Պոլսահայ գրականութեան ներկայ կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն Մկրտիչ Մարկոսեան մահացաւ 2 Ապրիլ շաբաթ օր։ Մարկոսեան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր լեարդային հիւանդութիւնով եւ կը դարմանուէր Մալթեփէ Համալսարանի Հիւանդանոցին մէջ։
«Արաս» Հրատարակչատան հիմնադիրներէն մկրտիչ Մարկոսեան անցեալին իբրեւ յօդուածագիր աշխատակցած էր նաեւ «Ակօս»ին։
Մարկոսեան մինչեւ մահուան նախորդող երկու շաբաթներ մեծ պարտաճանաչութեամբ կատարեց նաեւ «Էվրենսել» թերթի յօդուածագրի իր ծառայութիւնը։
Մարկոսեան ծնած էր 23 Դեկտեմբեր 1938-ին Ամիտայի Հանչէփեկ թաղը, որ ծանօթ է նաեւ «Կավուրներու թաղ» կոչումով։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն վարժարաններուն մէջ եւ ապա Պոլիս գալով յաճախեց Պէզճեան Մայր Վարժարան ու ապա Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը։ Համալսարանական ուսում ստացաւ Իսթանպուլի Համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ։
1966-1972 թուականներու միջեւ ստանձնեց Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնը, ուր դասաւանդեց նաեւ փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզու եւ գրականութիւն առարկաները։
Իր գրական առաջին փորձերը լոյս տեսան «Մարմարա» օրաթերթի սիւնակներուն վրայ, որոնք աւելի ուշ հաւաքուեցան «Մեր Այդ Կողմերը» անուն հատորին մէջ։
Մարկոսեանի գրականութիւնը 1988-ին արժանացաւ Փարիզ Էլիզ Քաւուքճեանի անուան գրական մրցանակին։
«Արաս» հրատարակչատունը 1992-ին լոյս ընծայեց Մարկոսեանի պատմուածքներու թարգմանութիւնը «Կավուր Մահալլէսի» անունով։ Ապա յաջորդեցին՝ «Ըսէ Մարկոս Ուրտեղացի՞ Ես» եւ «Տոմսակնիս Դէպի Իսթանպուլ» հատորները։ Այս երեք թրքերէն հրատարակչութիւններուն յաջորդեց հայերէնով երկրորդ գիրքը՝ «Տիգրիսի Ափերէն»։
«Կաւուր Մահալլէսի» գիրքի «Աւեստա» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսաւ քրտերէն թարգմանութիւնով։
Թրքերէնով գրի առնուած «Համրիչի Հատիկներ» յուշագրութիւն վէպը եւս հետաքրքրութիւն ստեղծեց ընթերցողներու լայն զանգուածի մը մօտ։
Մարկոսեան բացի այդ, անջատ հատորներու մէջ հրատարակեց իր յօդուածները «Կեռիքով Ասեղ», «Կնքահօր Նամակներ», «Զուռնայ» եւ «Քիւրտան» անուններով։ Հեղինակի վերջին գործը եղաւ Աշխարհի արարման ոդիսականը երգիծական մերձեցումով պատմող. «Աստուծոյ Ուղեւորագրութիւնը»։
Մարկոսեանի թաղումը կը կայանայ 7 Ապրիլ հինգշաբթի Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցիէն ազգային յուղարկաւորութեան ձեւաչափով ու հողին կը յանձնուի Շիշլիի գերեզմանատունը։
Արձագանգներ ու պատգամներ
Ընդդիմադիր հեռուստակայաններ մահուան բօթը իմացուցին նախ ներքնագրերով եւ ապա լուրերու հաղորդման ընթացքին։ Զանազաններ որոնց կարգին Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու, Ժողովրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ բանտարկեալ Սելահատտին Տեմիրթաշ, նոյն կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու, «ՓԵՆ» գրողներու միութիւնը, Տիյարպեքիրի կուսակալ Միւնիր Քարալօղլու, Թուրքիոյ Գրողներու Արհիմութեան նախագահ Ատնան Էօզեալչընէր, գրողներ Մուրաթհան Մունկան եւ Ահմետ Իւմիթ, Տեւա Կուսակցութեան նախագահ Ալի Պապաճան, Քատըգիւղի քաղաքապետ Շերտիլ Տարա Օտապաշը, Կղզիեաց քաղաքապետ Էքրեմ Կիւլ եւ այլն։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան կեդրոնն ալ եռալեզու պատգամով մը Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առթիւ ցաւակցութիւն յայտնեց երկրի բոլոր ժողովուրդներուն։