Պոլսահայ համայնքը ժառանգորդն է ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ոստում արձանագրած հայոց ազգային վերելքին։ Աշհարակալ կայսրութեան մը բաղադրիչներէն մէկը հանդիսացող հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր ապրած զարթօնքի շրջանին, արտադրեց համաշխարհային չափանիշով շատ մեծ քաղաքական ու գաղափարական կուտակում մը։ Այդ կուտակումը իր արտացոլումը կը գտնէր Օսմանեան Պետութեան իրաւական, տնտեսական, մշակութային ոլորտներու մէջ։ Այդ ոստումը նոյիսկ կը գերազանցէր արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու նոյն բնոյթի նուաճումները։ Վերջապէս շատ աւելի ճղճիմ միտքեր որոնք հայոց գաղափարական գերակշռին դիմաց ունէին երկաթէ շերեփ, վերջ տուին այդ ոստումին, իրենց համար աւելի մտահոգիչ նուաճումներ արձանագրելու հաւանականութեան։
Գիտեմ թէ բաւականին դժուար է այս հաստատումներուն հաւատալ մանաւանդ դիտելով պոլսահայութեան այսօր մատնուած միջակութիւնը։ Ինչ արհաւիրքներ յաղթահարելով հասած այս կէտին վրայ ցաւալի է ներկայ պատկերին ականատես ըլլալ։ Թերթիս կողքի սիւնակներուն մէջ կը կարդաք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Սուրբ Զատկուայ շնորհաւորութեան առթիւ խօսած ճառը։ Ակնարկելով համայնքային մարմիններու ընտրութիւնը կարգաւորող նոր կանոնագրի հաւանական թերութիւններուն, Պատրիարք Սրբազան կը զգուշացնէ «Եփած ճաշին վրայ պաղ ջուր չեն լեցնէր» ըսելով։ Հետաքրքրական է որ այդ եփած ճաշին մասին ոչ ոք պատկերացում մը ունի։ Տեղեաք չենք այդ ճաշի ոչ համին եւ ոչ ալ հոտին։
Պատրիարք Սահակ Մաշալեան ոչ թէ առաջին, այլ երկրորդ անգամ է որ կը դիմէ նոյն զգուշացման։ Նախապէս ալ, երբ նիւթը կը վերաբերէր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան մէջ կատարուած անօրինութիւններուն, դարձեալ նոյն զգուշացումով խորհուրդ տուած էր թէ համակերպինք այս սխալ կարգադրութեան, որպէսզի յանկարծ կրկին անգամ չկորսնցնենք ընտրութիւն կատարելու առիթը։ «Հապա եթէ առարկենք եւ իշխանութիւնները կրկին անգամ մերժեն զրկուած կ՚ըլլանք հոգ չէ թէ թերի, այց գոնէ ձեռքբերուած ընտրութեան առիթէն»։ Այժմ անգամ մը եւս կը կրկնէ եւ իր ժողովուրդին կ՚ըսէ թէ եթէ մեզմէ խնայուի Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ճշդելու իրաւունքէ թերեւս այս ալ ունի իր բարիքը։
Ստիպուած ենք հարցնելու թէ ինչպիսի՞ բարիք մը կրնանք ակնկալել, եթէ մեր կամքէն դուրս մնայ իբրեւ թէ ազգային կոչուած հիւանդանոցը։ Սա իսկապէս լուրջ մտահոգութեան առարկայ նիւթ մըն է, քանի որ կը թելադրէ մեր կամքով հրաժարիլ ամենակարեւոր հաստատութեան մասին վճիռ արձակելու իրաւունքէն։
Շատ աւելի ցաւալի է այն երեւոյթը որ համայնքային հասարակական միտքը ձեւաւորելու համար դերակատարութիւն մը չ՚ունենար համայնքային մամուլը։ Մինչդեռ ճիշդ ալ այս հանգրուանին բոլորս կը զգանք միասնական կարծիք ձեւաւորելու պահանջը։
Եթէ Թուրքիոյ մէջ տպագրութեան, ազգային սահմանադրութիւն հաստատելու եւ նման խնդիրներու ռահվիրաները հայեր էին, այդ բոլորի ետին կար հասարակական միտք գոյացնելու ծառայող մամուլ մը։
Այսօր մեր մատնուած զրկանքին մէջ ստիպուած ենք պահանջատէր ըլլալու եւ չենք կրնար զոհողութիւն ընել պատմական ձեռքբերումներէ։
pakrates@yahoo.com