Արցախի հաղորդակցութեան կեդրոնի տեղեկացումով կ՚իմանանք թէ Ատրպէյճանի միջամտութեամբ կրկին դադրած է դէպի Արցախ կազի մատակարարումը։
Աղբիւրը այս մասին կը նշէ հետեւեալ լրատուութեամբ։ «Բաւականին տեղեկութիւն ունինք պնդելու համար թէ 8 Մարտին պայթած կազամուղի նորոգման աշխատանքներու ընթացքին Ատրպէյճան ծորակ մը զետեղած էր եւ կազի հոսանքը ընդհատած ժամեր առաջ։
Ատրպէյճանի տեղի տուած այս ժխտական զարգացումները արցախահայութեան համար մարդկային ու կենցաղային խնդիրներ կ՚առաջացնեն։ Նման գործելակերպը յանցագործութիւն է։ Կացութիւնը իսկոյն տեղեկացուած է Արցախի մէջ խարսխած ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան։ Կազի մատակարարումը վերահաստատելու համար աշխատութիւնները կը շարունակուին»։
Արցախահայութիւը մօտ անցեալին ինը օր շարունակ զրկուած էր կազի մատակարարումէն։ Արցախ եկող կազամուղը Ատրպէյճանի հսկողոթեան տակ է, արդարեւ Հայաստանի իշխանութիւնները կազի ընդհատումներու համար Պաքուի վարչութիւնը պատասխանատու կը համարեն։