ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Երուսաղէմ
narekian2000@yahoo.com
Տան համեստ գրադարանը տակնուվրայ կ՚ընէի։ Ինչ կայ չկայ կը կարդայի հայերէնով։ Հոն, անկիւն մը, տխուր, ծուռվիզ կը մնար Մկրտիչ Մարկոսեանի «Մեր այդ կողմերը», որու կապտաւուն կողքը, գիւղացի կիներու լուսանկարով, չէր խօսեր ինծի։ Տարիներ պէտք է անցնէին, քիչ մը պէտք է հասուննայի, ծանօթանայի գրականութեան քովնտի փողոցներուն եւս՝ որպէսզի հասկնայի զայն, թափանցել կարենայի կողքի լուսանկարի ծալքերուն եւ հեղինակի ինքնուրոյն կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն։
Հրաժեշտի այս պահուն, մէկ անգամ եւս հարկ է յիշել Մկրտիչ Մարկոսեանի ստանպուլահայ նորագոյն գրականութեան բերած անփոխարինելի նպաստը, իր ուրոյն ներկայութիւնը մա՛նաւանդ 60-ականներու գրական շարժումէն ներս, երբ գաւառի տարբեր անկիւններէն պատանիներ իրենց մայրենին վերստանալու համար կը փութային Գարակէօզեանի ու Դպրեվանքի նման իմաստութեան տաճարներ եւ ո՛չ միայն կը նուաճէին զայն, այլ կ՚աճեցնէին ալ՝ իրենց մատղաշ հոգիներուն մէջ վերածելով զայն ատոք հասկերու, միշտ պատրաստ պայթելու… Ու պայթեցաւ ալ, հասկերը սփռեցան չորս դի, ծլեցան ու ծաղկեցան։ Մարկոսեանի այդ շրջանի գրուածքները, իր սկզբնական շրջանը այսինքն, նորարար շունչով յագեցած էջեր ու տողեր ունի իր մէջ, որոնք տպաւորիչ են, խոստմնալից…
Բայց ակնյայտ են նորահաս երիտասարդին որոնումները, որոնք զինք կ՚առաջնորդէին իր լաւագոյն գիտցածը պատմելու՝ պատմելո՛ւ երկիրը, ուրկէ եկած էր, իր հայրենիքի, Տիգրանակերտը, մի խօսքով՝ իր այդ կողմերը… Յակոբ Մնձուրիէն ստացած օրհնութիւնը մեծ քաջալերանք մըն էր անկասկած Մարկոսեանի համար, որ ատկէ ետք աւելի ամուր քայլերով պիտի սկսէր յառաջանալ. փնտռուող պատմուածքներու հեղինակն էր ան այլեւս, որ ստանպուլահայ մամուլի էջերը կը նախշէր տոհմիկ, ոստանիկ գրականութեան թարմ էջերով՝ հուսկ աւելցնելով նոր դասական պատմուածաշար մը սփիւռքահայ գաւառական կամ կարօտի գրականութեան գրակոյտին վրայ՝ «Մեր այս կողմերը»։
Իւրայատուկ էր, որովհետեւ կու գար վայրէ մը, որ մինչ այդ ունեցած չէր իր պատմողը, վկայագրողը, ինչպէս Խարբերդը, Սասունը, Արաբկիրը, Ակնը, Մուսա լեռը ունեցած էին։ Ուրեմն իրմով գրաւուեցան ո՛չ միայն Պոլսոյ գրական շրջանակները, ընթերցողները, այլ նաեւ Սփիւռքը, որ համակուեցաւ Տիգրանակերտի լռած, կորուսեալ կարծուած աշխարհին չքնաղ միջավայրը վերագտնելու, աւելի՛ն՝ զայն յայտնաբերելու խանդավառութեամբ։ «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակը թերեւս այդ խանդավառութեան նիւթականացած մէկ արտայայտութիւնն էր, որ յանձնուեցաւ իրեն 1988-ին։
Մարկոսեան թուականէ մը վերջ դժբախտաբար հեռացաւ հայալեզու գրականութենէ, «Մեր այդ կողմերը» եւ «Տիգրիսի ափերէն» ժողովածոները իբրեւ աւանդ թողլով զինք սիրողներուն։ 1990-ականներու սկիզբին ան արդէն հրաժեշտ տուած էր հայերէնին, դառնալով օտարագիր հեղինակ մը։ Այդպէս ալ ճանչցան զինք Հայաստանի մէջ, ուր կը հրաւիրուէր մասնակցելու օտարագիր հայ գրողներու հաւաքներուն։ «Մեր այդ կողմերը»ով հայ միջավայրէն ներս ստեղծած հռչակը անհամեմատ բազմապատկուեցաւ, անշուշտ, երբ գործը «Արաս» հրատարակչատան մամուլին տակ թարգմանուեցաւ թրքերէնի, հետագային նաեւ քրտերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի։ Այնքան որ այսօր օտար շրջանակներ զինք թիւրիմացաբար կը դաւանին գաւառական գրականութեան վերջին ներկայացուցիչը հայ իրականութենէ ներս՝ շատ անգամ մոռնալով Հայաստանի մը գոյութիւնը, ուր դեռ կը շարունակուին գաւառական գրականութեան հարուստ աւանդոյթները։
Մկրտիչ Մարկոսեան հետք ձգելով անցաւ այս աշխարհէն։ Հայ Տիարպեքիրը իրմով լեզու ելաւ, եղաւ վաւեր… Ստանպուլահայ գրականութիւնը անոր անձին մէջ կը սգայ իր արժանաւոր մշակին մահը։ Մեր այդ Մարկոսեանը գիրի բերած իր այդ կողմերով անփոխարինելի ու ամուր պատուանդան մը ունի հոն, որուն առջեւ ծնրադիր, յարգանքով կը զետեղենք մեր համեստ ծաղկեփունջը, գարնան գունագունեղ ծաղիկներով…