Կարելի է մտածել թէ ո՞րն է մարդը բնութագրող յատկութիւնը։ Մտածեցի այս մասին եւ համոզուած եմ որ մարդը բնութագրողը իր վարքն է։ Վարքը ցոլացումն է մտածումներու, կրթութեան, զգացմունքի ու նաեւ գաղափարներու։ Որքան հակասական պիտի ըլլար ընդմիշտ բարիքի մասին խօսող, բայց իրականութեան մէջ չարիք պատճառող կերպար մը։ Հակառակն ալ ենթադրել կարելի է։ Յաճախ չարագորութեան մէջ յայտնուած, բայց ենթագիտակցութեան մէջ բարիքով լեցուն կերպարներ ալ կան։ Այս մասին կը մտածեմ շատ սիրելի բարեկամի մը՝ Այտըն Էնկինի մահուան բօթը լսելով։ Ան իր ներքին բոլոր բարիքը կը ցոլացնէր նաեւ արտաքնին վրայ եւ իր վարքով կը վայելէր բոլորին համակրանքը։ Անշուշտ որ կային իր գաղափարներուն հետ հաշտ չեղողներ, նոյնիսկ անոնք միշտ տրամադիր էին զինք դգալ մը ջուրի մէջ խեղդամահ ընելու։ Բայց անոնք ունէին ուրիշ յատկութիւն մը, երբեք անձամբ չէին հանդիպած իրեն։ Անոր մասին լսած էին ուրիշներու խօսքերէն։ Իսկ եթէ առիթը ունենային անձամբ ծանօթանալու, մի գուցէ կարճ, բայց իր հետ զրուցելու իսկոյն պիտի փոխուէր անոնց վարուելակերպը։
Այդ նոյն հաստատումը ի զօրու է նաեւ Այտըն Էնկինի ընկերներէն Հրանդ Տինքի համար ալ։ Մահափորձէն ետք շատեր կը բաժնէին, այն կարծիքը թէ, եթէ ոճրագործը քանի մը նախադասութիւն փոխանցած ըլլար Տինքի հետ, չէր կրնար գործել այդ ոճիրը։
Վարքի այս յատկութիւնը կարելի է նկարագրել նաեւ մտերմութիւն եզրով։ Մտերիմ էր Այտըն Էնկին։ Քովընտի ոչ մէկ ակնկալութիւն ունէր իր կարծիքները արտայայտած պահուն։ Կը խօսէր հաւատացածը միայն։ Կեղծաւորութիւն չէր գիտեր։
Ինչ զարմանալի զուգադիպութիւն, երբ եղբօր մահուան պատճառած ցաւը կիսելու համար կը զանգահարէի վաղեմի ընկերոջս՝Սարգիս Քիւլեկեչի, ան ալ նոյն յատկանիշով բնութագրեց իր աւագ եղբայրը՝ Նշանը։ «Շիփ շիտակ մարդ մըն էր։ Ինչ որ մտածէր այս կ՚ըսէր»։ Ես ալ կը հաստատեմ ընկերոջս այդ վկայութիւնը, քանի որ որոշ ժամանակ բարի դրացնութիւն մը ապրած եմ իր հետ։
Ինչ որ կը մտածէ այդ ըսողները երբեմն նկատելով թէ իրենց խօսքը կրնայ վիրաւորական ըլլալ, կը նախընտրեն լռութիւն պահել։ Իսկ Այտըն Էնկին լռութիւն պահողներէն ալ չէր։ Չէր զլանար խօսքը եւ դիւրաւ կը հատուցէր այդ խիզախութեան պարտադրած հարկադրանքը։ Այդ իսկ պատճառաւ դատուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ աքսորեալի պայմաններով ապրեցաւ օտարութեան մէջ։
Իր յիշատակը մեր աչքերուն առջեւ կը դրոշմուի Հրանդի մահուան յաջորդող օրերուն «Ակօս»ին մէջ ստանձնած, այդ նուիրեալ վարքով։ Ոճրի յաջորդող օրերուն «Ակօս»ի անձնակազմը գլխատուած հաւու մը տպաւորութիւնը կը պարզէր։ Մեր սիրելի կրտսեր ընկեր Արիս Նալճը «Զոմպիի նման էինք» ըսելով կը նկարագրէ այդ հոգեվիճակը։
Իսկ ան՝ Այտըն Էնկին իր հասունութեան մէջ գործերը ծրագրաւորող գլխաւոր տարրն էր։
Ի դէմ բոլոր հալածանքներուն երջանիկ կեանք ապրեցաւ շնորհիւ իր գաղափարակից եւ նոյնքան խիզախ տիկնոջ՝ Օյա Պայտարի։
Կորսնցուցինք հսկայ մը եւս, որուն բացակայութիւնը կսկիծ, իսկ յիշատակումը երախտիք պիտի պատճառէ։ Երախտիք՝ զինք ճանչցած եւ ընկերութիւնը վայելած ըլլալու բերմամբ։
pakrates@yahoo.com