«Ակօս»ի ընթերցողները նկատած են որ թերթի նախորդ համարին մէջ բովանդակալից կերպով անդրադարձած էինք գաւառի գրականութեան մեծ վարպետ Մրկրտիչ Մարկոսեանին գրական վաստակին։ Իսկ այսօր մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, յուղարկաւորութան առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Սահակ Բ.-ի դամբանախօսութիւնը եւ Հայաստանի գրական շրջանակներու ծանօթ մտաւորական, յատկապէս պոլսահայ գրականութեան մասնագէտ Փրոֆ. Սուրէն Դանէլեանի սրտի խօսքը, որ ընթերցուած էր Մարկոսեանի հողակոյտին վերեւ։
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ
ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ
«Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը: Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը»։
(Բ. Տիմոթ. Դ.6-8):
Խորհրդաւոր պահեր կ’ապրեցնեն մեզի յուղարկաւորութիւնները։ Մենք միշտ մեր կատարած գործերուն վերջաւորութիւնը մտածելով կը սկսինք ամէն ինչի։ Եւ ահա՛, մէկ օր մեռնելու համար ամբողջ կեանք մը կ’ապրինք։ Այս ի՞նչ հսկայ հակասութիւն։ Մահը բոլոր մտածող միտքերուն համար վերածուած է խոշորագոյն հարցումի։ Երբ Շեքսփիրը Համլէթին ըսել կու տար. «Թու պի օր նաթ թու պի, թհադ իս թհը քուէսչըն», բոլոր մարդոց շփոթահար մտքերուն թարգման կը հանդիսանար։ Ալպէռ Քամիւ, «Ամենամէծ արկածախնդրութիւնը, որ մէկը կրնայ ապրիլ՝ մահն է» ըսած է տրամաբանօրէն շատ ճիշդ արտայայտութեամբ մը։ Որովհետեւ մահը չի նմանիր մեր ոչ մէկ փորձառութեան. ան բոլորովին տարբեր դասակարգի մը կը պատկանի. ահարկու, սարսափելի, անդնդաւոր, եւ սակայն... հոյակապ։ Փիլիսոփայութեան հիմնադիրներէն Պղատոն ըսած է. «Ամբողջ փիլիսոփայութիւնը մահուան պատրաստութիւն է»։
Իր բարձր կրթութիւնը փիլիսոփայութիւն եղող հանգուցեալ Մկրտիչ Մարկոսեանն ալ ի հարկէ հարցաքննած է մահուան գաղափարը։ Այնպէս որ այսօր այս դագաղին մէջ գտնուիլ իրեն համար տարօրինակ ու անակնկալ բան մը չէ եղած։
Մահը պատասխան կը սպասէ մեզմէ։ Ի՞նչ պիտի ընենք անոր հետ։ Ի՞նչ է անմահանալու ճանապարհը ան մեզ կոխկրտելէ առաջ։ Մարկոսեան շատ երիտասարդ տարիներուն տուած էր իր պատասխանը. ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ։ Պէտք էր, որ բազմանար եւ բազմացնէր ինքզինք ամէն առումով մեռնելէ առաջ։ Սերունդ հասցնելով, մարդ կերտելով, սորվեցնելով, անմահ գաղափարներ գրի յանձնելով, գիրքերու ծնունդ տալով, անցեալը ներկային եւ ապագային կամրջելով։ Ինչպէս քիչ առաջ կարդացուած Աւետարանին մէջ Տէր Յիսուս կը յորդորէր մեռնելէ առաջ մեռնելու մասին՝ օրինակ վերցնելով ցորենի հատիկը, որ եթէ չի մեռնիր առանձին կը մնայ. իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ եւ այդ արդիւնքով ինք պիտի ապրի։
Եւ ահա՛, Մկրտիչ Մարկոսեան կ’ապրի մեռնելով հանդերձ։ Որովհետեւ իր անմահութեան սերմերը ցանեց այս աշխարհին մէջ եւ արդիւնքը եղաւ այս տպաւորիչ բազմութիւնը։ Երբ ես այստեղէն կը դիտեմ ձեզ՝ իրմով բեղմնաւորուած այս բազմութիւնը, կարծես թէ ցորենի պարարտ դաշտ մը կ’երկարի առջեւս։ Հոս գտնուող եւ տակաւին բացակայող հազարաւորներ, իւրաքանչիւրս կտոր մը Մարկոսեան կը կրենք մեր մէջ։ Քրիստոսի խօսքը ուղղեալ իր հետեւորդներուն իրականացաւ Մարկոսեանի կեանքին մէջ. «Դու՛ք էք աշխարհի աղը, դու՛ք էք աշխարհի լոյսը»։
Մկրտիչ Մարկոսեանի այս յաջողութիւնը աւելի ցայտուն կը դառնայ երբ նկատի ունենանք անոր կեանքի համեստ սկիզբը Տիգրանակերտի մէջ։ Ոչ-հայախօս պատանի մը, ուղարկուած Պոլիս, զէրոյէն նոր կեանքի մը սկիզբ դրաւ։ Ատամնաբոյժ իր հայրը, ինքն ալ ոչ-հայախօս, կը հաւատայ եւ կը հաւատացնէ փոքրիկ Մկրտիչը, որ իր մայրենին չգիտցող հայը միշտ պիտի մնայ կիսատ ու անկատար։ Ուստի պատանի տարիքէն սկսեալ ստիպուեցաւ հոսանքն ի վեր դիավարել ետ առնելու համար այն ինչ որ Տիգրանակերտի մէջ զլացուած էր իրմէ։ Գարակէօզեան, Դպրեվանք, Պէզճեան եւ Կեդրոնական վարժարանները աւարտելով, բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Ստանպուլի Համալսարանի մէջ, շրջանաւարտ ըլլալով փիլիսոփայութեան ճիւղէն։ Հիմա կեանքի նետուելու ժամանակն էր եւ իր սերմերը կեանքի նետելու եւ այդ սերմերով անմահանալու ատենը հասեր էր։
Ինչ որ առած էր կեանքէն, աւելիով վերադարձուց տասնապատիկ, ճոխացած ու բազմապատկուած՝ պարարտ հունձքով մը ոսկեզօծ։ Մկրտիչ Մարկոսեան եղած է թրքահայութեան բազմակողմանի եւ բազմահմուտ մտաւորականն ու գրողը, կրթական մշակը իր բոլոր մակարդակներով՝ հսկիչ, ուսուցիչ եւ տնօրէն, գիրքերու հեղինակ, թերթերու աշխատակից, հրատարակչատուներու հիմնադիր, հայ գիւղագրութեան դրօշակակիր, փնտռուած բանախօս եւ ազգային գործիչ եւ այս բոլորով հանդերձ սքանչելի ամուսին եւ հայր, ընտիր բարեկամ եւ ընկեր։ Ինչ բանի որ ձեռք է նետեր՝ վերածեր է ոսկիի։
Եւ նայեցէ՛ք, այսօր իր ազգը կը կատարէ իրեն համար ազգային յուղարկաւորութիւն մը արժանաւորապէս։ Իր մահը ամբողջ երկրի կողմէ լսուեցաւ եւ ցաւակցականներու հեղեղ մը կը հոսի հանգուցեալի դագաղին շուրջբոլորը։ Երբ կը յաճախէր յարակից Պէզճեան Մայր Վարժարան, որպէս 15ամեայ աննշան պատանի մը՝ անշուշտ շատ մտած ելած է այս եկեղեցիէն։ Այսօր ալ մտաւ՝ 70 տարիներ յետոյ այս եկեղեցիէն ներս եւ դուրս պիտի գայ այս անգամ յաղթական լուսապսակով մը, որպէս հանրածանօթ անձնաւորութիւն, այլեւս պատմութեան անցած։
84 տարուայ երկարատեւ կեանքը կարելի է ամփոփել մէկ իսկ բառով. «Հոյակա՜պ»։ Չենք կրնար դամբանականի մը սեղմ խօսքերով նկարագրել իր անձը եւ գործը, զորս նիւթ պիտի վերցնեն գրականութեան պատմագէտներ, որոնք պիտի գտնեն իրենց առջեւ ուսումնասիրուելիք լայնածաւալ գանձ մը։ Պահն է պանծացնելու իր անթառամ յիշատակը։
Կամուրջ անձ մըն էր ան, որ իր էութեան մէջ միացուց անցեալը եւ ներկան, հայկականը եւ մարդկայինը, մտածումը եւ ծիծաղը, խօսքը եւ պայքարը։
Ահա՛ մարդը։
Այժմ եկէ՛ք թաղենք Մկրտիչ Մարկոսեանը իր սիրած, իր նուիրուած ժողովուրդին սիրտին մէջ։ Ընդարձակ տեղ ունի նաեւ, շնորհիւ իր թրքերէն գրականութեան, միլիոնաւոր Թուրքերու, Քրտերու, Ասորիներու եւ այլ ժողովուրդներու սիրտերուն մէջ։ Այդպէ՛ս կ’ուզէր ան թաղուիլ։ Մեծ դատարկութիւն մը կը թողու իր ետին։ Փա՜ռք Աստուծոյ, որ Մարկոսեանը իր դրօշը յանձնեց ուրիշներուն, գոյատեւման պայքարը կը շարունակուի։
Այժմ կը տեղադրենք իր յիշատակը Պոլսահայ մեծութիւններու պանթէոնին մէջ եւ իր հոգին կը յուղարկենք ազգային մեծ փառքով՝ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն։ Հարկաւ թէ անդենականին աւելի հոծ բազմութիւն մը պիտի դիմաւորէ զինք ծափահարելով ցնծագին։
Այս ազգային յուղարկաւորութեան առթիւ մեր կրօնական եւ աշխարհական բոլոր հաստատութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներու ցաւակցութիւնները հաւաքաբար կը փոխանցեմ այրիին՝ ազնուափայլ տիկին Սելմա Մարկոսեանին, իր զաւակներուն՝ Շանդին եւ Շողերին, թոռնիկներուն, իր եղբօր՝ Արտաշէս եւ Սիլվա Մարկոսեանին, Անժել Թիւզինին։ Շնորհակալ ենք ձեզի ազգովին, որովհետեւ մեզի համար կայտառ եւ կենսառողջ ազգային մշակ մը պահեցիք ձեր երդիքին տակ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի արդիւնաբեր կեանքի գաղտնիքը ձեր ընտանեկան կեանքն էր, ձեր տաքուկ բոյնը՝ սէր, համերաշխութիւն ու հոգածութիւն պարունակող։
Այս առիթով նաեւ Հայ Կաթոլիկ համայնքը եւս կը բերէ իր ցաւակցութիւնը յանձին առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի, Մխիթարեան հայրերու հետ։
Հանգուցեալը Կեդրոնական Վարժարանի պարծանք շրջանաւարտներէն եղած է եւ հաւատարիմ նուիրեալը՝ Դպրեվանքի աւանդին։ Ուստի մեր յատուկ ցաւակցութիւնները կ’ուղղենք նաեւ Գարակէօզեան, Պէզճեան, Կեդրոնական եւ Դպրեվանքի լայն շրջանակներուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց բերած անփոխառինելի ներդրումին համար Մարկոսեանի պէս ազգային հսկայի մը կազմութենէ ներս։
Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առիթով
Գաւառի շարունակուող մահը եւ
Մկրտիչ Մարկոսեանի անմահութեան գաղտնիքը
ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
1989-ի Սեպտեմբերի 14-ին լուսաւոր օր պարգեւեց ինձ Իսթանպուլում խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով «Մարմարա»ի տանը վարելու պոլսահայ գրական աւագանու հետ ջերմ ու շիտակ, անմոռաց զրոյց։ Այսօր նրանցից միայն երկուսը մնացին պատնէշի վրայ՝ խմբագիրը եւ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը։ Միւսները՝ Զահրատը, Զարեհ Խրախունին, Վարդան Կոմիկեանը, Վարդ Շիկահերը, Անդան Էօզէրը, այլեւս յիշատակ են։ Իսկ օրեր առաջ հեռաձայնը գուժեց, որ մասունք դարձաւ նաեւ հայ արձակի վարպետներից Մկրտիչ Մարկոսեանը, որը գալիս էր Տիգրանակերտից՝ բերելով իր հետ հայոց գաւառի նկարագրի բոյր ու հոգեբանութիւն, սերունդներին պահ տալով կորսուող «մեր այդ կողմերը»՝ գունային անկրկնելի հարազատութեամբ։ Սրտից մատների ջղեր, մատներից գրամեքենայ եւ յետոյ համակարգիչ նրա գրչի թրթիռները փոխանցում էին հայ գիւղագրութեան միւս երկու մոհիկան-պահապանների՝ Յակոբ Մնձուրիով ու Հրանդ Մատթէոսեանով շարունակուած ու իրենով ամբողջացող աւանդոյթը։ Երեքով կազմեցին մեր նորագոյն գրականութեան երեք տիրական բնաշխարհների սուրբ երրորդութեան հրաշալի միասնութիւնը՝ Արմտանը, Տիգրանակերտը եւ Ծմակուտը։ Ո՞րն է հնագոյնը, դժուար է ասել. ծոուածաւալ բնաշխարհ է։
Մկրտիչը ծնուել էր 1938-ի Դեկտեմբերի 23-ին Տիգրանակերտում, հայերիս քաջ յայտնի Տիարպեքիրում, ուր ապրել է իր լուսաւոր մանկութիւնը։ Պոլիս եկել է միայն տասնհինգ տարեկանին, սակայն, ինչպէս խոստովանում է, որտեղ էլ եղել է, պտտել է Տիգրանակերտի փողոցներում, այսինքն՝ կրել է քաղաքն ու ժողովրդին, եւ լեզուն, որն զգում էր, բայց դեռ խորքով չէր տիրապետում, պահում էր մանկութեան ծալքերում։ Եկաւ Սկիւտարի Դպրեվանք, սովորեց, աւարտեց։ Անյագօրէն սովորեց նաեւ Պեզճեանում ու Կեդրոնականում, աւարտեց Ստամբուլի համալսարանի Գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժանմունքը։ Դարձաւ ուսուցիչ, վեց տարի ճակատագրի վարձատրութեամբ պաշտօնավարեց որպէս նոյն Դպրեվանքի տնօրէն (1966-1972), Դուրեանի հարեւանութեամբ, գրականութեան գերի ու պատանդ։ Վերջիններից էր, որ ոստում կատարեց դէպի բարձր սլացքի մէջ թեւածող պոլսահայ նորոգուած աշխարհ ու յայտնուեց Յակոբ Մնձուրու կողքին։ Մկրտիչ Մարկոսեանն ունի Մնձուրու հետ գրական երկը խօսութեան հրաշալի մէկ օրինակ՝ «Պատասխան մը» պատմուածքը, ուր վկայում էր Վարպետի հետ ժամանակի մտերմիկ սեղանի շուրջ գիւղական պարզ բերկրանք վայելելու, սերնդակից դառնալու հնարաւորութիւնը. «Վարպե՛տ, օր մը Տօլապտէրէ եկուր, թանին մէջ հաց բրդենք, միասին դգալ դգալ ուտենք…։ Ի՞նչ կ’ըսես։ Կուգա՞ս։ Հէ՞, Վարպե՚տ, կուգա՞ս»։
Պարզ ու անպաճոյճ էր իր գրականութիւնը։ Առաջինը, որ աչք զարնեց, «Մեր այդ կողմերը» 23 պատմուածքների ժողոուածուն էր (1984), յետոյ եկաւ «Տիգրիսի ափերէն»ը (1999), որոնց մէջ կերպարները, վաւերական տիպեր, իր հին ու բարի, հաւատարիմ բարեկամներն էին, երեք լեզուներով հրատարակած «Գեաւուր թաղը» (1992)։ Վերջին երկուսը լոյս էին տեսել իր հիմնած «Արաս» հրատարակչատանը, որ ծաւալել եւ այսօր էլ ծաւալում է գրամշակութային լայն գործունէութիւն ոչ միայն Պոլսում, այլեւ նրանից դուրս։ Գրում էր թուրքերէն գրքեր, թարգմանւում էր քրդերէն, անգլերէն։ Ալիս Տէր-Վարդանեանի եւ Հուրի Վարժապետեանի ջանքերով հենց վերջերս Մարսէլում տպագրուեց «Տիգրիսի ափերէնեը ֆրանսերէն։
Նրա հերոսները՝ Խընօ մայրը, Ժամկոչ Արսէնը, Քուրէ Մաման, Խաչխաթունը, Լիսիէ եւ Եղսօ «օրհնեալ» պաճօները, Թօքատի կողմերից եկած խենթ Աղաւնին եւ ուրիշներ, մեռնող աշխարհի վերջին մոհիկաններն էին, Տիգրանակերտը՝ իր Ս. Կիրակոս եկեղեցիով, մեր գրականութեան գիւղագրական տարածքի վերջին սահմանագլուխ աշխարհը, նրանք, որոնք «գացին» այս աշխարհից («Անոնք գացին»)։ Նրանց ետեւից՝ մեր արձակագիրը, գնաց՝ երկնքում փնտռելու իր Տիգրանակերտն ու տիգրանակերտցիներին։
արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։