Պոլսոյ Հրանդ Տինք Վարժարանէ ներս կը տիրէ տօնական օրերու յատուկ ոգեւոր տրամադրութիւն մը։ Աւագ Շաբաթը՝ յաջորդող Սուրբ Զատկի Տօնը եւ Հայաստանեան աւանդութիւն մը ըլլալով Մայրութեան Տօնը առիթ դարձան այս ոգեշունչ ապրումներուն։
Հրանդ Տինք Վարժարանի աշակերտները Ապրիլի 12-ին այցելեցին Ֆերիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցին ու մասնակցեցին Աւագ երեքշաբթի Սուրբ Կոյսերու Յիշատակի օրուայ ժամերգութեան։ Աշակերտները ականջալուր եղան օրուայ սուրբ խորհուրդին եւ աւետարանական ընթերցումներուն։ Այս յատուկ օրուայ պատգամը աշակերտներուն փոխանցեց Տէր Շիրվան Քահանայ Մուրզլեան, որ մեծ սիրով ու ակնածանքով ներկայացուց հայաստանցի երախաները եւ անոնց դպրոցը՝ մասնաւորապէս ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով այն իրողութեան վրայ, թէ որքան դժուար է անոնց՝ հայրենիքէն հեռու ապրող եւ գոյութեան պայքար մղող ընտանիքներու համար՝ յաւելելով, որ անոնց պէտք է թեւ ու թիկունք ըլլանք։ Հոգեւոր հայրը մեծ երախտագիտութեամբ բարձրաձայնեց Հրանդ Տինք Վարժարանի ստեղծման եւ գոյութեան համար ամենօրեայ աշխատանքի լծուած դպրոցի հոգաբարձուներ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուներու եւ հայաստանցի ուսուցիչներու, նաեւ ծնողներու կարեւոր առաքելութեան մասին։ Արարողութեան աւարտին Տէր Հայրը միասնական աղօթքի հրաւիրեց աշակերտները, իրենց կրթական մշակները եւ բոլոր ներկաները՝ խաղաղութեան եւ բարօրութեան մաղթանքներով։
***
Պոլսի Հրանդ Տինք վարժարանի «Գարուն» մանկապարտէզի սաները ուսուցիչներ Մարգարիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի, Անժէլա Ենգոյեանի եւ Գայանէ Ռեւազեանի համատեղ ջանքերով Մայրերու Տօնին նուիրուած գարնանային հիանալի ձեռնարկ մը պատրաստեցին։ Մանկական թոթովախօս լեզուով երախաները բարբառեցին մայրերուն նուիրուած ոտանաւորներ եւ քաղցրահնչիւն երգեր, որոնք յուզեցին բոլորին։ Ծնողներէն Լիլիթ Պօղոսեանը բոլոր ծնողներու անունով երախտիքի խօսք ուղղեց մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէնուհի տիկին Հերիքնազ Աւագեանին, ինչպէս նաեւ դպրոցի թիկունքին կանգնած հոգաբարձուներ տէր եւ տիկին Արթօ Դալար Հորոզօղլուներուն իրենց մեծ նուիրումին համար։ Տիկին Լիլիթ Պօղոսեան շեշտեց Հրանդ Տինք Դպրոցի գոյութեան կարեւորութիւնը եւ փառաբանեց այն տաքուկ ու հայաշունչ միջավայրը, ուր կը կրթուին եւ կը դաստիարակուին հայրենիքէն հեռու մեծացող հայաստանցի ընտանիքներու երախաները։
***
Հրանդ Տինք վարժարանէ ներս մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Զատիկը։ Տօնի խորհուրդը զատկական աւանդական սեղանի, երգ ու պարի, բանաստեղծութիւններու միջոցով ներկայացուցին տարրական դպրոցի սաները՝ ուսուցչուհի Լարիսա Սահակեանի գլխաւորութեամբ։ Տօնական մթնոլորտը յագեցած էր ինչպէս մանկապարտէզը, այնպէս ալ բոլոր դասարաններէ ներս։ Երախաները մեծ ուրախութեամբ իրենց ընկերներու եւ ուսուցիչներու հետ հաւկիթներ կռուեցուցին։ Դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ Հորոզօղլու ամոլը սաներուն բաժնեցին տուրմէ հաւկիթներ եւ տիկին Մարի Սէհէրելտըզի նուիրած կարկանդակները։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ բոլոր մասնակիցներուն զիրար ողջունելով, որուն բնաբանն էր՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի»։