Պոլսահայ ընտանիքներու խումբ մը, որ «Մեր Տանիք» անուան տակ կը կազմակերպէ զանազան ձեռնարկներ, կ՛ուզէ ապրեցնել հայ ոգին եւ մշակոյթը։ Այս առթիւ՝ 10 Ապրիլ Ծաղկազարդի իրիկուն, Արամեան Սանուց Միութեան ատենապետ՝ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով միութեան հաւաքատեղիին մէջ «Մեր Տանիք» ի մօտաւորապէս քառասուն անդամները քով քովի եկան եւ երգ ու պարով, նաեւ մտերմիկ հաճելի զրոյցներով ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Խումբի սիւներէն է «Աւանդական» պարախումբի պարուսոյցներ՝ Յակոբ Արի Կիւլէչ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլի առաջնորդութեամբ ներկաները ժողովրդական պարեր պարեցին եւ զուարճացան։
«Մեր Տանիք»ի ձեռնարկներուն մէջ, իր կազմակերպչական անձնուէր աշխատութեամբ անուրանալի անուն մըն է՝ Եասմին Ռոստոմեանը, որ Ծաղկազարդի առթիւ ծրագրած էր միութեան պարտէզին մէջ տնկել ձիթենի մը, որ համայն աշխարհի համար խաղաղութեան կոչ մը պիտի ըլլար։ Երբ տունկը հողին մէջ զետեղեց Վահրամ Էլակէօզ եւ ներկաները մէկ մէկ յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը այս իմաստալից ձեռնարկի առթիւ եւ մաղթանքներ ըրին աշխարհի ու բոլոր մարդոց բարօրութեան համար։
«Մեր Տանիք»ի անդամները իրենց պատրաստած պահքի ճաշերով ընթրեցին եւ մինչեւ ուշ ժամեր ապրեցան մտերմիկ անմոռանալի պահեր։