Հրաժեշտ մօրաքին կամ վերջին Քուրթպելենցիին

Հազիւ ամիս­ներ առաջ էին, երբ ար­ձա­գան­գե­լով Իս­թանպու­լի Քա­ղաքա­պետա­րանի փափ­կանկա­տու­թեան, «Ակօս»ի էջե­րուն մէջ անդրա­դար­ձած էինք 100-ամեայ սի­րելի անձնա­ւորու­թեան մը, օրիորդ Սի­րար­փի Թօր­քա­նի։

Քա­ղաքա­պետա­րանը յա­տուկ ու­շադրու­թիւն սե­ւեռած էր 100-ամեակը բո­լորած հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րուն։ Այդ ծի­րէն ներս ալ ծաղ­կե­փունջով մը այ­ցե­լած էր օրիորդ Սի­րար­փին։ Այս զար­գա­ցուէն մեկ­նե­լով «Ակօս»ի թղթա­կից Իշ­խան Էր­տինչ ալ այ­ցե­լած էր զինք, իր բնա­կարա­նին մէջ։ Շատե­րու հա­մար օրի­րորդ Սի­րար­փին մօ­րաք էր նաեւ, քա­նի որ իր քրոջ որ­դին եւ ամու­սի­նը, մեր սի­րելի բա­րեկամ­ներ Սե­դա եւ Ար­թօ Սե­մեր­ճիեան ընդմիշտ մօ­րաք կը կո­չէին զինք։

Յու­ղարկա­ւորու­թեան ըն­թացքին Հայր Յո­վակիմ Աբղ. Սե­րով­բեան եւս շեշ­տեց մօ­րաք կո­չու­մը եւ անոր 100-ամեայ կեան­քը մեկ­նա­բանեց Մեծ Պահ­քի «Տնտե­սի Կի­րակի» առա­կէն օրի­նակ բե­րելով։ 100-ամեայ Օրիորդ Սի­րարփրիի վաս­տա­կը որա­կեց ան­թե­րի տնտե­սու­թիւն ըլ­լա­լով։

Հա­յոց յատ­կանշա­կան երե­ւոյթնե­րէն մէկն է բնօր­րա­նի հան­դէպ հա­ւատար­մութիւ­նը։ Ար­դա­րեւ մօ­րաքն ալ վա­ղուց հե­ռացած ըլ­լա­լով հան­դերձ բո­լորին ծա­նօթ էր նաեւ Կէյ­վէ գա­ւառի Քուրթպե­լեն գիւ­ղէն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով։ Այ­սօր այ­լեւս հա­մարեա բո­լորո­վին ան­հե­տացած է Քուրթպե­լենի հայ ան­ցեալի մա­սին բո­լոր ապա­ցոյցնե­րը։ Կէյ­վէ գա­ւառը 1913-ի Օս­մա­նեան մար­դա­համա­րի տո­ւեալ­նե­րով ու­նէր 18 հա­զար հայ բնակ­չութիւն։ Իսկ Քուրթպե­լեն 400 տու­նե­րով հայ­կա­կան գիւղ մըն էր։ Ու­նէր եր­կու վար­ժա­րան եւ Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցին։ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք Ար­մաշ եւ Կէյ­վէ բո­լորո­վին դա­տար­կո­ւեցաւ իր հա­րազատ բնակ­չութե­նէն, որոնց փո­խարի­նելու եկան յու­նաստա­նէն գաղ­թած մահ­մե­տական­ներ։

Քուրթպե­լեն­ցի­ներու յի­շողու­թեան մէջ միշտ վառ մնաց բնօր­րա­նի հան­դէպ պատ­կա­նելու­թիւնը։ Այսպէ­սով աշ­խարհի­չորս ծա­գերուն ալ ցրո­ւած րլլան, միշտ յի­շուե­ցան իրենց բնօր­րա­նով։ Սի­րար­փի մօ­րաքն ալ հրա­ժեշտ առաւ իբ­րեւ «վեր­ջին» Քուրթպե­լեն­ցի։ Այստեղ ստի­պուած ենք վեր­ջին բա­ռը չա­կեր­տին մէջ գրե­լու, քա­նի որ դեռ կեն­դա­նի են Քուրթպե­լենէ շատ հե­ռու տե­ղեր ծնած ըլ­լա­լով հան­դերձ լոկ ար­մատնե­րու առնչու­թեամբ իրենք հա­յեր­նի երկրի պատ­կա­նելու­թեամբ բա­ցատ­րողնե­րու գո­յու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ