ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կարեւորը արցախահայութեան ապագան է

Համա­րեա նոյն օրե­րուն զու­գա­դիպե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի Ան­թա­լիոյ դի­ւանա­գիտա­կան խորհրդա­ժողո­վի մաս­նակցու­թիւնը եւ Ատրպէյ­ճա­նին Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի աւար­տէն ետք վերջնա­կան հա­մաձայ­նութեան մը հա­մար ներ­կա­յացու­ցած հինգ յօ­դուա­ծանի առա­ջար­կը։

Քննար­կե­լով հինգ յօ­դուած­նե­րը կա­րելի է հա­մոզո­ւիլ թէ Ատրպէյ­ճա­նի առա­ջարկնե­րը ըն­դունե­լի սահ­մաննե­րու մէջ են։ Ար­դէն նման հաս­տա­տում մըն ալ կա­տարեց Արա­րատ Միր­զո­յեան, նշե­լով որ «մեծ հա­շուով, մեզ հա­մար անըն­դունե­լի ոչինչ չկայ»։

Այս պա­հուն կող­մե­րու մի­ջեւ կա­րեւո­րագոյն խո­չըն­դո­տը կը կազ­մէ ար­ցա­խահա­յու­թեան ին­քո­րոշ­ման իրա­ւունքի ճա­նաչու­մը։ Պարզ է որ Ատրպէյ­ճան իր երկրի հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թիւնը շեշ­տե­լու մա­սին որե­ւէ ակ­նարկու­թիւն չու­նի Ար­ցա­խի ինքնա­վարու­թեան։ Ու­րեմն, երբ նկա­տի կ՚ու­նե­նանք որ 30 տա­րիէ աւե­լի եր­կար պատ­մութիւն մը ու­նե­ցող խնդրին կի­զակէտն է այդ նիւթը, ու­րեմն Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է փո­խադար­ձել ար­ցա­խահա­յու­թեան ապա­գան երաշ­խա­ւորող պայ­մաններ առա­ջադ­րե­լով։

Վե­րահաս­տա­տենք այն հա­մոզու­մը թէ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ յստակ չա­փանիշ­ներ գո­յու­թիւն չ՚ու­նին։ Չա­փանիշ­նե­րը կը ճշդուին ու­ժի կի­րարկման հի­ման վրայ։

Կիպ­րո­սի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի ան­ջա­տու­մը եւ ան­կա­խացու­մը եր­բե­ւիցէ տար­բեր չէ Ար­ցա­խի «տե­ֆաք­թօ» հան­րա­պետու­թե­նէն։ անցնող այս 30 տա­րինե­րու ըն­թացքին ապ­րե­ցանք նման բազ­մա­թիւ փոր­ձութիւններ։ Ապ­ղա­զիա եւ Հա­րաւա­յին Օսէ­թիա, աւե­լի ուշ ալ Ուքրաինոյ Տոմ­պա­սի շրջա­նի Տո­նեցկ եւ Լու­գանցկ նա­հանգնե­րը միակող­մա­նի որո­շու­մով ան­կա­խու­թիւն հռչա­կեցին եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը իս­կոյն ճանչցաւ այդ ան­կա­խու­թիւնը։

Նման երե­ւոյթներ նա­խապէս ապ­րուած էին նաեւ տա­րան­ջա­տուած Եու­կոսլա­վիոյ օրի­նակով։ Հոն ալ դաշ­նակցու­թիւն մը գո­յացու­ցած տար­բեր ազ­գութիւններ Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջա­տու­մին զու­գա­հեռ մի առ մի յայ­տա­րարած էին իրենց ան­կա­խու­թիւնը եւ ան­դա­մակ­ցած ՄԱԿ-ին։

ՄԱԿ եւ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւնը իրա­րու հա­կասող մեր­ձե­ցումներ ցու­ցա­բերեց ան­կա­խաց­ման բո­լոր այս եղա­նակ­նե­րուն դի­մաց։

Այս պա­հուն, երբ հա­ւանա­կան չի թո­ւիր Ար­ցա­խի իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թիւն ՄԱԿ-ի կող­մէ ճա­նաչու­մը, պար­տինք վեր­յի­շել տա­րակար­ծութեան դեռ նոր ար­ծարծո­ւած օրե­րուն Իլ­համ Ալիեւի հօր՝ Հայ­տար Ալիեւի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն, որ կը խոս­տա­նար ամե­նալայն հաս­կա­ցողու­թեամբ ինքնա­վարու­թիւն շնոր­հել Ար­ցա­խին։

Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող կա­րեւո­րագոյն վտանգն է մատ­նո­ւիլ պար­տութեան հո­գեբա­նու­թեան։ Ճիշդ է որ 44-օրեայ պա­տերազ­մը աւար­տե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պար­տութեամբ։ Նշենք որ կող­մե­րը այդ 44 օրե­րու ըն­թացքին ու­նե­ցան հա­մարեա իրա­րու հա­ւասար մարդկա­յին կո­րուստ։ Պա­տերազ­մը աւար­տե­ցաւ Շու­շիի ան­կումով, ինչ որ խորհրդան­շա­կան իմաստ ու­նէր եր­կու կող­մե­րու հա­մար ալ։ Փու­թին հա­զիւ այդ պա­հուն է, որ մի­ջամ­տեց եւ պար­տադրեց զի­նադա­դարը։

Ահա­գին բան կա­րելի է խօ­սիլ պա­տերազ­մի ըն­թացքին կա­տարո­ւած թե­րացումնե­րու մա­սին։ Թե­րացումնե­րու, նոյ­նիկ դա­ւադ­րութեան հաս­նող դիր­քալքման երե­ւոյթնե­րու մա­սին։ Բայց այս պա­հուն կա­րեւո­րագոյն մար­տահրա­ւէրը հաշ­տութիւն կնքե­լու նա­խօրեակին ար­ցա­խահա­յու­թեան ապա­գան երաշ­խա­ւորող բա­նակ­ցութիւններն են։

pakrates@yahoo.com