«Եոլճու» թատերախումբի կողմէ բեմադրուած եւ 21-երորդ ներկայացումը ետին թողած «Կոմիտաս» մրցանակներ ստացաւ։
«Տիրեքլեր առասը» հանդիսատեսի մրցանակ կոչեալ մրցանակաբաշխութեան մէջ թատրերգութեան հեղինակ եւ բեմադրնչ Ահմետ Սամի Էօզպուտակ արժանացաւ լաւագոյն բեմադրութեան մրցանակին։ Իսկ Կոմիտաս վարդապետը մարմանւորող Ֆեհմի Գարաասլան նուաճեց լաւագոյն դերասանի մրցանակը։
Բեմադրութիւնը նիւթ կ՚առնէր Կոմիտաս վարդապետի հիւանդութեան շրջանի տխրագոյն դրուագները
Բեմադրութեան ընթացքին Լուսաւորիչ Երգչախումբն ալ կը կատարէր Կոմիտասեան խմբերգեր։ Երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան ստանձնած էր նաեւ այս ներկայացումներու երաժշտական վարչութիւնը։