«Ակօս»ի խմբագրատան մէջ միշտ զգալի եղաւ իր բացակայութիւնը։ Զգալի ըլլալու երեւոյթի ամենավառ ապացոյցն է առօրեայ եռուզեռի մէջ յաճախ զինք յիշելու առիթները։ Որպէս հայերէն էջերու խմբագրութիւն, խոստովանինք որ չենք յաջողած իր բացակայութիւնով գոյացած բացթողումը վերացնելու։ Այս մէկը կը զգանք յատկապէս աւանդական յիշատակման օրերուն։ Գաւառի մեր երբեմնի ապրումները, քրիստոնէական եւ նախաքրիստոնէական շրջաններէն մեր օրերուն հասած աւանդութիւննները իր անմիջական ուշադրութեան արժանի նիւթերն էին։
28 Մարտին կը լրանայ «Ակօս»ի հիմնադիրներէն, հայերէն էջերու բազմամեայ աւագ խմբագիր մեր շատ սիրելի Սարգիս Սերովբեանին մահուան Է. տարելիցը։
Կ՚ապաւինինք իր ներողամտութեան, որ անցնող եօթը տարիներու ընթացքին չենք կրցած արդարացնել մեզի վստահած կտակը։ Խունկ ու յարգանք իր յիշատակին։