«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է» ըսած էր հայրենի մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց։
Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն ապահոված բոլոր ձեռքբերումները կը պարտի իր այդ միասնական ջանքերուն։ Նախ ուխտեց եւ ապա կատարելու կամքը գոյացնելով յաջողեցաւ իր բոլոր ծրագիրներուն մէջ։ Բունէն հատուած ծառը նոր ճիւղեր արձակեց օտար ափերու մէջ, խոպան հողերու վրայ ու կրկին դալարեցաւ։ Ապացոյցը սփիւռքի աշխարհացրիւ գաղթօճախներն են, որոնք հալածուած աքսորեալներու ապաստաններ ըլլալով ստեղծեցին կազմակերպուած գաղութներ։ Այդ գաղութները օժտեցին ազգային եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային միութիւններով, մամուլով եւ միասնական մտքի շուրջ համախմբուած համայնքով։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ պարտաւոր ենք յատուկ նշանակութիւն վերագրել կարգ մը գաղութներուն, որոնք մեծ եղեռնի հետեւանքով գոյացած գաղթօճախներ չեն, այլ երբեմնի մշակութային մայրաքաղաքներ։ Այդ կեդրոններէ ներս գիր ու գրականութեան, տպագրութեան եւ գեղարուեստի կողքին ծաղկած է նաեւ հայ ազգի քաղաքական միտքը ու գործը։
Մերօրեայ ցաւալի իրողութիւնն է այդ կեդրոններու անկման ականատես ըլլալ։ Այսօր ոչ Պոլիս, ոչ Թիֆլիս եւ ոչ ալ Պարսկաստանի Թավրիզ, Սպահան կամ Սալմաստ քաղաքները կը պահեն իրենց երբեմնի բարքի օրերը։ Ափսոս որ Ի դարուն անոնց փոխարինող Հալէպը եւս խոնարհած է, իսկ Պէյրութ կը տուայտի իրերայաջորդ ճգնաժամերու մէջ։
Այդ համատարած նահանջի դիմաց դէպի ապագայ յոյս տածող միակ փարոսն էր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ բոլորիս աչքերուն առջեւ կողոպտուեցաւ սեփական կառավարութեան դաւադրանքներու միջոցաւ։ Բոլորս օրըստօրին հետեւեցանք սեփականացման քօղին տակ երկրի հարստութեան թալանման գործողութիւններուն։
Երբ պիտի փորձենք հայելին դէպի պոլսահայութեան ուղղել, պիտի տեսնենք թէ մեր համայնքէն ներս պառակտման երեւոյթները յայտնուեցան Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն ետք։ Ապա կայացող երկու ընտրութիւններուն նախ աթոռին բազմեցան Գարեքին Գազանճեան եւ ապա Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան պատրիարքները։
Ընտրութիւններէ առաջ համայնքի մէջ կայացող բեւերացումը շարունակեց ընտրութենէ ետք ալ։ Իսկ Մեսրոպ Բ. սրբազանի երկարատեւ հիւանդութեան տարիներուն պատրիարքական շրջանակներու որդեգրած անհաղորթ գործելակերպի հետեւանքով հասարակութիւնը կորսնցուց ազգային անցուդարձերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։
Այդ նոյն շրջանին համայնքային հաստատութիւններու վարիչներն ալ, քիչ մըն ալ երկրէ ներս տիրող միանշանակ վարչաձեւի ազդեցութեամբ, դիմեցին ինքնակամ որոշումներու։ Դոյզն իսկ պատշաճութիւն չյարգեցին Էսաեան վարժարանի վաստակաւոր տնօրէնուհիները պաշտօնազրկելու որոշումին մէջ։ Եւ քանի անպատասխան մնացին, ալ աւելի համարձակ դարձան, գործը հասցնելով Էսաեան Սանուց միութեան մուտքը արգիլելու կամ Նարեկեան սրահը Լուսաւորիչ երգչախումբին փակելու։
Պարտինք խոստովանիլ թէ այսօր հասարակութեան ընդվզում պատճառող ինքնակամ գործելու ոճը նոր յայտնուած երեւոյթ մը չէ։ Բոլորին ծանօթ գայթակղութիւնները համայնքի մեծամասնութեան կողմէ դիտումնաւոր կերպով անտեսուեցան երկար տարիներ։
Սամաթիացի մերոնց խօսքն է՝ «Աստուած Եոզղատցի չէ, մատը իսկոյն չի խոթեր աչքիդ»։
pakrates@yahoo.com