Տիյարպեքիրի պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին կը պատրաստուի դռնբացէքի եւ օծումի արարողութիւններով պաշտամունքի վերաբացուելու։ Տխուր է Ամիտայի պատմական այս եկեղեցւոյ պատմութիւնը, քանի որ ան երկար տարիներ լքեալ վիճակի մէջ խոնարհած եւ ապա մեծ ջանքերով վերակենդանացած էր։ Եկեղեցւոյ վերաբացումին հետ բազմաթիւ ծպտեալ հայեր համարձակութիւն գտած էին իրենց բուն ինքնութիւնը հրապարակելու եւ եկեղեցւոյ ծուխը դարձած։ Ափսոս որ կարճատեւ եղաւ այդ ուրախ տրամադրութիւնը եւ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը 2015-ի, 7 Յունիսի ընտրութիւններուն մեծ նահանջ մը ապրելէ ետք փոխեց իր վարած հաշտեցման քաղաքականութիւնը եւ պատերազմ հրահրեց երկրի հարաւ Արեւելեան նահանգներուն մէջ։
Եկեղեցին յայտնուեցաւ բախումներու կիզակէտին եւ ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Այսօր Սուրբ Կիրակոսի Թաղականութիւնը կ՚աւետէ թէ աւարտած նորոգութեան աշխատութիւններէ ետք պատրաստ են վերաբացման եւ անհամբեր կը սպասեն ուխտաւորներու զանգուածային ներկայութիւնը, այս նշանակալից միջոցառման ընդառաջ։