13Մարտ կիրակի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեան կատարեց նախագահական երդումը ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ։ Ան այսպէսով պաշտօնապէս ստանձնած եղաւ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը։ Հայաստանի հինգերորդ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման համար Ազգային Ժողովի յատուկ նիսը տեղի ունեցաւ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Նիստը վարեց Ազգային Ժողովի լիազօրուած փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը։ Երդմնակալութենէն ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Քայլերգը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեան խօսք արտասանեց։
Արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահի լիազօրութիւնները մինչեւ այդ թուականը կատարող Ազգային Ժողովի Նախագահ Ալեն Սիմոնեան, նախարարներ, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատգամաւորները չմասնակցեցան յատուկ այդ նիստին։
Վահագն Խաչատուրեան Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ եօթը տարուայ ժամկէտով։
Վահագն Խաչատուրեանի երդմնակալութեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական հետեւեալ ուղերցձյղեց նորընտիր նախագահին.
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք ձեզ, եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը՝ իբրեւ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Համաշխարհային բազմազան ու այլազան տագնապներով յղի այս օրերուն, մեր հայրենիքը իր կարգին կը դիմագրաւէ ներքին խոր մտահոգութիւններ, եւ ենթակայ է շրջանային թէ միջազգային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութեան։ Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ծանր հետեւանքները տակաւին կը մնան անլոյծ ու Արցախի ապագան անորոշ։
Արդարեւ, ներկայ ճգնաժամային շրջանին ձեր պատասխանատուութիւնը՝ իբրեւ նախագահ, ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Մեր յոյսն է ու սպասումը միանգամայն, որ կարենաք խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները՝ մեր հայրենիքը հեռու պահելով ներքին բեւեռացումներէ, ամրապնդելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, ամուր հիմերու վրայ դնելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ միշտ հետապնդելով համազգային շահերը, ինչպէս խոստացաք կատարել այս առաւօտ ձեր երդման արարողութեան ընթացքին։
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս կը վստահեցնենք ձեզ, որ մեր սուրբ աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի պետութեան ամրացման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման, եւ մեր ազգի ու հայրենիքի գերագոյն եւ ընդհանրական շահերու հետապնդման ու իղձերու իրագործման նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։
Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի շնորհէ քաջառողջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի ձեր նախագահութեան ներքեւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ ու բարգաւաճ տարիներ։ Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի ժողովուրդը ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի»։