«Օրօրան» կը մեծարէ մերօրեայ երեք հերոսները, որոնք Աֆղանստանի մէջ կրթութեան հնարաւորութիւն կու տան կանանց եւ աղջիկներուն, կ՚ազատեն ռազմագերները Եմենի մէջ եւ մարդու իրաւունքները կը պաշտպանեն Եգիպտոս։
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակման օրը, «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարեց 2022 թուականի «Օրօրայի» հերոսներու անունները, որոնք կը վտանգեն սեփական կեանքը ուրիշներուն օգնելու համար։ Անոնք «Օրօրայի» հերոս դարձած են իրենց ունեցած բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ նուիրուածութեան համար։ 1.000.000 ԱՄՆ տոլար մրցանակը կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն, արձագանգելով մարդասիրական խնդիրներու ամբողջ աշխարհին՝ օգնելով ամենակարիքաւորներուն։ Հերոսներու անունները յայտարարուեցան Մատենադարանի մէջ. որոնցմէ մէկը կը դառնայ 2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր։
«Մերօրեայ այսպիսի բացառիկ հերոսները մեզ կը յիշեցնեն այն մասին, որ ամենադժուարին պահերուն անգամ լուսաւոր ապագան այն մարդկանց ձեռքերուն է, որոնք կը հաւատան եւ պատրաստ են արտասովոր քայլերու՝ պաշտպանելու լուսաւոր ապագան։ Մեզմէ շատերն այսօր կարող են ճնշուած զգալ՝ առնչուելով մարդկային վշտի ու տառապանքի անվերջ թուացող ալիքին։ Բայց «Օրօրայի» հերոսները կը շարունակեն ըլլալ կարեկցանքի փարոս՝ առաջնորդելով եւ ոգեշնչելով մարդկայնութեանը։ Պատիւ է մասնակից ըլլալ այս նախաձեռնութեան, որ նուիրուած է անոնց ճանաչման ու կ՚արժանացնէ եւ կ՚աջակցի», ըսաւ «Օրօրա» մրցանակի Ընտրող Յանձնաժողովի նախագահ, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Կլոպալ առողջապահական նորարարութիւններու ինստիտուտի տնօրէն Լորտ Արա Դարզին։
2022 թ. «Օրօրայի» հերոսներն են՝
Ճամիլա Աֆղանի (Աֆղանստան)՝ խաղաղութեան ակտիվիստ եւ «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիր։ Ան 25 տարի պայքարած է, որպէսզի Աֆղանստանի կանանց համար կրթութիւնը դառնայ հասանելի։ Երբ թալիբները իշխանութեան եկան, Ճամիլա Աֆղանին ստիպուած եղաւ լքել իր հայրենիքը։ Բայց նոյնիսկ անկէ ետք ան չէ յանձնուած՝ եւ կը շարունակէ պայքարիլ իր ժողովուրդին համար։
Մահինուր էլ-Մասրի (Եգիպտոս)՝ փաստաբան եւ քաղաքական ակտիվիստ Եգիպտոսէն։ Ան կը պայքարի երկրի քաղաքական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու համար, կը կազմակերպէ բողոքի խաղաղ ցոյցեր եւ դատարաններէ ներս կը պաշտպանէ քաղբանտարկեալներու իրաւունքները։ Եգիպտոսի պաշտօնական քաղաքականութեան դէմ անհամաձայնութիւն յայտնելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Մահինուր էլ-Մասրին իր գործունէութեան պատճառով մի քանի անգամ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է։ Այդու հանդերձ, ան չի կորցներ լաւատեսութիւնը իր երկրի ապագայի հանդէպ եւ կը ձգտի ըլլալ դրական փոփոխութիւններու առաջամարտիկ։
Հատի Ճուման (Եմեն)՝ խաղաղութեան ակտիվիստ եւ միջնորդ-բանակցող։ Ան պարբերաբար կը վտանգէ իր կեանքը, որպէսզի կազմակերպէ ռազմագերիներու փոխանակում եւ առաջնագծէն դուրս բերէ այնտեղ մնացած զոհուածներու աճիւնները։ Քանի որ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Եմենը կը շարունակէ մնալ երկարատեւ քաղաքական եւ մարդասիրական ճգնաժամի մէջ, Հատի Ճումանը ընտանիքներուն կու տայ միակ սփոփանքը, որ անոնց անհետ կորած համարուող սիրելի մարդիկ, ի վերջոյյ, կրնան հանգչիլ խաղաղութեամբ։
«Որպէս «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր՝ ես գիտեմ, թէ որքան կարեւոր է աջակցութիւնը եւ ճանաչումը միջազգային մակարդակով։ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ակտիվիստներուն եւ իրաւապաշտպաններուն, որոնք յաճախ միայնակ կը գործեն, առաջ մղելու իրենց աշխատանքը եւ աւելի մեծ արդիւնք գրանցելու։ Ես կը ցանկանամ շնորհաւորել 2022 թուի «Օրօրայի» հերոսները եւ մաղթել անոնց լաւագոյնն իրենց գործունէութեան մէջե,- ըսաւ «Կանանց համերաշխութիւն յանուն ներառական խաղաղութեան եւ զարգացման» կազմակերպութեան (SOFEPADI) եւ Քոնկոյի կանանց հիմնադրամի (FFC) համահիմնադիր, 2021 թուի «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր Ժուլիէն Լուսենկեն։
2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի առաջադրումներու փուլը պաշտօնապէս բացուած է 2021 թուկանի Ապրիլի 24-ին։ 633 առաջադրում եղած է 62 երկրներէ՝ ներառեալ ԱՄՆ, Պրազիլ, Հայաստան, Հնդկաստան, Նիժերիա, Չեխիա, Փաքիստան, Ռուանտա, Վրաստան եւ Ուքրաինա։ Ամէն տարի «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրին կը շնորհուի 1.000.000 ԱՄՆ տոլար պարգեւ, որը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան եւ աջակցելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՚օգնեն կարիքաւորներուն։
«Ամէն տարի ես կը հիանամ այն բացառիկ հերոսներով եւ անոնց աշխատանքով, որոնց կ՚աջակցի «Օրօրան»։ Անոնք կ՚առնչուին բազմաթիւ խնդիրներու աներեւակայելի պայմաններով, երբ գրեթէ ամէն ինչ իրենց դէմ է, բայց, այդուհանդերձ, անոնց մարդասիրութիւնը, հաւատը, քաջութիւնը կ՚օգնեն անոնց շարունակել յառաջանալու։ Ես մեծ յոյս ունիմ, որ աշխարհը դասեր կ՚առնէ անոնցմէ» նշեց 2017 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր, «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ եւ Սուտանի «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցի բժշկապետ տնօրէն Թոմ Քաթինան։
Ըստ աւանդոյթի, 2022 թ. «Օրօրայի» հերոսներու անունները կ՚արձանագրուին 21-րդ դարին ստեղծուած «Մատեան Մարդասիրաց» եզակի ձեռագրի մէջ, որ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան իւրայատուկ տարեգիրքն է եւ կը ցուցադրուի Մատենադարանի մէջ։
«Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի մասին
«Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի առաքելութիւնն է ճանաչման արժանացնել եւ աջակցիլ անոնց, որոնք վտանգի կ՚ ենթարկեն սեփական կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը, որպէսզի փրկեն այն մարդկանց կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու, մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու հետեւանքով։ «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրը կ՚ընտրուի՝ ըստ ցուցաբերած խիզախութեան, նուիրումի եւ ունեցած ազդեցութեան։
«Օրօրա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի կազմին ընդգրկուած են Նոպելեան դափնեկիրներ Շիրին Էպատին եւ Լէյմա Գբովեն, Իռլանտիայի նախկին նախագահ Մերի Ռոբինսընը, մարդու իրաւունքներու ակտիվիստ Հինա Ճիլանին, Մեքսիկայի նախկին նախագահ Էռնեստօ Սետիլյոն, մարդու իրաւունքներու ակտիվիստ եւ The Sentry նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ճոն Փրենդերգասթը, Unilever ընկերութեան նախկին գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ IMAGINE կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ համանախագահ Փոլ Փոլմանը, «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ Ֆրանսայի նախկին արտգործնախարար Պեռնարդ Քուշները, լրագրող, Փուլիցերեան մրցանակի դափնեկիր Տելէ Օլոճետեն, Նիւ Եորքի Գարնեկի կորպորացիայի նախագահ Վարդան Գրեգորեանը (1934-2021)։ Յանձնաժողովը կը նախագահէ Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Կլոպալ առողջապահական նորարարութիւններու ինստիտուտի տնօրէն Լորտ Արա Տարզին։ Պատուաւոր համանախագահներ են խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու յայտնի ակտիվիստ Պենժամին Ֆերենցը եւ օսկարակիր դերասան, մարդասէր Ճորճ Քլունին։
Մենք կը յարգենք Ընտրող յանձնաժողովի առաջին համանախագահ, Նոպելեան դափնեկիր Էլի Վիզելի յիշատակը։