Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան յայտնեց թէ Ատրպէյճան կը դժկամի դէպի Արցախ կազի մատակարարման խնդիրը լուծելու համար։ Գրիգորեան յայտնեց թէ Ատրպէյճան շաբաթ մըն է, որ կ՚արգիլէ կազատար խողովակի նորոգումը, որու հետեւանքով աւելի քան 100 հազար բնակչութիւն կը զրկուին ջեռուցումէ։
«Բացի կազի մատակարարման դադրելէն որոշ հերթականութեամբ կ՚անջատուի նաեւ ելեկտրական հոսանքը։ Այսպէսով հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ տնազուրկ մնացած բնակչութեան ապաստան գտած շէնքերը կը զրկուին կենցաղային հիմնական միջոցներէ։ Այս բոլորի կողքին յատկապէս գիւղական շրջաններու խաղաղ բնակիչները յաճախ կ՚ենթարկուին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու հրաձգութեան։ Ասքերանի շրջանի Խրամորթ գիւղը, Մարտունիի Կարմիր Շուկայ եւ Հնուշինակ գիւղերը նման հրաձգութիւններու թիրախ կը դառնան։ Սոյն կրակոցներու հետեւանքով Խրամորթ գիւղի բնակիչներէն մէկը վիրաւորուած է։ Այս բոլորը հետեւանքն են Արցախի հայերը վախ ու սարսափի մատնելով տարածքաշրջանէն հեռացնելու ռազմավարութեան» ըսած է իր «Ֆէյսպուք»եան գրառումի մէջ Քրիստինէ Գրիգորեան։
Միւս կողմէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը 14 Մարտին հանդիպում մը կազմակերպած է երկրի մէջ գործող դեսպանատուներու անձնակազմին հետ։
Ժողովի ընթացքին դեսպաններուն բացատրութիւն տրուած է Արցախի մէջ կազի մատակարարման ընդհատումին տեղի տուած դժուարութիւններու մասին։ Նշուած է թէ խաղաղ բնակիչներուն դիմաց կենցաղային ճգնաժամի մը գոյանալուն արգելք ըլլալու համար անհրաժեշտ է համաշխարհային հասարակութեան յստակ հակազդեցութիւնը։
Մինչ այդ Արցախի պաշտօնական շրջանակներու համաձայն 8 Մարտէն այս կողմ շարունակուող բանակցութիւններու հետեւանքով սկսած է կազամուղի նորոգման աշխատութիւնները։