ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Տիգրանակերտի Հոգին»։ Անուանի վարպետ երգիչ Օննիկ Տինքչեան, այսպէս կոչած էր բոլորովին Տիգրանակերտի երգերէն բաղկացած իր վերջին ձայնապնակը։ Ամբողջ շաբաթավերջին այս երկու բառերն էր որ կը տողանցէր մտքիս մէջ։ Իսկապէս կ՚ըմբոշխնէի երբեմնի հայաշատ քաղաքի ոգին, որ ի դէմ այլ եւ այլ փորձանքներու, կը շարունակէ վառ մնալ քաղաքը շրջապատող պարիսպներու պայծառ խաւարին մէջ։ Ճիշդ ալ այս նախադասութեան նման հակասութիւններով լեցուն ապրումներու խաչմերուկն է Տիգրանակերտը։ Այստեղ մենք ալ չենք վարանիր համատարած սխալ ընկալումը կրկնելէ եւ Ամիտա քաղաքը կը կոչենք Տիգրանակերտ, քաջ գիտնալով թէ Տիգրանակերտը դէպի Արեւելք 20 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սիլվանն է, այլ ոչ թէ Ամիտան։ Այդ սխալին մենք ալ կը տարուինք գիտակցաբար, որովհետեւ տիյարպեքիրցին իւրացուցած է իր քաղաքի այս հայաշունչ կոչումը։ Հետաքրքրական է որ տեղացիներն ալ առարկութիւն չ՚ունին այդ սխալ կոչումին հանդէպ եւ իբր միջանկեալ լուծում կ՚առաջարկեն «Տիգրանամետ» տարբերակը։
Պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաբացման համար, երբ ոտք կը դնենք, այս բազմատանջ քաղաքը կը շրջապատուինք թէ ուրախ եւ թէ տխուր զանազան մտորումներով։ Նախ ամենացնցիչն է երբեմնի «Կյավուր Թաղ»ի ենթարկուած տխուր պատկերը։ Պատմական քաղաքը շրջապատող պարիսպները մօտ անցեալին մաս կազմած էին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակոյթի համաշխարհային ժառանգի ցանկին։ Այդ ցանկին մաս կազմելու գլխաւոր գործօնն էր պատմական Սուր թաղամասը, որ կը պահէր քաղաքի իւրայատուկ ճարտարապետական ոճիր բոլոր յատկանիշները։ Այսօր եկեղեցւոյ թաղը բոլորովին կերպարանափոխուած եւ ճիշդը ըսելու համար ամբողջովին աղաւաղուած է «ԹՈՔԻ» կոչեալ պետական շինարարութեան անճաշակութեան մէջ։ Կարծես թէ պետութիւնը փորձած է ի սպառ հանել ՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտներու արժէք ընծայած բոլոր յատկութիւնները։ Կասկած չկայ որ այսօրուայ տեսքով ոչ ոք պիտի համարձակէր պատմական քաղաքին այդ կոչումը շնորհելու։ Սակայն եկեղեցւոյ բակը մօտենալով տարուեցանք բոլորովին տարբեր զգացումներու։ Ի դէմ համատարած մերժողական կարծիքին Տիյարպեքիր հպարտօրէն կը ներկայանար մեզ իր հայ դիմագիծով։ Այդ պահուն կը տիրէր նոր հակասութիւններ։ Օրինակի համար կը հանդիպէինք վիզէն մեծ խաչ մը կախած մարդկանց, որոնք կ՚ընդունէինք իբրեւ ծպտեալ հայեր։ Բնաւ դիւրին չէ նման ծպտուելու պատկերը մեկնաբանել։ Դիւրաւ կը պարզուի թէ անոնք ձեւականօրէն որդեգրած են մահմետականութիւնը, բայց գոյացած առաջին առիթով ալ վերադարձած իրենց նախնեաց ինքնութեան։ Անշուշտ որ կորսուած է մայրենին, բայց այդ կորսուածին վերատիրանալու համար մեծ աշխատութիւն կը տարուի Ամիտայի մէջ։ Անցեալին քաղաքապետարանի ալ զօրակցութեամբ ընթացող հայերէնի դասընթացքները համավարակի պայմաններուն մէջ կը շարունակուին առցանց դրութեամբ եւ բնաւ նուազ չեն այդ դասընթացքներուն լուրջ ուշադրութեամբ հետեւողներուն թիւը։ Անոնք այս աշխատանքին մէջ կը յաջողին, քանի որ ունին չափահասի յատուկ գիտակցութիւն եւ ոչ թէ պարտադրանքով, այլ այդ գիտակցութեան թելադրանքով կը շարունակեն հայերէնի ուսուցման։
Իսկապէս իր յատուկ ոգին ունի Ամիտան։ Այդ ոգին նկատելի է քաղաքի ամէն հատուածի մէջ, բայց յատկապէս ալ Խանչեփեկի փողոցները։ Քաղաքի ժխորը, փողոցներու իւրայատուկ բուրմունքը, մարդկանց տարազները միասնաբար կը ներկայացնեն այդ յատուկ նկարագիրը։ Յաւելեալ բախտաւորներ են անոնք, որոնք դիւրաւ կը հաղորդուին տեղացի ժողովուրդին հետ։ Այդ հաղորդակցութիւնը կու գայ փաստելու թէ քաղաքի եզակիութեան գաղտնիքը, նոյն ինքն տեղացի ժողովուրդն է։
Ճիշդ է որ Ամիտա եւս վերջին տարիներուն մեծ գաղթականութիւն մը հիւրընկալող քաղաքի վերածուած է։ Սակայն իր բազմադարեան մշակոյթով, քաղաքը կը յաջողի այդ եկուոր զանգուածը իր ինքնութեան համակել եւ պահել ուրոյն դիտագիծը։
Ես այս վերջին այցելութիւնով անգամ մը եւս համոզուեցայ թէ որքան մեծ նշանակութիւն ունի այս քաղաքէ ներս ընկերական ապրումները։ Նախ կ՚արժէ յիշել թէ Ամիտա ամբողջ Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան ամենաքաղաքականացած վայրն է։ Այս մակարդակի քաղաքական գիտակցութիւնը ոչ Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունի, ոչ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ եւ ոչ ալ երկրի ոեւէ քաղաքէ ներս։ Այստեղ բոլոր վայրերու մէջ կարելի է բարձր մակարդակով քաղաքական վերլուծումներու կամ կարծիքի փոխանակումներու ականատես ըլլալ։ Այս ալ իր հետ կը բերէ քաղաքի մշակոյթին վերաբերեալ նոր հարստութիւններու երեւոյթներ։
Ամիտա հասած առաջին օրուայ երեկոյեան հիւրասիրուեցանք տեղացի բարեկամներու բնակարանը։ Մարդ ու կին որպէս ամուսիններ ներգրաւուած են հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու։ Այդ քիւրտ ամուսիններու սեղանակից եղանք երեք հայեր, որոնց մէջ միայն ես էի որ կը կրէի պաշտօնապէս հայկական ինքնութիւն։ Մեր ժամանումէն անմիջապէս ետք մարդ ու կին միասնական որոշումով իմաց տուին իրենց հարեւանին, ըսելով թէ Բագրատ աղբարիկը հոս է եւ սազը առնելով թող վար իջնէ։ Քիչ յետոյ մեզի հետ էր նոյն շէնքի բնակիչ հարեւանը, սասնեցի հայ մըն էր եւ մեզ մեծարող ամոլի մտերիմ բարեկամը։ Զգացած էի թէ այդ ժողովրդական նուագարանով հաճելի պահեր պիտի ապրէինք։ Բայց մտքովս իսկ չէր անցներ թէ այդ նոյն ժողովրդական նուագարանի լարերէն պիտի բարձրանար մեզի շատ ծանօթ հնչիւններ, որոնց կ՚ընկերացէինք. «Արդեօք ովքեր են, ինչ կտրիչներ են, Մասիսը վկայ հայոց քաջերն են…»։
Պայման չէ Ամիտայի անակնկալներու համար հայերէն երգի հնչիւնները։ Ինչպէս կ՚ընեմ դէպի Ամիտա իւրաքանչիւր այցելութեան ժամանակ, այս անգամ ալ յարգեցի սովորութիւնը եւ կիրակնօրեայ պատարագէն եւ յաջորդող չորս մկրտութեան ու մէկ պսակադրութեան արարողութենէն անմիջապէս ետք պոլսէն եկած բարեկամներուս ալ ընկերացութեամբ այցելեցինք քաղաքին ինծի համար շատ յատկանշական վայրերէն մէկը՝ Տենկպեժներու Տունը։ Այս վայրը օրնիբուն կ՚երգէն քիւրտ տենկպեժներ, վառ պահելով բազմադարեան աւանդութիւն մը, որն է տաղասացութիւնը։ Միայն քանի մը վայրկեանը բաւարար է որ մարդ դուրս գայ ապրած ժամանակահատուածէն եւ սկսի ըմբոշխնել դարերու աւանդութիւնը։ Այդ պահուն նշանակութիւն չունի արտասանուած լեզուն։ Մշուշի մը մէջ կ՚ընդլուծուին այս օրը եւ նախաքրիստոնէական շրջանի հեթանոսական ապրումները։ Այդ պահուն մենք կրնանք թափանցել Գողթան գաւառի երգիչներու տաղասացութեան։ Այսօր քիւրտ տենկպեժները իրենց մայրենիով կարծես կը պատմեն Վահագնի Ծնունդը կամ Արտաշէսի Հարսանիքը։ Մենք այդ պատումներուն իրազեկ եղանք պատմահայր Մովսէս Խորենացիի գրչին միջոցաւ։ Իսկ քիւրտերը, որ չունեցան իրենց ուրոյն տառերը, բանաւոր գրականութիւնը մեզի փոխանցեցին ահա տենկպեժներու միջոցաւ։ Այս ալ իր կարգին քաղաքի կախարդական եզակիութեան վրայ աւելցած նոր յատկանիշ մըն է։ Լսել ուզողը կ՚իմանայ, բայց ականջները փակածին ո՞վ, ի՞նչ կրնայ պատմել։ Այս բոլորին մէջ վերաբացուեցաւ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին, քաղաքին նոր աւիշ, նոր եռանդ բերելու համար։ Միայն թերահաւատներն են որ պիտի շարունակեն Ամիտայի հայ ինքնութիւնը ուրանալ կամ անտեսել։ Տեսնողին կամ գոնէ տեսնել ուզողին համար ահա քաղաքը հոն է իր ամբողջ կենդանութեամբ եւ մեծ հոսքով։ Այս հանգրուանին մեզի կը մնայ միայն մէկ բարի մաղթանք, որն է Աստուած չար փորձանքներէ եւ չար միտքերէ զերծ պահէ այս մեծ պատմութեան այժմու ներկայացուցիչները։