Թերթս տպագրութեան պատրասուած ժամերուն Պրիւքսելի մէջ կը կայանար ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, միջնորդութեամբ Եւորպական Խորհուրդի Նախագահ Շառլ Միշելի։
Վարչապետ Փաշինեան նախքան եռակողմ հանդիպման առանձնազրոյց մը ունեցած է Շառլ Միշելի հետ ու անոնք անդրադարձած են եռակողմ միջոցաւ երկխօսութեան շարունակականութեան կարեւորութեան։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդկային խնդիրները ու ընդգծած է միջազգային հանրութեան արձագանգի անհրաժեշտութիւնը։
ՀՀ Վարչապետը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են նախորդ տարուայ 14 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման գործընթացի մասին։ Կողմերը յոյս յայտնած են որ այսօրուայ եռակողմ բանակցութիւնները կ՚ըլլան արդիւնաւետ, կը նպաստեն կայունութեան ու խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման։
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը քննարկած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ Եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի իրագործման ընթացքը։