Համավարակի պայմաններուն մէջ, երբ ընկերային կեանքը ամբողջովին ամայացած էր, վերջերս յաճախակի հերթականութեամբ կը յայտնուին նոր միաւորումներ։ Այս տեսակի հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկն ալ հանդիսացաւ «Բարեկամ»ը, որ իր գործունէութիւններուն մասին բացատրութիւններ տուաւ 7 Ապրիլ Հինգշաբթի երեկոյ Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ յարակից Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։
Ծանօթացման բնոյթով այս միջոցառման ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Սրբազանը, խումբի գլխաւոր հովանաւորող՝ Գարակէօզեան Որբանոցի խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ, զանազան թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ պոլսահայ հասարակութիւնը։
Գարին Ըշըքչըի հանդիսավարութեամբ ընթացող միջոցառման բացման խօսքը արտասանեց Հերա Միմար։ Ան իր ելոյթին սկսաւ նախ նորօք հանգուցեալ արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանը յիշատակելով։ Ապա բացատրութիւններ տուաւ խումբի ստեղծման գործընթացքի մասին, որուն նախաձեռնողը եղած էր Աւետիս Սէյրան։
Հերա Միմար յիշատակեց նաեւ Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի նախկին Ատենապետ Յարութիւն Շանլըն, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր խումբի մէկտեղման գործընթացի միջոցին։
Խումբը այժմ կը զբաղուի երիտասարդներու ուղղեալ ֆօթօշոփի ուսուցմամբ։ «Այս մարզէ ներս մեզ ներշնչողը եղաւ նկարիչ Ռոպին Եայլան։ Այս աշխատութեան համար որպէս ուսուցիչ նշանակուած է Էպրու Արըղ»։
Հերա Միմարի ելոյթէն ետք յուշանուէրներ յանձնուեցան նախաձեռնութեան զօրակցողներուն եւ ի մասնաւորի Տիգրան Կիւլմեզկիլին։
Սահակ Պատրիրաք Մաշալեան արտասանած հուսկ բանքին մէջ գնահատեց նորակազմ խումբին աշխատութիւնը, յայտնելով որ Պատրիարքարանի դուռը միշտ բաց պիտի ըլլայ նման նախաձեռնութիններու համար։
Ապա տեղի ունեցաւ քոքթէյլի ընդունելութիւն, որու միջոցին ներկայները առիթը ունեցան օրուայ նիւթին մասին իրարու հետ զրուցելու։