Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առթիւ անգամ մը եւս կը լսենք ծանօթ յանկերգը՝ «Գաւառի գրականութեան վերջին ներկայացուցիչ»ի մասին։
Կը յիշեմ Յակոբ Մնձուրիի մահուան առաջին տարելիցի առթիւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման միջոցառումը։ Այդ օրը յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է հայերէնի վաստակաւոր ուսուցիչ Արա Կիւրտենի արտասանած «Մունջ» պատմուածքով ու Ռոպէր Հատտեճեանի գաւառի գրականութիւնը վերլուծող ելոյթով։
Կիւրտեն Յակոբ Մնձուրիի «Մունջ» անուն պատմուածքին մէջ ներկայացուց գաւառի այն հին ու նողկալի սովորոյթը, ուր նոր հարսերուն կ՚արգիլուի տան մէջ, յատկապէս ընտանիքի նահապետի ներկայութեամբ խօսիլ, մինչեւ որ ծնին անդրանիկ երախան։
Իսկ Հատտեճեան փաստացիօրէն կը պատմէր թէ ինչո՞ւ Մնձուրիի մահով վերջակէտ կը դրուի գաւառի գրականութեան։ «Եթէ գաւառի գրականութիւնը կը վերաբերի գիւղական կեանքի ու կենցաղի, բարքի ու սովորոյթներու, այլեւս գիւղ գոյութիւն չունի կը հաստատէր Հատտեճեան։ Ճիշդ էր, իսկապէս ալ մեծ եղեռնի հետեւանքով անհետացած էր գիւղը, որ ինքնին մշակոյթի օրրանն էր։ Ինչպէս արեւմտեան երկիրներու «քուլթուր» կամ արեւելահայերէն գրառումով «կուլտուրա» բառը, նոյնպէս հայերէնի մշակոյթը կամ թրքերէնի նոյնիմաստ «էքին»ը հողամշակման բառամթերքէն փոխանցուած եզրեր են եւ ուղղակիօրէն կ՚առնջուին հողամշակման կամ գիւղական տնտեսութեան։
Մկրտիչ Մարկոսեան այս առումով կու գայ տապալելու գաւառի գրականութիւնը եւ գիւղը միաձուլող կարծրատիպը։ Անոր գաւառը քաղաքն է, Ամիտան կամ մեր սիրած կոչումով Տիգրանակերտը։ Անոր հերոսները հողամշակներ չեն, այլ զանազան բնոյթի արհեստաւորներ։ Արհեստաւորներ՝ որոնք եւս կարող են մշակոյթ ծաղկեցնելու։ Յիշենք «Պիլուրճի Նշան» կերպարը, որ կը խօսէր տարածքաշրջանի բոլոր լեզուներով։ Արտակարգ հմտութեամբ կ՚արտադրէր բոլոր տեսակի փողային նուագարաններ, որոնք կենդանութիւն կը ստանային տեղացի հովիւներու շունչով ու վարպետի վաստակը կը փաստէին ամբողջ աշխարհի, զայն դարձնելով համաշխարհային մշակոյթի կենդանի ժառանգ։
Տիգրանակերտ իր բազմազգի բնակչութեամբ, քաղաքաշինութեան իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ եւ յատկապէս վերջին քառասնամեակի ընկերա- քաղաքական փոթորկալից վերիվայրումներով յիշատակուած շատ կարեւոր կեդրոն մըն է։
Այդ քաղաքէ ներս հայու ներկայութիւնը վերակենդանացաւ պատմական Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութեամբ։ Եկեղեցին պաշտամունքի բացուելէ ետք բազմաթիւ ծպտեալ հայեր համարձակութիւնը ունեցան իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու եւ վերստին, այս անգամ առանց քօղարկուելու պահանջը զգալու, հպարտօրէն եկեղեցւոյ ծուխը դարձան։
Երբ մեծ քաղաքներու մէջ օր ըստ օրէ կը նահանջէ հայ ինքնութեան կարեւորագոյն յատկանիշներուն, հայախօսութեան եւ հայերէն անուններու գործածութեան սկզբունքները, խիստ շահեկան է իբրեւ թէ «գաւառ» կոչուած քաղաքներէ ներս նկատուած զարթօնքը։
Մարկոսեան իր գրական վաստակով մեծապէս սատարեց այդ զարթօնքին, հայոց հետ նաեւ իրազեկելով տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդները։ Այս իսկ բաւարար է անոր գործը հայ գրականութեան պատմութեան բարձր պատուանդանին դնելու համար։