Անթալիոյ Դիւանագիտական Ժողովի ընթացքին Թուրքիոյ ԱրտԳործ Նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլու իր հայ պաշտօնակցին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք նշած էր Ատրպէյճանի վերջերս առաջարկած հաշտութեան պայմաններու հիման վրայ համաձայնիլ։ Հայաստան մէկ կողմէ լռութիւն կը պահէ ատրպէյճանի առաջարկին դէմ, իսկ միւս կողմէ կը դիմէ ԵԱՀԿ-ին, խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները ձեւաւորելու համար։
Այս մասին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարած է հետեւեալ լուսաբանութիւնը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան առաջարկներուն պատասխանելով եւ ՄԱԿ-ի պայմաններու Անհատներու եւ Քաղաքական Իրաւունքներու Միջազգային Հելսինքեան Համաձայնութեան հիման վրայ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կարգաւորման նիւթով դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակի համանախագահներուն»։
Ինչպէս պիտի յիշենք Ատրպէյճան նախորդ շաբաթ հինգ յօդուածներու մէջ ձեւաւորած էր խաղաղութեան դաշինքի պայմանները։