրերէն հայկական պատմական կոթողներու նկատմամբ յուզիչ լուրեր կը ստանանք։ Եկեղեցիներ եւ վանքեր գանձախոյզերու կողմէ կը փորուին, մեր գերեզմաններուն նկատմամբ յարգանք ու խնամք չի ցուցացբերուիր…
Սիրելի Տիյարպաքըրցի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այս ուրախ օրուան առթիւ սիրով առլցուն կը շնորհաւորեմ բոլորդ։ Այս եկեղեցին միակ կառոյցն է, որ Տիյարպաքըրի հետ ձեր ունեցած յիշատակները վառ պիտի պահէ։ Հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեանի վարպետ գրիչովը նկարագրած «Կեավուր Մահալլէսի»ի վերջին յուշարձանն է։ Արժէքը գիտցէք, խնամեցէք, կարիքներովը հետաքրքրուեցէք եւ ծխական խորհուրդը քաջալերեցէք։
Յետ այսու ձեր պաշտամունքները պիտի կրնաք աւելի յաճախակիօրէն կատարել։ Իրարու միջեւ եւ այլ հայերու հետ ձեր կապը պիտի զօրանայ։ Այս եկեղեցին բացի պաշտամունքէ, ունի նաեւ մշակութային եւ զբօսաշրջական ծառայութիւն մը, որ եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը պիտի բազմապատկէ։ Որպէս ձեր պատրիարքը, այս գեղեցիկ օրը ձեզ հետ բաժնեկից ըլլալու երջանկութիւնը ունիմ։ Այս օրհնեալ գործին բոլոր երախտաւորները սիրով եւ յարգանքով կ’ողջունեմ ու կը շնորհաւորեմ։ Աստուած օրհնէ այս ջանքերը։ Աստուած, այս եկեղեցին կառուցող եւ այստեղ պաշտամունք կատարող մեր նախահայրերուն ու նախամայրերուն հոգիները լուսաւորէ»։
Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առթիւ Սուրբ Սահակ Մեսրոպ շքանշանով պատուեց Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Էրկիւն Այըքը, վեր առնելով անոր նուիրեալ ծառայութիւնը Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հանդէպ։ Պատրիարքը նաեւ նշեց թէ եկեղեցիէ ներս հոգեւոր ծառայութեան համար պաշտօնակոչած է Տէր Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, որ արդէն իսկ Անատոլուի բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը կը կատարէ։