12-16 Ապրիլ թուականներուն Զմիւռնիոյ մէջ երկրորդ անգամ կը մեկնարկէ գաղթականաց ֆիլմերու փառատօնը։
Համավարակի պայմաններու բերմամբ նախորդ երկու տարիներուն զանց առնուած փառատօնը կը մէկտեղէ գաղթի եւ գաղթականութեան նիւթի վերաբերեալ լիամեթրաժ, կարճամեթրաժ կամ մուլթ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ։ Ցուցադրութիւնները տեղի կ՚ունենան Ֆրանսական Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ ազատ մուտքի դրութեամբ։
Ֆիլմերու ցուցադրութեան զուգահեռ կազմակերպուած են ասուլիսներ եւ բեմադրիչներու հետ զանազան զրոյցներ։
Գաղթականաց Ֆիլմերու Փառատօնի միջոցառման գլխաւոր կազմակերպիչն է Զմիւռնիոյ մէջ գործող «Ժողովուրդներու Կամուրջը» հասարակական կազմակերպութիւնը։
Կազմակերպութիւնը Սուրիոյ պատերազմէն անմիջապէս վերջ հիմնուած է դէպի Զմիւռնիոյ եկող գաղթականներուն կամ փախստականներուն աջակցելու նպատակով։
Մեր յառաջիկայ թիւով մանրամանսօրէն պիտի անդրադառնանք փառատօնի հետ առնչուած լուրերուն։