25Ապրիլ երկուշաբթի օր Չաղլայանի Արդարանդատութեան Պալատէ ներս 27-րդ Եղեռնադատ Ատեանի դահլիճին մէջ կայացաւ «Կէզի» զբօսայգիի դատավարութեան վճռական փուլը։ Դատակազմը մեղադրեալներուն վերջին յայտերը լսելէ ետք Օսման Քաւալան դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան։
Դատակազմը առանց փաստեր ներկայացնելու համոզուած էր, որ Օսման Քաւալա 79 քաղաքներու մէջ զանգուածային ցոյցեր կազմակերպելով փորձած է իշխող կառավարութիւնը տապալելու։ Նոյն յանցանքին աջակցելու մեղադրանքով Միւճելլա Եափըչը, Չիղտեմ Մաթեր, Հաքան Ալթընայ, Մինէ Էօզէրտեն, Ճան Աթալայ, Թայֆուն Քահրաման եւ Եիղիթ Ալի Էքմեքճի 18 տարուայ ազատազրկման դատապարտուեցան։ Դատակազմի վճիռէն ետք Միւճելլա Եափըչը, Չիղտեմ Մաթեր եւ Մինէ Էօզէրտեն ձերբակալուեցան եւ ղրկուեցան Պաքըրգիւղի կանանց բանտը։ Հաքան Ալթընայ, Ճան Աթալայ եւ Թայֆուն Քահրաման նոյնպէս ձերբակալուեցան եւ ղրկուեցան Սիլիվրիի բանտը, ուր կը մնայ նաեւ Օսման Քաւալա։
Դատակազմի այս վճիռը շատ մեծ հակազդեցութիւն պատճառեց եւ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Իսթանպուլ, Անգարա եւ Իզմիրի մէջ։
Չիղտեմ Մաթեր վերջերս կը բնակէր Գերմանիա եւ յատկապէս այս դատական նիստին ներկայ գտնուելու համար եկած էր երկիր։ Մեղադրեալներու իրաւապաշտպաններէն Աքչայ Թաշչը յայտարարեց որ պիտի առարկեն դատակազմի այս անընդունելի վճիռին դէմ։
ԱՄՆ եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները ցասում յայտնեցին արդարադատական գայթակղութիւն համարուող վճռին դէմ եւ պահանջեցին բանտարկեալներու ազատ արձակումը։ Եւրոխորհրդարանն ալ բուռն կերպով հակազդեց դատարանի որոշման, ուր Թուրքիոյ տեղեկատու Նաքօ Սանչես Ամոր եւ Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ խորհրդարականներու միութեան նախագահ Սերկէյ Լակոտինսքի իրենց ըրած յայտարարութեան մէջ ցասում յայտնեցին, ըսելով թէ դատակազմը հաւանական ամենավատ մեկնաբանութեան դիմած է։ «Այս վճիռը բացայայտ կերպով ներհակ է ԵՄԻԱ-ի որոշումներուն եւ բնականաբար հետեւանքներ պիտի ունենայ» ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Միջազգային Ներման Կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակն ալ դատապարտեց վճիռը։ «Այսօր արտակարգ անարդարութեան մը ականատես եղանք։ Դատարանի որոշումը ոչ միայն Օսման Քաւալայի եւ իր հետ դատուող անձերուն, այլ Թուրքիայէ ներս եւ ամբողջ աշխարհի վրայ արդարութեան ու մարդու իրաւունքները պաշտանողներու ուղղուած է»։
Երկրէ ներս ալ ընդդիմադիր Հանրապետութեան Կուսակցութեան Նախագահ Քըլըչտարօղլու «Թուիթըր»եան գրառումով մը բողոքեց այս որոշումին դէմ։ «Կէզի»ի դիմադրութիւնը զօրակցութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ձօնուած ազգային շարժում մըն էր։ Բռնապետական իշխանութիւնը ափսոս որ իրաւաբանական սկզբունքները ոտնակոխելով կը շարունակէ իր երթը» ըսաւ Քըլըչտարօղլու։
Կայացած որոշումին դէմ դատարանի առջեւ շատ բուռն կերպով հակազդեցութիւն ցուցաբերեցին Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորներ՝ Էօզկիւր Էօզեր եւ Սեզկին Թանրըքուլու, Ժողովրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆիլիզ Քերեսթէճիօղլու եւ Թուրքիոյ ԲանուորականԿուսակցութեան Նախագահ Էրքան Պաշ եւ նոյն կուսակցութեան պատգամաւոր Ահմետ Շըք։
51 ցուցարարներ բերման
ենթարկուած
Դատակազմի վճիռը յաջորդ օր հանրահաւաքով մը դատապարտուեցաւ նաեւ Թաքսիմի մէջ։ Այս ցոյցին մասնակցեցան զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ, Արհմիութիւններ եւ քաղաքացիներ։
Մամլոյ յայտարարութեան ընթերցումէն ետք, երբ ժողովուրդը կը պատրաստուէր ցրուելու, յանկարծ կատարուեցաւ ոստիկանական բիրտ միջամտութիւն եւ 51 ցուցարարներ։