ՍԱԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ
Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու աւանդոյթը սկսած է 1915 թուականի 50-րդ տարելիցին, այսինքն՝ 1965 թուականին։ Մենք, սակայն, Թուրքիոյ պետութեան զեկոյցներէն կը տեղեկանանք, որ այդ աւանդոյթը շատ աւելի հին է։
Հայերը առաջին իսկ օրէն երբեք չեն մոռացած 20-րդ դարի առաջին ամենամեծ ցեղասպանութիւնը եւ անոր զոհ դարձած իրենց եղբայրները։ Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած առաջին յուշարձանը կառուցուած էր աշխարհամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք, 1919 թուականին, Իսթանպուլի մէջ (թէեւ այդ յուշարձանէն հետք անգամ չէ մնացած)։ Միեւնոյն ժամանակ ձգտած են ամէն պատեհ առիթով պատմել հայ ժողովրդի գլխուն եկածներու մասին, սակայն տուեալ դարաշրջանի ռէալ փոլիթիկը թոյլ չէ տուած, որ այդ ճիչերը լսելի դառնան։
Ինչպէս որ հայերը չէին մոռանար ցեղասպանութեան մասին, նոյն յամառութեամբ ալ անոնց զուգահեռաբար հետեւող մի ուժ կար՝ Թուրքիոյ պետութիւ՜նը։ Պետութիւնը, որ երբեք չմոռցաւ ցեղասպանութենէն պատահաբար ողջ մնացածները եւ անոնց զաւակները։ Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ պետութիւնը ամենուր եւ ամէն պահ հետեւած է հայերուն, մինչեւ իսկ նախկին ներքին գործերու նախարարի մը խօսքով՝ «նոյնիսկ անընդհատ ունկնդրեցինք հայերու սրտի զարկերը»։ Նմանապէս չափազանցած չենք ըլլար, եթէ նշենք, որ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան արխիւը լեցուն է անոր մասին դեսպաններու եւ հիւպատոսներու ներկայացուցած փաստաթուղթերով։
Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու աւանդոյթը սկսած է 1915 թուականի 50-րդ տարելիցին, այսինքն՝ 1965 թուականին։ Մենք, սակայն, Թուրքական պետութեան զեկոյցներէն կը տեղեկանանք, որ այդ աւանդոյթը շատ աւելի հին է։
Հայերը ինչպէս որ ի սկզբանէ սկսած են ցեղասպանութեան զոհ գացած իրենց եղբայրներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կառուցել, նմանապէս դեռ հնուց զոհերու յիշատակի օր որոշած են եւ աւանդոյթ դարձցուցած զոհերուն ոգեկոչելը։ 1939 թ. Ապրիլի 14-ին Պէյրութի դեսպանութեան՝ «անձամբ» գրութամբ զեկոյցէն կը տեղեկանանք, որ հայերը ցանկացած են Իսթանպուլի մէջ եղած յուշարձանի նման յուշարձան մը կառուցել այնտեղ.
«Արդէն իսկ աւանդոյթի վերածուած էր Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մահացած հայերու համար ամէն տարի Ապրիլի 24-ին Լիբանանի մէջ հայերու կողմէ կրօնական արարողութիւն կատարելը եւ այդ թեմայով ելոյթներ ու ցոյցեր կազմակերպելով՝ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած խօսքեր արտայայտելը։ Իմ ձեռք բերած տեղեկութիւններու համաձայն՝ այս տարի այդ ամենուն աւելացած են Անթիլիաս անուամբ մի լիբանանեան գիւղի, Սուրիոյ, Տէր Զօրի եւ Ճեզիրէի մէջ մահացած հայերուն պատկանող ոսկորները թաղելու արարողութիւնը եւ այդ գերեզմաններու վրայ յուշարձանի մը կառուցումը, ինչպէս նաեւ՝ զանազան շրջաններէն եկող հայերու մասնակցութեամբ մեծ միջոցառումներու անցկացումը, որոնց ընթացքին կը հնչեն Թուրքիոյ դէմ ուղղուած թշնամական ելոյթներ։ Այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքները կը ղեկավարուին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի օգնական Սարաճեանի (նկատի ունի 1939 թ. վախճանուած Անթիլիասի Սահակ Բ. Կաթողիկոսին փոխարինած ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս Սարաճեանին-Ակունքի խմբ.) հսկողութեան տակ գտնուող հայկական քոմիթէի մը կողմէ»։
Հարկ չկայ նշելու, որ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը անմիջապէս անվտանգութեան կը դիմէր՝ այդ յիշատակի արարողութիւններուն եւ յուշարձանի կառուցմանը արգելք ըլլալու համար։ Որպէս ռեֆլեքս՝ ան շունչը կ՚առնէր Գերագոյն Կոմիսարութիւնի մէջ՝ դրութեան մասին այն ժամանակուայ մանդատային իշխանութեանը հաղորդելով։
Տամասկոսի հիւպատոսութիւնը եւս 1939 թ. Մայիսի 4-ին յղուած իր գրութեան մէջ կը հաղորդէր, որ յիշատակի արարողութիւնը իրականացուած է Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարի նախագահութեան ներքոյ, եւ որ Մայիսի 6-ին զոհերու յիշատակը յարգելու համար նախկին տարիներու համեմատ աւելի աքթիֆ պատրաստութիւն կը տեսնէին։ Սոյն զեկոյցով նաեւ կը հասկցուի, որ հիւպատոս Հուման Մենեմենճիօղլուն ակնդէտ կը հետեւէր իրավիճակին։
«Քանի մը օր առաջ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Անատոլիայի մէջ կատարուած հայկական փոխադարձ կոտորածի տարելիցի արարողութիւնը իրականացուցին Պէյրութի մէջ, ինչպէս նախապէս ալ յայտնած էի, Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարի ղեկավարութեան ներքեւ։ Հիմա ալ թէ՛ Լիբանանի մէջ, թէ՛ Սուրիոյ մէջ նախկին տարիներու համեմատ աւելի աքթիֆ կերպով կը նախապատրաստուին «Մայիսի 6-ի զոհերու» տարելիցի արարողութեան համար։
Սուրիոյ վարչապետ Նասուհ պէյ Ալ-Պուհարին երեկ երեկոյեան կողմ եկաւ հիւպատոսարան եւ ժամ մը մնաց այստեղ։ Արտգործ նախարար Հալիդ պէյ Ալ-Ազիմն ալ քանի որ կ՚ուղեկցէր անոր, մեր խօսակցութիւնը ընդհանուր թեմաներու շուրջ եղաւ, եւ երկուստէք խուսափեցանք քաղաքական շփումէն։
Խորին յարգանքներով»։
Պէյրութի գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ յղուած առաջին գրութիւնը յաւելեալ ուղարկուած զեկոյցին, որը կը թուագրուի 1939 թ. Մայիսի 10-ի ամսաթուով, կը հաղորդուի, որ թէեւ յիշատակի արարողութիւնը իրականացուած է, սակայն յուշարձանի կառուցումը՝ ոչ։
«Իրականացուած հետաքննութեան համաձայն՝ Ապրիլի 24-ին Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան շրջաններէն եկած հայերու մասնակցութեամբ Անթիլիասի մէջ տեղադրուելիք յուշակոթողի կառուցումը չեղարկուած է, եւ անոր կապակցութիւնով նախատեսուող ելոյթները ու ցոյցերը եւս տեղի չեն ունեցած։
Հայկական Դաշնակցութեան քոմիթէն հայերուն ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ յայտնած է, որ յուշարձանի տեղադրումը եւ անոր կապակցութիւնով ցոյցերը տեղափոխուած են մէկ այլ ժամանակուայ։
Ապրիլի 24-ին բաւարարուած են Լիբանանի զանազան հայկական եկեղեցիներուն Համաշխարհային պատերազմի զոհերու համար կրօնական արարողութիւններ անցկացնելով։ Թէեւ 1-2 տեղական հայկական թերթերուն մէջ հաղորդուած էր, թէ այդ արարողութիւններէն մէկուն մասնակցած եւ մինչեւ իսկ ելոյթով հանդէս եկած է Լիբանանի Ներքին Գործերու Նախարար Հապիփ Աբի Շահլան, սակայն մեր կողմէ կատարուած հետաքննութնւնը ցոյց տուած է, որ Լիբանանի կառավարութենէն ոչ մի պաշտօնական ներկայացուցիչ ներկայ չէ գտնուած վերոյիշեալ կրօնական արարողութեան։
Այդ գործի մէջ Գերագոյն Կոմիսարութեան կողմէ մեր ազդեցութեան արդիւնքին ձեռնարկուած կանխարգելիչ միջոցներու շնորհիւ դաշնակցականները վիրաւորուած են ֆրանսացիներէն՝ եւ կրօնական արարողությենէ ետք վերոնշեալ կոմիսարութեան ղեկավարներէն կոմս դը Լյոսը կաթողիկոսի ընդհանուր փոխանորդ Սարաճեանին անձամբ այցելելով՝ աշխատած է ձեռնարկուած միջոցները քաղաքականապէս հիմնաւորած եւ իր բարեկամութեան մասին հաւաստիացումներ տալով՝ ձգտած է սիրաշահիլ անոր։
Խորին յարգանքներով»։
Պէյրութի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, ի տարբերութիւն Տամասկոսի հիւպատոսութեան, կը յայտնէ, որ արարողութեանը ոչ մի պաշտօնեայ չէ մասնակցած, եւ որ այդ եղած է իր ազդեցութեան շնորհիւ։ Ան եւս կը յաւելէ, որ դարձեալ պաշտօնեայ մը այցելած է Սարաճեանին՝ վերջինիս սիրտը շահելու նպատակով։
Ինչպէս կը տեսնենք, հայերը 100 տարիէ աւել տեւած յոգնեցուցիչ գործընթաց մը շալակած՝ հասած են մեր օրեր։ Դեռ կը շարունակուին հայ ժողովրդի դիմադրութիւնը եւ Թուրքիոյ պետութեան անիմաստ յամառութիւնը։
Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան