ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Նախորդ շաբաթուայ ընթացքին առիթը ունեցանք Իզմիրի մէջ «Գաղթականաց Ֆիլմերու Բ. Փառատօն»ին հետեւելու։ 12-16 Ապրիլ թուականներու մէջ ինկած, հինգ օրերու ընթացքին ցուցադրուեցան 35 կարճամեթրաժ եւ 14 լիամեթրաժ գեղարուեստական, վաւերագրական կամ մուլթ ֆիլմեր։ Բոլոր ֆիլմերու հասարակաց եզրն էր գաղթականութեան տարբեր երեւոյթները։ Աշխարհի զանազան երկիրներէ եկած այդ ֆիլմերոը առիթ դարձան որ կրկին անգամ մտածենք այս համաշխարհային ծանր խնդրին մասին։
Աշխարհի ջեռուցման բարձրացումը իր հետ կը բերէ զանազան խնդիրներ, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ սնունդի հասնելու դժուարութիւնը։ Մասնագէտներու գուշակութեան համաձայն աշխարհի միջին ջերմութեան, նոյնիսկ մէկ կամ երկու աստիճանի բարձրացումը սովի երեւոյթներու պատճառ պիտի դառնայ, որուն պիտի յաջորդէ զանգուածային գաղթը։ Ներկայ իրավիճակը կ՚ապացուցէ թէ պատերազմերը նոյնպէս զանգուածային գաղթերու պատճառ կը դառնան։ Ծայրայեղ աղքատութիւնը եւս գաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկն է։ Ցաւալի է տեսնել թէ մարդկանց երկար փորձութիւններու հետեւանքով ձեռք բերած բազմաթիւ սկզբունքեր ալ ծանրօրէն կը խորտակուին գաղթի հոսանքներու հետեւանքով։
Վերջերս Ռուսաստանի ներխուժումով Ուքրաինոյ մէջ ծաւալած պատերազմն ալ փորձառութեան նոր օրինակ մը ըլլալով կը պարզուի մարդկանց առջեւ։ ԱՄՆ եւ այլ արեւմտեան երկիրներու հրահրած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի մեկնարկումէն տարի մը անց, երկիրը լքելով հարեւան պետութիւններ ապաստանողներուն թիւը հասած էր 1 միլիոնի, իսկ Ուքրաինոյ պատերազմէն ետք ընդամէնը 1,5 ամսուայ ընթացքին սեփական երկիրը լքողներուն թիւը հասած է 5 միլիոնի։ Ըստ երեւոյթի եւորպական երկիրներու ժողովուրդները շատ աւելի դիւրաբեկ են նման աղէտներու դիմաց, ինչ որ աւելի մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ ապագայի հաւանական գաղթի երեւոյթներուն համար։
Վերադառնալով փառատանի ֆիլմերուն, կարելի է ըսել թէ ցուցադրուած ֆիլմերը խորքին մէջ ծանր ապտակներ էին մերօրեայ համաշխարհային խնդիրները անտեսողներուն համար։ Այդ անտեսողներու ցանցը բաւական ընդարձակ է եթէ յիշենք իշխանութեան եկած յաջորդ օր Փարիզի Համաշխարհային Կլիմայի համաձայնութիւնը մերժող Տանըլթ Թրամբի օրինակը։ Թրամբ այդ քայլին կը դիմէր ամերիկեան ընկերութիւններու շահը նկատի ունենալով։ Մինչդեռ սպառնացող վտանգը շատ աւելի լուրջ է եւ զանգուածային գաղթի պատճառած տեղաշարժը նոյնիսկ կրնայ իմաստազուրկ դարձնել, այդ ընկերութիւններու գոյութիւնը անգամ։
Զմիւռնիոյ Ֆրանսական Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ ընթացող փառատօնի պաշտօնական բացումը կայացաւ 12 Ապրիլ երեքշաբթի օր։ Այնտեղ ելոյթ ունեցան միութեան այժմու ատենապետուհի Նուրայ Փեհլիվան եւ նախորդ շրջանի ատենապետ փրոֆ. Ճեմ Թերզի։ Թերզի նաեւ կը յիշուի միութեան հիմնադիր ատենապետ ըլլալով։ Նշենք որ փառատօնի կազմակերպիչ «Ժողովուրդներու Կամուրջ» Միութիւնը իր ութամեայ անցեալին մէջ մեծ նպաստ բերած է Զմիւռնիա եկած գաղթականներուն օժանդակելու գործին մէջ։ Աւելի քան 500 կամաւորներու աշխատութիւնով Ժողովուրդներու Կամուրջ Միութիւնը յաջողած է ապաստանեալ գաղթականներու առողջապահական, իրաւաբանական եւ այլ բնոյթի կարիքներուն անհրաժեշտ լուծումներ արտադրել։ Այս ընելու պարագային միութիւնը կ՚ապաւինի միայն ու միայն իր անդամներուն ամսավճարներով գոյացած պիւտճէին։ Կը մերժեն նուիրատուութիւններ ստանալ պետական եւ ոչ պետական հաստատութիւններէ։ Այդ սկզբունքը միայն մէկ անգամ անտեսուեցաւ, երբ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Այ Վայ Վայ փափաք յայտնեց իրեն շնորհուած մրցանակի գումարը երկու մարդասիրական հաստատութեան նուիրելու համար։ Նոյնիսկ այդ գումարը ընդունելու համար երկար վարանումներ ապրուած էին եւ ի վերջոյ դրական պատասխան տրուած էր նուիրատուին յատկութիւնները նկատի ունենալով։
Փառատօնի պաշտօնական բացումը աւարտին հասաւ միութեան երգչախումբին երաժշտական կատարումներով։ Անոնք հանդիսատեսին ներկայացուցին երգերու համառօտ փունջ մը, որ կատարեցին թրքերէն, քրտերէն, զազայերէն, յունարէն եւ լազերէն լեզուներով։
Յաջորդ օրուայ ցուցադրութիւններու աւարտին կայացաւ ասուլիս մը, դարձեալ Փրոֆ. Ճեմ Թերզիի ժողովավարութեամբ։ Այս միջոցառման ատենախօսներն էին անուանի երգահան Զիւլֆիւ Լիւանելի եւ երեք եզդի կանայք՝ Նատիա Նաւրուզով, Ֆալիտա Ֆալատ Ժլտօ եւ Ամինա Քասըմ Հալաֆ։
Զիւլֆիւ Լիւանելի իր երիտասարդութեան տարիներուն անձամբ ապրած էր քաղաքական աքսորեալի ծանր փորձառութիւնը։ Արդարեւ այդ փորձի հիման վրայ մեկնաբանեց աքսորուելու եւ պարտադիր կերպով գաղթական դառնալու տարբեր բնոյթի դժուարութիւնները։ Սակայն ան յաջողած է այդ դժուարութիւններու մէջէն յաղթանակի պատկերներ ստեղծել։ Շփուած էր իր աքսորուած երկիրներու երաժիշտներուն հետ եւ այդ համագործակցութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած էին ապագայի իր ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Երեք Էզդի կանանց երկուքը Ֆալիտա Ֆալատ Ժլտօ եւ Ամինա Քասըմ Հալաֆ ապրած էին Իսլամ Պետութեան ահաբեկիչներու ձեռքով եկած ամենադաժան տանջանքները։ Պարտինք յիշել թէ Իսլամ Պետութիւն կոչեալ հրոսախումբերը 3 Օգոստոս 2014 թուին խուժած էին էզդիաբնակ Շենկալ լեռը եւ քանի մը ժամ տեւող զինեալ գործողութենէ ետք սպաննած էին բազմաթիւ այրեր եւ որպէս գերի տարած հազարաւոր կանայք։ Աւելի վերջ այդ նոյն կանայք վաճառքի դրուած էին Իսլամ Պետութեան հսկողութեան տակ յայտնուած քաղաքներու փողոցներուն մէջ։ Ահա այդ սարսափի արհաւիրքը ապրող այդ զոհերը եկած էին ամբողջ աշխարհին լսելի դարձնելու իրենց ենթարկուած անմարդկային ապրումները։ Իսկ Նատիա Նաւրուզով այդ նոյն թուականին իբրեւ Վրաստան ծնած եւ Ֆրանսա գաղթած էզդի ծագումով երիտասարդ իրաւապաշտպան պատահածները լսելով թողած էր իր բոլոր պաշտօնները եւ լծուած էր հարազատ ժողովուրդի օգնութեան կոչումին։
Խիստ տպաւորիչ էր երեք էզդի կանանց փոխանցածները, որոնց մասին ունկնդիրը թէեւ ունէր որոշ պատկերացում, բայց այս առթիւ կը լսէր ուղղակի ականատեսներու վկայութիւնը։
Փառատօնի ծիրէն ներս կայացան նաեւ ցուցահանդէսներ։ Ցուցահանդէսներու վայր ընտրուած էր Զմիւռնիոյ հին հայաբնակ Պասմանէ թաղի մէջ գտնուող պատմական շինութիւն մը՝ «Պըչաքչը Հան»։ Այդ ընդարձակ տարածքի անջատ սրահներուն մէջ հետեւեցանք նախ Ասլը Ալփարի «Երազ» անուն ցուցադրութեան եւ ապա Ուաթֆա Ուախպ եւ Ռամի Ալհաճալի ամոլին «Բնութեան վերացական Երեւոյթները» խորագրեալ ցուցադրութիւններուն։
Ասլը Ալբար երազէ մը մեկնելով նկարած էր Մայիս 1-եան օր մը, ուր ամէն ինչ կը սկսէր փողոց ելլելու արգելքը անտեսելով դէպի քաղաքին կեդրոնը կատարուած ներքաղաքային ճամորդութիւնով մը։ Իսկ Ուախպ եւ Ալհաճալի ամոլը ներկապնակի ընձեռած բոլոր առիթներով փորձած են ներդաշնակութեան համանուագ մը գոյացնել։ Իսկապէս տպաւորիչ էր գոյներու ներդաշնակութիւնը, որ դիտողները կը մղէր յատուկ մեկնաբանութիւններու։ Մի գուցէ վերացական արուեստի կարեւորագոյն յատկանիշն է այն, որ իւրաքանչիւրը ընկալէ իր երեւակայութեան համապատասխան կերպարը։ Նոյնպէս փառատօնի ծիրէն ներս Զէյնեփ Էսմերայ ներկայացուց անհատական բեմադրութիւն մը, որ նիւթ կ՚ունենար ԼԿՊԹ անհատներու մատնուած խտրականութիւնը։ Նշենք թէ Գաղթականաց Ֆիլմերու առաջին փառատօնը տեղի ունեցած էր 17-20 Ապրիլ 2019-ին ապա վրայ հասած պսակաձեւ Ժահրի համավարակը արգելք եղած էր 2020 եւ 2021 թուականներու կազմակերպութեան։
Փառատօնը անգամ մը եւս փաստեց թէ սիրողական մերձեցումով կարելի է շատ լուրջ մասնագիտութիւն պահանջող նման ձեռնարկ մը իրականացնել, եթէ պիտի հաւատանք կատարուած գործի նշանակութեան։ Ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք, մարդկութեան դէմ առ դէմ մնացած այս խիստ կարեւոր խնդիրը իր լուծումները կրնայ ունենալ միայն ու միայն մարդկային մերձեցումներով։ Պետական մարմինները անզօր են մարդկային յատկանիշներով գործելու մէջ, սակայն ափսոս որ որոշումներ կայացնելու եւ այդ որոշումները գործադրելու լիազօրութիւնը ահա այդ անկարողներուն յանձնուած է մեր իսկ կամքերով։ Թերեւս այս է ներկայ անելներու դրդապատճառը։