Երկրէ ներս հետզհետէ ծաւալող ազգայնական հիստերիայի հետեւանքով կը տիրէ 24 Ապրիլի յիշատակման դէմ անհանդուրժողականութեան հոսանք մը։ Այսպէս 2010 թուականէն այս կողմ հանրութեան մասնակցութեամբ կայացող ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման միջոցառումը վերջին վայրկեանին հրապարակուած յայտարարութիւնով մը արգիլուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալին կողմէ։
Առաջին անգամ 2010 թուականին Թաքսիմի հրապարակին վրայ կազմակերպուած սգահանդէսը ամէն տարի կրկնուեցաւ մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ։ Վերջին երկու տարիներուն սգահանդէսը կը կայանար առցանց դրութեամբ եւ այս տարուայ համար ալ կը կանխատեսուէր Պէշիքթաշի հրապարակին վրայ անցկացնել միջոցառումը։ Վերեւ նշուած անհանդուրժողականութեան երեւոյթներէն մէկն ալ կը պարզուէր Կարօ Փայլանի Թուրքիոյ Խորհրդարանին յղած առաջարկին հանդէպ։ Կարօ Փայլան իր պատրաստած բանաձեւով կը պահանջէր որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առերեսուի պատմական ճշմարտութեան հետ եւ վերջ տայ իր որդեգրած ուրացման ռազմավարութեան։
Փայլանի այս առաջարկին դիմաց, առաջին հակազդողը եղաւ Խորհրդարանի Նախագանը, որ այս առաջարկը ընդունեց իբրեւ անարգանք երկրի պատմութեան։
Ապա ընդդիմադիր ազգայնական կուսակցութիւններէն ալ հնչեց նման բնոյթի բողոքներ, որոնք ծաւալելով հետզհետէ վերածուեցան հայ պատգամաւորի դէմ լինջի երեւոյթի։
Ի վերջոյ Կարօ Փայլանի դէմ հալածանքի վերջին հարուածը եկաւ Նախագահ Էրտողանէ, որ կատարուածը դաւաճանութիւն կոչելով պահանջեց որ Կարօ Փայլան արժանի կերպով ստանայ գործած ոտնձգութեան պատասխանը։
Պարտինք նշել թէ երկրի պատմութեան մէջ բազում փորձերով ծանօթ ենք նման սպառնալիքներու հաւանական հետեւանքներուն։ Այդ հեռանկարով ընկերային ցանցերու վրայ որոշ շրջանակներ սկսած են զօրակցութեան արշաւներ կազմակերպելու «Կարօ Փայլան առանձին չէ» կարգախօսով։