ԻՐԱ ՑՈՐՈՒ
Օտար քաղաք մը այցելող զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրուած առաջին վայրը քաղաքի հին թաղամասերն են։ Աթենքի մէջ Փլաքան կամ Փարիզի Մոնմարդրը այս տեսակի օրինակներ կը համարուին։
Երեւան 2800 տարեկան քաղաք որպէս, զուրկ է այս տեսակի թաղամասէ մը։ Քաղաքի պատմութեան մեկնակէտը հանդիսացող Էրեբունիի ամրոցը փոշիածածկ պատէ մը աւելին չէ։ Քաղաքի դիմագիծը բնորոշող շինութիւններու ամենահինը ԺԹ դարուն կառուցուած շէնքեր են։ Սակայն այդ ամբողջի մէջ Կոնտը Շահար եւ Տեմիրպուլաղ (Քարահանք) թաղերը բացառութիւն կը կազմեն։
Ներկայիս Կոնտը թէեւ չարժանանար զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան, բայց կը պահէ հին Երեւանի տպաւորութիւնը։ Երեւանի մէջ պարսկական տիրապետութիւնը վերջ գտած է 1828-ին։ Յատուկենտ մնացած շէնքերու աւերակներէն կարելի է կռահել թէ թաղը անցեալին ընտրանիներով բնակեցուած է։ Ռուսական իշխանութեան շրջանին Իրանէ եւ Օսմանեան երկրէ եկած գաղթականներով բնակեցուող Կոնտի տիրականները Մելիք Աղամալեան ընտանիքն էր։ Թաղի բնակչութիւնը կը բաղկանար հայերէ, թուրքերէ եւ շուրջ 100 ընտանիք կազող փոշաներէ։ Թաղը նոյնիսկ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն առաջ ալ անապահով վայր կը համարուէր։ Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու բնակարանները արտաքին տեսքով ալ կը տարբերէին իրարմէ։ Այդ տարբերութիւնը այսօր անգամ նկատել կարելի է։ Յայտնի է որ թաղի մէջ վերջին 200 տարուայ ընթացքին նոր շէնք չէ կառուցուած։ Անոնց մէջ կը հանդիպինք նաեւ Երեւանի հնագոյն շինութիւններէն մէկուն՝ 1687-ին կառուցուած մզկիթի մը աւերակներուն։ 1915-ին ցեղասպանութենէ փրկուած 16 գաղթական ընտանիք բնակած են լքուած մզկիթին մէջ։ Տարօնէն եւ Բաղէշէն գաղթած այդ ընտանիքներու շառաւիղներէն մէկը տակաւին կը շարունակէ հոն բնակիլ։ Մզկիթի աւերակը տեսնելու համար պարտաւոր էք տունի մը պարտէզէն անցնելու։
Թաղը Երեւանի գխաւոր հրապարակէն հազիւ 1,5 Քմ. հեռաւորութեան վրայ է եւ ունի չորս փողոցներ։ Պարոնեան, Լէօ, Սարեան եւ Ֆրիկ։ Այդ չորս փողոցներու մայթերուն վրայ պիտի նկատէք աւերակ աստիճաններ, որոնք իրականութեան մէջ Կոնտի դարպասներն են։ Ամենահեշտ ճանապարհը Պարոնեան փողոցի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցիէն կը սկսի։ Եկեղեցւոյ միջնադարեան կառուցուածքը փլած է 1679-ի երկրաշարժին։ Աւելի ուշ քանի մը անգամ նորոգուած ու վերջապէս 1980-ականներուն ի հիմանէ վերակառուցուած է։ Այստեղ նեղլիկ փողոցները կորսուելու մտահոգութիւն կը յառաջացնեն, բայց ի զուր։ Քանի որ հանդիպած որեւէ աստիճան ձեզ դարձեալ փողոց պիտի հասցնէ։ Կոնտը իբրեւ առաջին տպաւորութիւն կը յիշեցնէ Պրազիլի սարսափազդու ֆաւելաները։ Բայց իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Բնակիչները մարդամօտ եւ հիւրասէր են։ Ժպիտով արտասանուած «Բարեւ ձեզ» մը իսկոյն կը վերածուի մտերմիկ զրոյցի եւ դուք ձեզ ակնթարթի մը մէջ պարտէզի շուքին տակ մատուցուած բալի քոմփոստով մը հիւրասիրուած կը գտնէք։ Այս խարխուլ տուներու արանքին կարելի է բարեզարդման խորհուրդներու մատնուիլ, բայց յիշեցնեմ որ բնակիչները վերապահութիւններ ունին այս խորհուրդին դիմաց։
Կոնտը նաեւ ունի իր առասպել հերոսները՝ Յանցագործ Միրօն, Կազյոլ Վանիկը եւ Միլիցա Անտրէն իրենց արկածախնդրութիւններով ապրող առասպելներ են։
Կոնտը Երեւանի պատմական թաղամաս կոչումը պահող միակ վայրն է եւ այս յատկութիւնով ալ զբօսաշրջական կեդրոն մը դառնալու ներուժը ունի։