Հանրապետութեան Կուսակցութեան Նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլու 17 Ապրիլ կիրակի օր ընկերակցութեամբ կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու եւ Իսթանպուլի վարչութեան նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի, այցելութիւն մը տուին Հրանդ Տինք Հիմնարկին։ Հիմնարկի մէջ Հանրապետութեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Հրանդ Տինքի այրին Ռաքէլ, որդին Արատ Տինք եւ Նայաթ Գարաքէօսէ։
Հիւրերը բացատրութիւններ ստացան Հրանդ Տինք Հիմնարկի ծաւալած գործունէութեան մասին։ Ապա միասնաբար շրջեցան Անարատ Յղութիւն շէնքը՝ ուր կը գործէ նաեւ «Ակօս»ի խմբագրակազմը։ Փափկավարական այցելութեան աւարտին Քեմալ Քըլըչտարօղլու շէնքի դռան առջեւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն եւ ըսաւ որ Հրանդ Տինքի ոճիրը ցարդ չէ պարզուած, քանի որ չեն յայտնաբերուած մարդասպանութեան պատուիրատուները։
Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այս յայտարարութիւնը հակազդեցութիւն պատճառեց իշխանութեան շրջանակներէ ներս, ուր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու պնդեց որ Քըլըչտարօղլուի խօսքերը կը միտին այս ոճիրին մէջ Ֆեթուլլահականներու մեղքը քօղարկելու։