21Մարտ երկուշաբթի, Ամիտայի մէջ կայացաւ գարնանամուտը խորհրդանշող Նեւորոզի եզրափակիչ հաւաքոյթը։ Նախորդ տարիներու մնան այս տարի ալ ոստիկանութիւնը անվտանգութեան միջոցառման) պատրուակով իր ձեռքէն եկածը ըրաւ հանրահաւաքի մասնակիցները զզուեցնելու համար։ Նեւրոզի դաշտ փութացող զանգուածներ կուտակուեցան ոստիկանութեան ստուգման կէտերու ետին եւ ոստիկաններ կամայական կերպով արգիլեցին ՀՏՓ-ի վերտառութիւններ, Քիւրտիստանի դրօշակը խորհրդանշող կարմիր, կանանչ, դեղին գոյներու համադրութեամբ ամէն ինչ, նոյնիսկ կանանց տօնական զգեստները։
Ոստիկանները անհանդուրժող էին նաեւ երկնակամարի գոյներուն դիմաց, որոնք խորհրդանիշը դարձած են միասեռականութեան կամ արհամարուած սեռական հակումներու։
Ոստիկաններու պատճառած արգելքներու բերմամբ հանրահաւաքը սկսաւ որոշ ուշացումով։ Տիյարպեքիրի ոստիկանապետի յայտարարութեամբ 298 քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան, իսկ 15 ոստիկաններ ալ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան։
Ամպիոնէն ելոյթ ունեցող վաստակաւոր քաղաքական գործիչ Ահմետ Թիւրք ակնարկեց Այսել Թուղլուքի առողջական վիճակին եւ պահանջեց անոր անյապաղ ազատ արձակումը։ Ան նաեւ խօսք ուղղեց քիւրտ քաղաքական գործիչներուն, ազդարարելով որ միասնութիւնը այժմու հրամայականն է։
Ընդերցուեցաւ քիւրտ քաղաքական գործիչ Լէյլա Կիւվենի եւ Տիյարպեքիրի բանտարկեալ համաքաղաքապետ տոքթոր Սելչուք Մըզրաքլըի բանտէն ուղղարկած պատգամները։
Ժողովուրդին խօսք ուղղեց նաեւ ՀՏՓ-ի համանախագահ Փերվին Պուլտան. «Այսօր խաղաղութեան օրն է, այսօր ազատութեան օրն է, այսօր Նեւրոզ է» ըսելով։ Ան ողջունեց բազմահազար ժողովուրդը եւ իր ելոյթը շարունակեց ըսելով թէ «Թուրքիոյ ամէն մի կէտին բռնկած խարոյկներու մօտ Սելլահատտին Տեմիրթաշը կանգնած է, Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը, Այսել Թուղլուքը, Սապահատ Թունճելիը կանգնած են։ Բոլորն ալ մեզ հետ են։ բոլորն ալ այս հրապարակին վրայ»։
Ան նաեւ անդրադարձաւ դաժանօրէն սպաննուած Տենիզ Փոյրազ եւ Քեմալ Քուրքութին։
«Նեւրոզ ազգային միասնութեան կամքի դրսեւորումն է։ Վայրագներու դիմադրող տուժածներու տօնն է։ 9 տարի առաջ այս հրապարակին վրայ յայտարարուած էր քրտական խնդրի լուծման եղանակները։ Անցնող ժամանակը ապացուցեց թէ այդ առաջարկները ինչպիսի անհրաժեշտութիւն մը կը ներկայացնեն։ Մենք որպէս ՀՏՓ, որպէս քիւրտ ժողովուրդ անգամ մը եւս կը յայտարարենք թէ 2013-ի Ամետի Նեւրոզին ընթերցուած այդ նամակին հաւատարիմ ենք, ինչպէս 2015-ի Տոլմապահչէի համաձայնութեան։ Մեզի դէմ տանջանքներ գործադրեցին, բայց տեսան որ չեն յաջողած։ Այս զանգուածը տեսնելով կը կրկնենք՝ պիտի չյաջողիք։ Այս հրապարակը եւ այս զանգուածը կ՚ապացուցեն թէ Սելահատտիններու, Ֆիկեններու, Կիւլթեններու, Սապահատտիններու եւ բանտարկուած բոլոր ընկերներու կողքին ենք։ կ՚ապացուցէ թէ կը մերժենք մեծայարգ Էօճալանի դէմ գործադրուած մեկուսացումը։ Մենք իբրեւ քիւրտ ժողովուրդ, իբրեւ Թուրքիոյ ժողովուրդներ, իբրեւ ՀՏՓ անգամ մը եւս կը յայտարարենք թէ խաղաղութիւնը ահրաժեշտութիւն է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհի համար։ Եթէ այս երկիրը խաղաղութեան պիտի հասնի, եթէ ժողովրդավարութիւնը պիտի հաստատուի, եթէ արդար ու ազատ կեանք մը պիտի կերտուի, այդ մեր շնորհիւ պիտի ըլլայ։ Այս համոզումով կ՚ողջունեմ ձեզ- Ժին, Ժիան, Ատազի (Կին, Կեանք, Ազատութիւն)»։