«Որտե՞ղ է արուեստը»

Կերպարուեստի աշխատանքներու ցուցահանդէս UWC Դիլիջանի դպրոցին մէջ

«Արուստն իմ հայրենիքն է,

իսկ միւս բոլոր արուեստագէտներն

իմ ընտանիքի անդամներն են»։

Քրիստիան Բոլտանսկի

5Ապրիլին, Դի­լիջան. UWC Դի­լիջա­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ ու­սա­նող­նե­րու կեր­պա­րուես­տի աշ­խա­տանքնե­րու տա­րեկան ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ այս տա­րի կ՚անցնի «Որ­տե՞ղ է արո­ւես­տը» խո­րագ­րով։ Ներ­կա­յացո­ւած են 2022թ. դպրո­ցը աւար­տող ու­սա­նող­նե­րու աշ­խա­տանքնե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակցին 22 ու­սա­նող հե­տեւեալ երկրնե­րէ՝ ԱՄՆ, Ֆին­լանտիա, Ռու­սաստան, Հա­յաս­տան, Նի­դեր­լանդներ, Ղա­զախստան, Գեր­մա­նիա, Մեծ Բրի­տանիա, Թուրքիա, Շո­ւեդիա, Լի­բանան, Ճա­պոնիա, Սի­րիա, Քամ­պո­ջիա։ Մեր երի­տասարդ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը յաղ­թա­հարած են սահ­մաննե­րը ոչ միայն արո­ւես­տով, այլ բա­ռացիօրէն՝ կտրե­լով բազ­մա­թիւ մղոն­ներ UWC Դի­լիջան ու­սա­նելու հա­մար։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մար­տի 27-ին յա­տուկ տօ­նական արա­րողու­թիւնով, որուն կը մաս­նակցէին մեր հա­մայնքի ան­դամնե­րը, դպրո­ցի բա­րեկամ­նե­րը, հիւ­րեր Դի­լիջա­նէն եւ Հա­յաս­տա­նի այլ վայ­րե­րէն։ Ապ­րի­լի 3-ին դպրոց այ­ցե­լեցին հա­յաս­տա­նեան մշա­կու­թա­յին հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչներ՝ հան­դի­պելու մեր ու­սա­նող­նե­րուն եւ արո­ւեստնե­րու ու­սուցիչ­նե­րուն հետ եւ դի­տելու անոնց աշ­խա­տանքնե­րը։ Հիւ­րե­րու թո­ւին էին պատ­կե­րաս­րահնե­րու եւ թան­գա­րան­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, նկա­րիչ­ներ եւ լու­սանկա­րիչ­ներ։

«Մի­ջազ­գա­յին փո­խըմբռնու­մը պար­զա­պէս մո­տայիկ խօս­քեր չեն, այլ այն, ինչ որ մեր արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը ապ­րած ու զգա­ցած են Հա­յաս­տա­նի, UWC Դի­լիջա­նի եւ մեր արո­ւես­տա­նոցի մէջ աշ­խա­տելու եր­կու տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի նպա­տակն է խրա­խու­սել երկխօ­սու­թիւնը եւ բա­ցայայ­տել արո­ւես­տի տե­ղը այ­սօ­րուայ փխրուն աշ­խարհի մէջ։ Ու­սա­նող­նե­րու աշ­խա­տանքնե­րը ցոյց կու տան, որ անոնք ու­նակ են կա­ռու­ցել կա­մուրջներ քա­ղաքա­կան լա­րուա­ծու­թիւննե­րու եւ ռազ­մա­կան բա­խումնե­րու առա­ջացու­ցած ան­դունդնե­րու վրա­յով։ Ամէն մի ցու­ցադրո­ւած գործ իս­կա­պէս իւ­րա­յատուկ է եւ ար­տիստիկ գա­ղափար­նե­րու ազատ փո­խանակ­ման մի­ջոցով նո­րովի մտա­ծել կու տայ սահ­մաննե­րու եւ տար­բե­րու­թիւննե­րու մա­սին»,- նշեց UWC Դի­լիջա­նի արո­ւեստնե­րու ֆա­կուլտե­տի ղե­կավար Յա­րոս­լավ Զա­բավսկին։

«Իմ բո­լոր գոր­ծե­րը կա­պուած են սլա­վոնա­կան մշա­կոյ­թի հետ։ Արո­ւես­տի մի­ջոցով կը փոր­ձեմ հա­ղոր­դել սլա­վոն ժո­ղովուրդնե­րու միաս­նութեան մա­սին իմ ըսե­լիքը, յատ­կա­պէս Ռու­սաստա­նի եւ Ուքրաինա­յի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցողի ֆո­նին։ Կը կար­ծեմ, որ արո­ւես­տը ժո­ղովուրդնե­րը միաւո­րելու մե­թոդ­նե­րէն մէկն է, ուստի կ՚աշ­խա­տին յետ­խորհրդա­յին աշ­խարհի՝ ժա­մանա­կին Քիեւան Ռու­սիոյ մաս կազ­մած մշա­կոյթնե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ուղղու­թեամբ», կ՚ըսէ Եւա Մո­դես­տո­վան Ռու­սաստա­նէն։

«Իմ աշ­խա­տանքնե­րու հիմ­նա­կան թե­մանե­րէն մէ­կը արո­ւես­տի ու մա­թեմա­տիկա­յի փոխ­կա­պակ­ցո­ւածու­թեան ար­տա­յայ­տութիւնն է։ Օգ­տա­գոր­ծե­լով տար­բեր մի­ջոց­ներ՝ խա­ւար լու­սանկար, կաւ եւ ակ­րիլ ներկ՝ կը փոր­ձեմ ցոյց տալ, որ արո­ւես­տը ու մա­թեմա­տիկան կրնան միաձու­լո­ւիլ»,- կ՚ըսէ Անդրա­նիկ Գա­լոյեանը Միացեալ Նա­հանգնե­րէն։

«Իմ աշ­խա­տանքնե­րուն ոգեշնչո­ւած եմ աուտսայ­դեր արո­ւես­տով, այն է հո­գեկան հի­ւան­դութիւննե­րէն եւ տար­բեր խան­գա­րումնե­րէն ծնո­ւած գոր­ծեր, որոնք մար­դու աչ­քին ֆի­զիկա­պէս տե­սանե­լի չեն։ Ես կ՚ու­զեմ ձայն տալ կոյ­րե­րուն, խու­լե­րուն, փոսթթրավ­մա­տիկ սինդրո­մով, դե­մեն­ցիայով կամ էպի­լեպ­սիայով տա­ռապող մարդկանց։ Սա նաեւ անձնա­կան բնոյթ կը կրէ ինձ հա­մար, քա­նի որ ինքս էպի­լեպ­սիայով կը տա­ռապիմ, ուստի կ՚ու­զեմ պատ­կե­րել թէ ինչ է նո­պան եւ ինչպէս այն կը պայ­մա­նաւո­րէ իմ աշ­խարհը», կ՚ըսէ Շի­նուկ Պլաատը Նի­դեռ­լանդնե­րէն։

«Իմ արո­ւես­տը եւ­րո­պական երկրնե­րու մէջ ճա­պոնա­կան մշա­կոյ­թի տա­րած­ման մա­սին է։ Սա կու գայ իմ ման­կութե­նէն. շուրջ հինգ տա­րի ապ­րած եմ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։ Սոր­ված եմ ներ­կա­յաց­նել Ճա­պոնիան տար­բեր երկրնե­րու մէջ ու հի­մա ալ իմ արո­ւես­տի մի­ջոցով։ Նաեւ փոր­ձած եմ պատ­կե­րել ֆե­մինիզ­մը արուես­տի մի­ջոցով՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով տար­բեր տեխ­նի­կաներ եւ նաեւ իմ ինքնու­թիւնը», - կ՚ըսէ Մի­սակի Մո­տոհա­շին Ճա­պոնիայէն։

UWC Դիլի­ջանի մա­սին

UWC Դի­­լիջա­­նը յետ­­խորհրդա­­յին տա­­րած­­քին հիմ­­նո­­­ւած առա­­ջին մի­­ջազ­­գա­­­յին դպրոցն է, որ կը գոր­­ծէ UWC կրթա­­կան մո­­դելով։ Դպրո­­ցը իր դռնե­­րը բա­­ցած է 2014 թո­­ւակա­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի Դի­­լիջան քա­­ղաքը։ Ան ներ­­կա­­­յումս ու­­նի 220 ու­­սա­­­նող աշ­­խարհի աւե­­լի քան 80 երկրնե­­րէ, իսկ դա­­սախօ­­սական կազ­­մը կը նե­­րառէ 36 ու­­սուցիչ՝ 15 երկրէ։

Դի­­լիջա­­նի ստեղծման գա­­ղափա­­րը կը պատ­­կա­­­նէ հան­­րօ­­­գուտ ներդրող­­ներ եւ սո­­ցիալա­­կան ձեռ­­նե­­­րեց­­ներ Ռու­­բէն Վար­­դա­­­նեանին եւ Վե­­րոնի­­քա Զո­­նաբեն­­դին, ով­­քեր այն կեան­­քի կո­­չած են այլ հիմ­­նա­­­դիր նո­­ւիրա­­տու­­նե­­­րու աջակ­­ցութեամբ, Քո­­լէճը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է աւե­­լի քան 330 բա­­րերա­­րի առա­­տաձեռն նո­­ւիրա­­տուու­­թիւննե­­րու շնոր­­հիւ։ Քո­­լէճի ըն­­դունե­­լու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը հիմ­­նո­­­ւած է ֆի­­նան­­սա­­­կան աջակ­­ցութեան կա­­րիքի վրայ եւ թոյլ կու տայ դի­­մելու բո­­լորին՝ ան­­կախ սո­­ցիալ-տնտե­­սական կա­­ցու­­թե­­­նէն։ Ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու աւե­­լի քան 80% կը ստա­­նայ լրիւ կամ մաս­­նա­­­կի կրթա­­թոշակ։

Դի­­լիջա­­նի մէջ ու­­սումնա­­ռու­­թեան եւ դա­­սաւանդման գոր­­ծընթա­­ցը կ՚իրա­­կանա­­ցուի «Մի­­ջազ­­գա­­­յին բա­­կալավ­­րիատ» (International Baccalaureate, IB) տիպ­­լո­­­մային ծրագ­­րով, որը գնա­­հատո­­ւող ծրա­­գիր է՝ նա­­խատե­­սուած 16-19 տա­­րեկան երի­­տասարդնե­­րու հա­­մար։

Դի­­լիջա­­նը ար­­դէն իսկ ու­­նի շրջա­­նաւարտնե­­րու հինգ սե­­րունդ (2016-էն 2021 թո­­ւական­­ներ), որոնցմէ շա­­տերը իրենց ու­­սումը կը շա­­րու­­նա­­­կեն աշ­­խարհի առա­­ջատար կրթա­­կան հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րուն, այդ թո­ւին են՝ Հար­­վարդի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Փրինսթոնի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Յեյ­­լի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Քո­­լումպիայի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Լոն­­դո­­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան Քո­­լէճը, Տիւ­­քի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Գա­­լիֆոր­­նիայի հա­­մալ­­սա­­­րանը (Բերկլի), Մակ-Գի­­լի հա­­մալ­­սա­­­րանը, Էդին­­բուրգի հա­­մալ­­սա­­­րանը, ՔՅԿԻ-ի (Քե­­կի Յետ­­բուհա­­կան Կրթու­­թեան Ինստի­­տու­­տի) Մի­­ներ­­վա­­­յի դպրո­­ցը եւ այլն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ